Երկրորդ Օրինաց

21

Անյայտ մարդասպանութիւններու մասին

1Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ դաշտի վրայ ինկած ու մեռցուած մարդ մը գտնուի, ու զանիկա զարնողը չգիտցուի. 2Այն ատեն քու ծերերդ ու դատաւորներդ ելլեն, և մեռցուած մարդուն եղած տեղէն մինչև շրջակայ քաղաքները չափեն. 3Ու մեռցուածին մօտ եղող քաղաքին ծերերը արջառներէն չգործածուած ու լուծի տակ չմտած երինջ մը առնեն. 4Եւ այն քաղաքին ծերերը երինջը չհերկուած ու չցանուած ապառաժ ձոր մը իջեցնեն, ու այն ձորին մէջ երինջին վիզը կտրեն։ 5Եւ Ղեւիի որդիները, քահանաները, մօտենան, վասն զի քու Տէր Աստուածդ զանոնք ընտրեց իրեն ծառայութիւն ընելու, ու Տէրոջը անունովը օրհնելու համար. և ամէն վէճ ու ամէն վէրք անոնց խօսքովը պիտի դատուի։ 6Եւ այն մեռցուածին մօտ եղող քաղաքին բոլոր ծերերը ձորին մէջ վիզը կտրած երինջին վրայ ձեռքերնին լուան. 7Եւ պատասխան տալով ըսեն, Մեր ձեռքերը չթափեցին այս արիւնը, ու մեր աչքերը չտեսան. 8Ով Տէր, քաւէ քու ժողովուրդդ զոր դուն փրկեցիր, ու անմեղ արիւնը քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ մի սեպեր. այսպէս այն արեանը համար քաւութիւն պիտի ըլլայ անոնց. 9Իսկ դուն Տէրոջը առջև ուղիղ եղածը ընելով` անմեղ արիւնը քեզմէ վերցնես։

Պատերազմական գերի կիներու մասին

10Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմի ելլես, և քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ, ու անոնցմէ գերիներ առնես, 11Եւ գերիներուն մէջէն գեղեցիկ տեսքով մը տեսնես, ու զանիկա սիրելով քեզի կին առնելու ըլլաս, 12Զանիկա քու տունդ տանիս, և անիկա իր գլուխը ածիլէ ու իր ըղունգները կտրէ. 13Եւ իր վրայէն գերութեան լաթերը հանէ ու քու տունդ նստի, և ամբողջ ամիս մը իր հօրը ու մօրը համար լայ. ու անկէ ետև անոր մօտենաս, և դուն անոր այրը ըլլաս, ան ալ քու կինդ ըլլայ։ 14Եթէ անկէ գոհ չըլլաս, զանիկա ազատ պիտի արձակես. բայց ստակով բնաւ չծախես, ոչ ալ ծառայեցնես, որովհետև լլկեցիր զանիկա։

Անդրանիկին ժառանգութեան մասին

15Եթէ մարդ մը երկու կին ունենայ, ու մէկը սիրելի և միւսը ատելի ըլլայ. ու սիրելին ալ և ատելին ալ անոր զաւակներ ծնանին, և եթէ անդրանիկ զաւակը ատելի կնոջմէն ծնած է, 16Իր ստացուածքը որդիներուն բաժնելու օրը կարող չըլլայ սիրելիին զաւակը անդրանկացնելու, ու ատելիէն ծնած անդրանիկը երեսէ ձգելու. 17Հապա ատելիին զաւակը անդրանիկ ճանչնալով` բոլոր իր ձեռքը գըտնուածէն երկու բաժին տայ անոր. վասն զի իր զօրութեան սկիզբը անիկա է. անդրանկութեան իրաւունքը անոր կը վերաբերի։

Անհնազանդ զաւկին մասին

18Եթէ մարդ մը ստամբակ ու անհնազանդ տղայ մը ունենայ, որ իր հօրը ու իր մօրը խօսքը բնաւ մտիկ չըներ, ու երբ զանիկա խրատեն անոնց չհնազանդիր. 19Այն ատեն անոր հայրը ու մայրը զանիկա բռնելով, քաղաքին ծերերուն ու անոր բնակած տեղին դուռը հանեն. 20Եւ քաղաքին ծերերուն ըսեն, Այս մեր տղան ստամբակ ու անհնազանդ է, մեր խօսքը մտիկ չըներ, որկրամոլ ու գինեմոլ է. 21Այն ատեն անոր քաղաքին բոլոր մարդիկը քարերով քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի. ու չարութիւնը ձեր մէջէն վերցնես. և բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնան։

Զանազան օրէնքներ

22Ու երբ մարդ մը մահու արժանի մը գործէ, և զանիկա մեռցնելու համար ծառէ մը կախես, 23Անոր մարմինը ծառին վրայ գիշերը չմնայ, հապա նոյն օրը անպատճառ թաղես զանիկա. վասն զի կախուածը Աստուծոյ անիծածն է. ու չպղծես այն երկիրը զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ ժառանգելու համար։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)