Ամովս մարգարեյի գիրք
6
Իսրայէլի կործանումը
1Վա՜յ Սիօնի մէջ հանգիստ բնակողներուն, Ու Սամարիայի լեռանը վրայ ապահովութեամբ նստողներուն, Ազգաց գլուխին երևելիներուն, Որոնց կը դիմէ Իսրայէլի տունը: 2Քաղանէ անցէք ու տեսէք, Ու անկէ մեծ Եմաթը գացէք, Ու Փղշտացւոց Գէթը իջէք. Միթէ անոնք այս թագաւորութիւններէն աղէ՞կ են, Կամ անոնց սահմանը ձեր սահմանէն մե՞ծ է: 3Վա՜յ անոնց` որ չար օրը կը հեռացնեն, Ու բռնութեան աթոռը կը մօտեցնեն, 4Փղոսկրեայ մահիճներու մէջ կը պառկին, Ու իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկըննան, Եւ հօտերէն գառնուկները Ու գոմերու մէջէն պարարտ որթերը կ’ուտեն, 5Տաւիղի ձայնով խաղ կը կանչեն, Ու Դաւիթի պէս իրենց երաժշտական գործիքներ կը հնարեն, 6Գաւաթներով գինի կը խմեն, Ու ծանրագին իւղերով կ’օծուին, Եւ Յովսէփի բեկումին վրայ չեն ցաւիր: 7Անոր համար հիմա առաջուան գերիներուն հետ գերի պիտի քշուին, Ու անկողիններու վրայ երկնցողներուն ուրախութեան ձայնը պիտի վերնայ: 8Տէր Եհովա իր անձին վրայ երդում ըրաւ, Կ’ըսէ զօրաց Տէր Աստուածը, Ես Յակոբի պարծանքէն կը զզուիմ, Ու անոր պալատները կ’ատեմ, Եւ քաղաքը ու բոլոր անոր մէջ եղողը թշնամիին պիտի մատնեմ. 9Ու եթէ մէկ տան մէջ տասը մարդ մնալու ըլլայ, Անոնք ալ պիտի մեռնին: 10Եւ մէկուն հօրեղբայրը, կամ մեռէլը այրող մարդը զանիկա պիտի վերցնէ` Ոսկորները տունէն դուրս հանելու համար, Ու տանը մէջ եղողին պիտի ըսէ, Ալ ուրիշ մէկը կա՞յ քովդ, Եւ անիկա պիտի ըսէ, Ոչ. Ու միւսը պիտի ըսէ, Լուռ կեցիր, Քանզի Տէրոջը անունը յիշելու ատեն չէ: 11Վասն զի ահա Տէրը կը հրամայէ, Ու մեծ տունը կործանումով Ու պզտիկ տունը պատառումով պիտի զարնէ: 12Միթէ ձիերը ապառաժի վրայ կը վազե՞ն. Կամ անիկա եզներով կը հերկուի՞. Քանզի դուք իրաւունքը դառնութեան Եւ արդարութեան պտուղը օշինդրի դարձուցիք, 13Ով ոչինչ բանով ուրախացողներ, Որ ըսիք թէ Չէ՞ որ մեր ուժովը մեզի եղջիւրներ առինք: 14Անոր համար ահա ես, ով Իսրայէլի տունը, Ձեր վրայ ազգ մը ոտք պիտի հանեմ, Կ’ըսէ զօրաց Տէր Աստուածը, Ու ձեզ Եմաթի մուտքէն մինչև անապատի ձորը պիտի նեղեն: