Ամովս մարգարեյի գիրք
5
Ապաշխարութեան կոչ մը
1Լսեցէք այս խօսքը, ձեր վրայ ըրած ողբս, Ով Իսրայէլի տունը: 2Իսրայէլի կոյսը ինկած է, մէյմըն ալ պիտի չելլէ. Իր երկրին վրայ ձգուած է, զանիկա վերցնող չկայ: 3Քանզի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Այն քաղաքին մէջ, ուրկէ հազար կ’ելլէր, Հարիւր պիտի մնայ. Եւ ուրկէ հարիւր կ’ելլէր, Տասը պիտի մնայ Իսրայէլի տանը: 4Քանզի Տէրը Իսրայէլի տանը այսպէս կ’ըսէ. Զիս փնտռեցէք, որպէս զի ապրիք: 5Բայց Բեթէլը մի փնտռէք, Ու Գաղգաղա մի մտնէք, Ու Բերսաբէէ մի անցնիք. Քանզի Գաղգաղա անշուշտ գերութեան պիտի քշուի, Ու Բեթէլ պիտի ոչնչանայ: 6Տէրը փնտռեցէք, որպէս զի ապրիք. Չըլլայ որ Յովսէփի տանը մէջ կրակի պէս իյնայ, Եւ զանիկա ուտէ, ու Բեթէլի մէջ մարող չըլլայ: 7Դուք որ իրաւունքը օշինդրի կը դարձնէք, Ու արդարութիւնը գետինը կը ձգէք, 8Փնտռեցէք զանիկա ու Բազմաստեղը ու Հայկը շինեց, Ու մահուան ստուերը առաւօտեան լոյսի կը դարձնէ, Եւ ցորեկը գիշերուան պէս կը մթնցնէ, Ու ծովուն ջուրերը կը կանչէ, Ու զանոնք երկրի երեսին վրայ կը թափէ. Անոր անունը Եհովա է. 9Որ զօրաւորին վրայ յանկարծ կորուստ կը բերէ, Ու կորուստը մինչև ամրոցը կը հասնի: 10Դրանը մէջ յանդիմանողը կ’ատեն, Ու շիտակ խօսողէն կը զզուին: 11Ուստի, որովհետև աղքատին վրայ կը կոխէք, Ու անկէ ցորենի պարգևներ կ’առնէք, Թէև տաշուած քարէ տուներ շինէք, Բայց անոնց մէջ պիտի չբնակիք. Ու թէև ցանկալի այգիներ տնկէք, Բայց անոնց գինին պիտի չխմէք: 12Քանզի ձեր շատ յանցանքները ու ձեր ծանր մեղքերը գիտեմ. Արդարը կը նեղէք, կաշառք կ’առնէք Ու դրանը մէջ տնանկներուն դատը կը ծռէք: 13Անոր համար խելացի եղողը այն ատեն պիտի լռէ, Քանզի ժամանակը չար է: 14Բարութիւն փնտռեցէք ու ոչ թէ չարութիւն, որպէս զի ապրիք. Եւ այսպէս զօրաց Տէր Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսիք: 15Չարութիւնը ատեցէք, ու բարութիւնը սիրեցէք, Եւ դրանը մէջ իրաւունքը հաստատեցէք. Թերևս զօրաց Տէր Աստուածը Յովսէփի մնացորդին ողորմութիւն ընէ: 16Անոր համար զօրաց Աստուածը, Տէր Եհովա, այսպէս կ’ըսէ. Ամէն հրապարակներու մէջ ողբ պիտի ըլլայ, Ու ամէն փողոցներու մէջ Վա՜յ, վա՜յ պիտի ըսեն, Ու երկրագործը սուգի, ու ողբ գիտցողները ողբալու պիտի կանչեն: 17Եւ ամէն այգիներու մէջ ողբ պիտի ըլլայ, Քանզի քու մէջէդ պիտի անցնիմ, կ’ըսէ Տէրը: 18Վա՜յ անոնց` որ Տէրոջը օրուանը կը ցանկան. Ձեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ Տէրոջը օրը. Անիկա խաւար է և ոչ թէ լոյս. 19Ինչպէս երբ մարդ մը առիւծին երեսէն փախչի, Ու արջ մը անոր հանդիպի, Եւ կամ տունը մտնէ ու ձեռքը պատին վրայ կռթնցնէ, Եւ զանիկա օձը խածնէ: 20Ահա Տէրոջը օրը խաւար է և ոչ թէ լոյս, Ու անոր մէջ մառախուղ կայ և ոչ թէ պայծառութիւն: 21Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ, Եւ ձեր հանդիսաւոր ժողովներուն մէջ հոտ պիտի չառնեմ: 22Եթէ ինծի ողջակէզներ ու ձեր հացի ընծաները մատուցանէք ալ` Պիտի չընդունիմ, Եւ ձեր գէր անասուններուն խաղաղութեան զոհերուն պիտի չնայիմ: 23Քու երգերուդ աղաղակը ինծմէ հեռացուր, Քանզի քու տաւիղներուդ եղանակը պիտի չլսեմ: 24Բայց իրաւունքը ջուրի պէս թող վազէ, Ու արդարութիւնը զօրաւոր գետի պէս: 25Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի Ինծի զոհեր ու ընծանե՞ր մատուցիք, ով Իսրայէլի տունը. 26Հապա դուք ձեր Մողոքի խորանները Ու ձեր Քիունի կուռքերը Եւ ձեզի համար շինած աստուածներնուդ աստղը կրեցիք: 27Ուստի ձեզ Դամասկոսէ անդին գերի պիտի քշեմ, Կ’ըսէ Տէրը, որուն անունը Զօրաց Աստուած է: