Դանիէլ մարգարեյի գիրք

11

1Ու Մարաց Դարեհ թագաւորին առաջին տարին ես կայնեցայ որպէս զի զանիկա ուժովցնեմ ու զօրացնեմ։ 2Եւ հիմա քեզի ճշմարտութիւն պիտի պատմեմ. Ահա Պարսից երկրին մէջ երեք թագաւոր ալ պիտի ելլէ, ու չորրորդը մեծ հարստութիւնով՝ ամէնէն հարուստ պիտի ըլլայ, ու երբ իր հարստութիւնովը ուժովնայ, ամէնը ոտք պիտի հանէ Յունաց թագաւորութեան դէմ։

Եգիպտական ու սուրիական թագաւորութիւնները

3Ետքը զօրաւոր թագաւոր մը պիտի ելլէ, ու մեծ իշխանութիւնով պիտի տիրէ, և իր կամքին պէս պիտի ընէ. 4Ու ելլելուն պէս անոր թագաւորութիւնը պիտի կոտրի, ու երկինքի չորս հովերուն պիտի բաժնուի. բայց ոչ իր յաջորդներուն, ոչ ալ իր վարած իշխանութեանը պէս. վասն զի անոր թագաւորութիւնը պիտի քակուի, ու անոնցմէ ուրիշներուն պիտի ըլլայ։ 5Եւ հարաւի թագաւորը պիտի ուժովնայ, ու անոր իշխաններէն մէկը անոր վրայ պիտի ուժովնայ ու պիտի տիրէ. անոր իշխանութիւնը մեծ իշխանութիւն պիտի ըլլայ։ 6Եւ մէկ քանի տարիէն ետքը իրարու հետ դաշնակցութիւն պիտի ընեն, վասն զի հարաւի թագաւորին աղջիկը հիւսիսի թագաւորին պիտի երթայ հաշտութիւն ընելու համար, բայց բազուկի ոյժ պիտի չունենայ, և այն թագաւորը ու անոր բազուկը պիտի չկարենայ դիմանալ, հապա այն աղջիկը ու զանիկա բերողները ու զանիկա ծնանողը և զանիկա ժամանակներուն համեմատ ուժովցնողը ձեռք պիտի տրուին։ 7Բայց անոր արմատներուն ընձիւղներէն մէկը պիտի ելլէ անոր տեղ, ու անիկա զօրքով պիտի գայ, և հիւսիսի թագաւորին ամրոցները պիտի մտնէ, ու անոնց մէջ բան պիտի տեսնէ ու յաղթող պիտի ըլլայ. 8Եւ անոնց աստուածներն ալ ձուլածոյ կուռքերուն ու ոսկեղէն ու արծաթեղէն ընտիր ամաններուն հետ գերութեան պիտի տանի. ու անիկա հիւսիսի թագաւորէն աւելի շատ տարիներ պիտի կայնի. 9Ու հարաւի թագաւորին թագաւորութեանը մէջ պիտի մտնէ, ու նորէն իր երկիրը պիտի դառնայ։ 10Եւ անոր որդիները պատերազմի պիտի ելլեն, ու շատ զօրքերու բազմութիւն պիտի ժողուեն. ինք ալ անպատճառ պիտի գայ ու հեղեղի պէս պիտի անցնի, և դարձեալ մինչև անոր ամրոցը պիտի պատերազմի։ 11Իսկ հարաւի թագաւորը պիտի կատղի ու պիտի ելլէ, և անոր հետ, այսինքն հիւսիսի թագաւորին հետ, պիտի ընէ. ան ալ շատ բազմութիւն ոտք պիտի հանէ, բայց բազմութիւնը անոր ձեռքը պիտի տրուի։ 12Ու երբ այն բազմութիւնը առնէ, իր սիրտը պիտի բարձրանայ, ու բիւրաւորներ պիտի կործանէ, բայց պիտի չուժովնայ. 13Քանզի հիւսիսի թագաւորը պիտի դառնայ, ու առաջուանէն աւելի բազմութիւն ոտք պիտի հանէ, ու մէկ քանի տարիէն ետքը մեծ զօրքով ու մեծ պատրաստութեամբ անշուշտ պիտի գայ։ 14Եւ այն ժամանակները հարաւի թագաւորին վրայ շատերը պիտի ելլեն. ու քու ժողովուրդիդ բռնաւորներուն որդիները ոտք պիտի ելլեն՝ տեսիլքը կատարելու համար, բայց պիտի գլորին։ 15Եւ հիւսիսի թագաւորը պիտի գայ, ու հողաբլուրներ պիտի կանգնէ, ու պարսպաւոր քաղաքներ պիտի առնէ. և հարաւի թագաւորին բազուկները ու անոր ընտրեալները պիտի չդիմանան, ոչ ալ դիմանալու ոյժ պիտի ունենան։ 16Եւ անոր վրայ եկողը իր ուզածին պէս պիտի ընէ, ու անոր երեսին դէմ դնող պիտի չըլլայ, և փառաւոր երկրին մէջ պիտի կենայ, որ անոր ձեռքով պիտի աւրի։ 17Ու երեսը պիտի շիտկէ իր բոլոր թագաւորութեանը ուժովը գալու, և իրեն հետ ուղիղներ պիտի ըլլան, ու բան պիտի տեսնէ. և կանանց աղջիկը անոր պիտի տայ, որպէս զի անոր թագաւորութիւնը աւրէ, բայց անիկա անոր հետ պիտի չկայնի ու անոր պիտի չըլլայ։ 18Ետքը իր երեսը դէպ ի կղզիները պիտի դարձնէ, ու շատերը պիտի առնէ. և մը անոր նախատինքը պիտի դադրեցնէ, ու ասկէ զատ անոր նախատինքը վրան պիտի դարձնէ։ 19Եւ իր երեսը դէպ ի իր երկրին ամրոցները պիտի դարձնէ, բայց պիտի գլորի, պիտի իյնայ ու պիտի չգտնուի։ 20Եւ անոր տեղ մէկը պիտի ելլէ, որ հարկապահանջը պիտի ղրկէ իր թագաւորութեանը փառքին համար. բայց անիկա քիչ օրերու մէջ պիտի կոտրի, սակայն ոչ բարկութեամբ և ոչ պատերազմով։

Սուրիոյ չար թագաւորը

21Ու անոր տեղ անարգ մը պիտի ելլէ, որու թագաւորական պատիւ պիտի չտան. բայց անիկա հանդարտութեամբ պիտի գայ, ու շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը պիտի առնէ։ 22Եւ անոր առջևէն հեղեղին բազուկներովը պիտի ընկղմին ու պիտի կոտրին, նաև ուխտին իշխանը։ 23Քանզի անոր հետ դաշնակցութիւն ընելէն ետքը անիկա նենգութիւն պիտի ընէ, և պիտի ելլէ ու պզտիկ ազգով յաղթէ։ 24Անզգա հանդարտութեամբ խիստ պարարտ գաւառին մէջ պիտի մտնէ, ու իր հայրերուն ու հարցը հայրերուն չրածը ինք պիտի ընէ. անոնց մէջ աւար և կողոպուտ ու ստացուածք պիտի բաշխէ, ու մինչև ժամանակ մը պարիսպներուն դէմ իր խորհուրդները պիտի խորհի։ 25Ու մեծ զօրքով իր զօրութիւնը ու սիրտը պիտի գրգռէ հարաւի թագաւորին դէմ. հարաւի թագաւորն ալ խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրքով պատերազմի պիտի ելլէ, բայց պիտի չկարենայ դիմանալ. վասն զի անոր դէմ խորհուրդներ պիտի խորհին։ 26Անոր ազնիւ կերակուրները ուտողները անգամ զանիկա պիտի կոտրեն. և անոր զօրքը պիտի ցրուի, ու շատերը սպաննուած պիտի իյնան։ 27Եւ այս թագաւորներուն երկուքին ալ սիրտը չարութիւն ընելու հակամիտեալ պիտի ըլլայ, ու մէկ սեղանի վրայ սուտ պիտի խօսին, բայց պիտի չյաջողի. վասն զի վախճանը որոշուած ժամանակի մէջ պիտի ըլլայ։ 28Ու անիկա շատ հարստութիւնով իր երկիրը պիտի դառնայ, և իր սիրտը սուրբ ուխտին դէմ պիտի ըլլայ, ու բան պիտի տեսնէ, ու իր երկիրը պիտի դառնայ։ 29Որոշուած ժամանակի մէջ պիտի դառնայ, ու հարաւի վրայ պիտի երթայ. բայց վերջինը առաջինին պէս պիտի չըլլայ։ 30Քանզի Կիտացւոց նաւերը անոր վրայ պիտի երթան, և անիկա պիտի թուլնայ, ու դառնալով սուրբ ուխտին դէմ պիտի բարկանայ, ու բան պիտի տեսնէ, և պիտի դառնայ, ու սուրբ ուխտը թողողներուն ուշադրութիւն պիտի ընէ։ 31Ու անոր կողմէն բազուկներ պիտի կայնին, և սրբարանը ու ամրոցը պիտի պղծեն, ու մշտնջենաւոր զոհը պիտի վերցնեն, ու աւրող պղծութիւնը պիտի դնեն։ 32Եւ ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ. բայց իրենց Աստուածը ճանչցողներուն ժողովուրդը ոյժ պիտի գտնեն, ու բան պիտի տեսնեն։ 33Եւ ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, ու ատեն մը սուրի, կրակի գերութեան և յափշտակութեան պիտի