Երկրորդ Օրինաց
17
1Արատ մը կամ ինչևիցէ պակասութիւն մը ունեցող արջառը կամ ոչխարը քու Տէր Աստուծոյդ զոհ չմատուցանես. վասն զի այս բանը քու Տէր Աստուծոյդ առջև պիղծ է։ 2Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն մէջ ձեզմէ այնպիսի մարդ մը կամ կին մը գտնուի, որ քու Տէր Աստուծոյդ առջև չարութիւն ընելով ու անոր ուխտը չպահելով, 3Իմ հրամանիս դէմ՝ երթայ ուրիշ աստուածներու, արեգակին կամ լուսնին և կամ երկինքի որևիցէ զարդերուն ծառայութիւն ու երկըրպագութիւն ընէ. 4Եւ այս բանը քեզի պատմուի, ու դուն լսելէդ ետքը աղէկ մը քննութիւն ընես, և ահա բանը ճշմարիտ ու ստոյգ է, որ Իսրալէլի մէջ այնպիսի պղծութիւն մը եղած է, 5Այն ատեն այս չարութիւնը ընող մարդը կամ կինը դռներդ հանես, և այն մարդը կամ կինը քարերով քարկոծես, ու մեռնի։ 6Եւ այն մահապարտը երկու կամ երեք վկայի բերնովը մեռնի. մէկ վկայի բերնովը չմեռնի։ 7Զանիկա մեռցնելու համար, առաջ վկաներուն ձեռքը անոր վրայ պիտի ըլլայ, ու անկէ ետքը բոլոր ժողովուրդին ձեռքը. այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցնես։ 8Երբ զանազան տեսակ արիւնհեղութիւններու, դատերու կամ վէրքերու վրայով քու քաղաքներուդ մէջ եղած վէճերուն վճռահատութիւնը խիստ դժուար երեւնայ քեզի, այն ատեն ելլես եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը երթաս, 9Ու Ղեւտացի քահանաներուն և այն ժամանակի դատաւորներուն մօտենալով խորհուրդ հարցնես. ու անոնք դատարանին վճիռը քեզի պիտի ըսեն։ 10Եւ պիտի ընես այն վճռին համեմատ զոր Տէրոջը ընտրած տեղը քեզի կ’ըսեն, ու ինչ որ քեզի սորվեցնեն` զգուշութեամբ ի գործ դնես. 11Անոնց քեզի սորվեցուցած օրէնքը ու քեզի զրուցած դատաստանը պիտի կատարես. անոնց քեզի յայտնած խօսքէն չխոտորիս ոչ աջ դին և ոչ ձախ դին։ 12Բայց եթէ մարդ մը յանդգնութիւն ընելով, քու Տէր Աստուածդ հոն պաշտելու կեցող քահանային կամ դատաւորին խօսքը մտիկ չընէ, այն մարդը պիտի մեռնի, ու չարութիւնը Իսրայէլէ վերցնես։ 13Եւ բոլոր ժողովուրդը լսելով վախնայ, ու մէյմըն ալ յանդգնութիւն չընէ։
Թագաւորի յատուկ հրահանգ
14Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես, ու անոր տիրելով հոն բնակիս, ու ըսես, Իմ բոլորտիքս եղող ամէն ազգերուն պէս ես ալ իմ վրաս թագաւոր մը դնեմ. 15Անպատճառ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած մարդը վրադ թագաւոր դնես. քու եղբայրներէդ մէկը վրադ թագաւոր դնես. քու եղբայրդ չեղող օտարականը դնելու կարող չըլլաս։ 16Սակայն չըլլայ որ անիկա իրեն համար ձիեր շատցնէ, ոչ ալ շատ ձիեր ժողվելու համար ժողովուրդը Եգիպտոս դարձնէ. որովհետև Տէրը ձեզի ըսավ որ Մէյմըն ալ այն ճամբան չդառնաք։ 17Նաև անիկա իրեն կիներ չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի. ու իրեն համար խիստ շատ արծաթ ու ոսկի չժողվէ։ 18Եւ իր թագաւորութեան աթոռին վրայ նստածին պէս, այս օրինաց գիրքին օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն` իրեն համար գիրքի մը մէջ գրէ։ 19Եւ անիկա իր քով մնայ, ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի, և այս օրէնքին բոլոր խօսքերը ու այս կանոնները զգուշութեամբ ի գործ դնէ։ 20Որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ, ու այս պատուիրանքներէն աջ դին կամ ձախ դին չխոտորի. որպէս զի իր թագաւորութեանը վրայ երկար կեանք մը վայելէ Իսրայէլի մէջ թէ՛ ինք և թէ՛ իր որդիները։