Երկրորդ Օրինաց
29
Տէրոջը ուխտը Իսրայէլին հետ
1Ասոնք են այն ուխտին խօսքերը, զորոնք Տէրը Մովսէսի հրամայեց Իսրայէլի որդիներուն հետ ընելու Մովաբի երկրին մէջ, անոնց հետ Քորեբի վրայ ըրած ուխտէն զատ։ 2Ուստի Մովսէս բոլոր Իսրայէլը կանչելով՝ անոնց ըսաւ, Դուք տեսաք այն ամէնը՝ զոր Տէրը ձեր աչքերուն առջև Եգիպտոսի երկրին մէջ ըրաւ Փարաւոնի, և անոր բոլոր ծառաներուն, ու անոր բոլոր երկրին. 3Այսինքն այն մեծ փորձութիւնները, նշանները ու մեծ հրաշքները, զորոնք դուն քու աչքերովդ տեսար. 4Եւ Տէրը մինչև այսօր չտուաւ ձեզի այնպիսի սիրտ մը որ իմանաք, և ոչ աչքեր որ տեսնէք, ոչ ալ ականջներ որ լսէք։ 5Ու ես քառասուն տարի անապատին մէջ ձեզ պտըտցուցի, ձեր վրայի լաթերը չհինցան, ու ոտքերնուդ կօշիկները չմաշեցան։ 6Հաց չկերաք ու գինի կամ օղի չխմեցիք, որպէս զի գիտնաք թէ ես ձեր Տէր Աստուածն եմ։ 7Ու երբ այս տեղ եկաք, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը և Բասանի Ովգ թագաւորը մեր առջև ելան մեզի հետ պատերազմելու, ու մենք զարկինք զանոնք. 8Եւ անոնց երկիրը առինք, ու զանիկա Ռուբենեանց, Գադեանց ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուինք։ 9Ուստի այս ուխտին խօսքերը պահէք ու կատարէք, որպէս զի ձեր ամէն գործին մէջ յաջողութիւն գտնէք։ 10Այսօր դուք ամէնքդ ձեր Տէր Աստուծոյն առջև կը կայնիք, ձեր ցեղերուն իշխանները, ձեր ծերերը, ձեր ոստիկանները ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը, 11Ձեր տղաքները, ձեր կիները, և քու բանակիդ մէջ եղող օտարականդ, քու փայտ կտրողէդ մինչև քու ջրկիրդ, 12Որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ ուխտին ու անոր երդումին մէջ մտնես, զոր այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ կ’ընէ, 13Որպէս զի քեզ այսօր իրեն ժողովուրդ հաստատէ, և ինք քեզի Աստուած ըլլայ, ինչպէս քեզի ըսաւ, ու ինչպէս քու հայրերուդ, Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի, երդում ըրաւ։ 14Ու ես այս ուխտը և այս երդումը միայն ձեզի հետ չեմ ըներ, 15Հապա այսօր մեզի հետ մեր Տէր Աստուծոյն առջև հոս կայնողներուն հետ, և այսօր մեզի հետ հոս չեղողներուն հետ ալ. 16Քանզի դուք գիտէք թէ ի՛նչպէս բնակեցանք Եգիպտոսի երկրին մէջ, և ի՛նչպէս անցանք այն ազգերուն մէջէն որ դուք անցաք: 17Ու անոնց քով եղած անոնց գարշելի բաները, և անոնց փայտէ, քարէ, արծաթէ ու ոսկիէ կուռքերը տեսաք։ 18Չըլլայ որ ձեր մէջ այր մարդ կամ կին մարդ կամ ազգատոհմ կամ ցեղ մը գտնուի, որ իր սիրտը այսօր մեր Տէր Աստուծմէն խոտորեցնելով, երթայ այն ազգ³ց աստուածներուն ծառայութիւն ընէ. չըլլայ որ ձեր մէջ թոյն ու դառնութիւն բերող արմատ մը գտնուի. 19Եւ չըլլայ որ մէկը այս անէծքին խօսքերը լսելով՝ սրտին մէջ իրեն օրհնութիւն տալով ըսէ, Թէև իմ սրտիս յամառութեանը մէջ քալեմ, ինծի խաղաղութիւն կ’ըլլայ, և այսպէս անիկա իր ծարւութեանը վրայ գինովութիւն աւելցընէ: 20Տէրը պիտի չհաճի անոր խնայել, հապա այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ու նախանձը այն մարդուն վրայ պիտի բորբոքի, և այս գիրքին մէջ գրուած ամէն անէծքը անոր վրայ պիտի իջնէ, ու Տէրը անոր անունը երկինքի տակէն բնաջինջ պիտի ընէ։ 21Եւ Տէրը այս օրինաց գիրքին մէջ գրուած ուխտին ամէն անէծքներուն համեմատ անոր վրայ չարիք հասցնելու համար՝ զանիկա Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի զատէ։ 22Եւ պիտի ըսէ յետագայ ազգը, այսինքն ձեզմէ ետքը ելլող զաւակներնիդ, ու հեռու երկրէ եկող օտարականը, երբ տեսնեն այն երկրին հարուածները ու անոր հիւանդութիւնները, որոնցմով Տէրը զանիկա պիտի նեղէ. 23Ու երբ տեսնեն թէ այն բոլոր երկիրը ծծումբ, աղ ու այրած ըլլալով, հոն բան մը չցանուիր, ու պտուղ մը չբերեր, և խոտ մը չբուսնիր՝ Սոդոմի, Գոմորի, Ադմայի ու Սեբոյիմի աւերումին պէս, զորոնք Տէրը իր բարկութիւնովը ու սրտմտութիւնովը բնաջինջ ըրաւ։ 24Նաև ամէն ազգերը պիտի ըսեն, Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին այսպէս ըրաւ, այս մեծ սրտմտութեան ու բարկութեան պատճառը ի՞նչ է։ 25Եւ անոնց պիտի ըսեն, Պատճառը այս է՝ որ անոնք մերժեցին իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ուխտը, զոր անոնց հետ ըրեր էր՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած ատեն, 26Եւ գացին ուրիշ աստուածներու ծառայեցին, ու անոնց երկրպագութիւն ըրին, այնպիսի աստուածներու՝ զորոնք իրենք բնաւ չէին ճանչցած, և զորոնք Տէրը որոշած չէր անոնց։ 27Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը այն երկրին դէմ բորբոքեցաւ, որ այս գիրքին մէջ գրուած ամէն անէծքները անոր վրայ բերէ. 28Եւ Տէրը բարկութեամբ, սրտմտութեամբ ու մեծ զայրացմամբ զանոնք իրենց երկրէն արմատաքի խլելով՝ ուրիշ երկիր մը նետեց, ինչպէս այսօր կը տեսնուի։ 29Ծածուկ բաները մեր Տէր Աստուծոյն կը վերաբերին, բայց յայտնուած բաները մեզի ու մեր որդիներուն տրուած են յաւիտեան, որպէս զի այս օրէնքին ամէն խօսքերը կատարենք։