հանդիպին։ Ու երբ այս բաներուն հանդիպին՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն, 34Ու շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին։ 35Եւ խելացիներէն ոմանք այս բաներուն պիտի հանդիպին, որպէս զի մինչև վերջին ժամանակը զանոնք փորձէ, մաքրէ ու ճերմկցնէ. քանզի անիկա տակաւին որոշ ժամանակ մը պիտի տևէ։ 36Եւ այն թագաւորը իր ուզածը պիտի ընէ, ու զինքը բոլոր աստուածներէն վեր պիտի բարձրացնէ ու պիտի մեծցնէ, և աստուածներուն Աստուծոյն դէմ սոսկալի բաներ պիտի խօսի, ու յաջողութիւն պիտի գտնէ՝ մինչև որ բարկութիւնը կատարուի. քանզի նախասահմանուածը ի գործ պիտի դրուի։ 37Եւ անիկա իր հայրերուն աստուածները բանի տեղ պիտի չսեպէ, և կանանց ցանկութիւնը, ու բնաւ մը պիտի չսեպէ, վասն զի զինք ամէնուն վրայ պիտի մեծցնէ: 38Հապա բերդերուն աստուածը իր եղած տեղը պիտի պատուէ, ու իր հայրերուն չճանչցած աստուածը ոսկիով, արծաթով պատուական քարերով ու ցանկալի բաներով պիտի պատուէ։ 39Եւ այն օտար աստուծոյն հետ զօրաւոր բերդերու մէջ բան պիտի տեսնէ, ու զանիկա ճանչցողներուն փառքը պիտի շատցնէ, և շատերուն վրայ տիրել պիտի տայ անոնց, ու երկիրը իբրև վարձք պիտի բաժնէ։ 40Եւ վերջին ժամանակը հարաւի թագաւորը անոր հետ պիտի ծեծկուի, ու հիւսիսի թագաւորը կառքերով, ձիաւորներով ու շատ նաւերով մրրիկի պէս անոր դէմ պիտի երթայ, ու երկիրները պիտի մտնէ, ու կոխելով պիտի անցնի. 41Եւ փառաւոր երկիրը պիտի մտնէ, ու շատ երկիրներ տակնուվրայ պիտի ըլլան. բայց անոր ձեռքէն ասոնք պիտի ազատին. Եդովմ, Մովաբ ու Ամմոնի որդիներուն գլխաւոր քաղաքը։ 42Եւ իր ձեռքը երկիրներուն վրայ պիտի երկնցնէ, ու Եգիպտոսի երկիրը պիտի չկարենայ ազատիլ։ 43Եւ ոսկիի ու արծաթի գանձերուն ու Եգիպտոսի բոլոր պատուական բաներուն պիտի տիրէ, և Լիբէացիք ու Եթէովպացիք անոր հետևող պիտի ըլլան։ 44Բայց արևելքէն ու հիւսիսէն լուրեր պիտի գան, և զանիկա պիտի խռովեցնեն. ու մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ որպէս զի շատերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ։ 45Եւ պալատներու պէս վրանները ծովերուն մէջտեղ փառաւոր ու սուրբ լեռան վրայ պիտի կանգնէ. բայց անիկա մինչև իր վախճանը պիտի հասնի, ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)