Երկրորդ Թագավորաց գիրք
8
Դաւիթին զինուորական յաղթանակները
1Անկէ ետև Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ, ու զանոնք նուաճեց. և Դաւիթ Փղըշտացւոց ձեռքէն Մեթեկամման առաւ. 2Նաև Մովաբը զարկաւ, ու գետինը պառկեցնելով զանոնք լարով չափեց. երկու լարով մեռցնելու չափեց, ու մէկ ամբողջ լարով ապրեցնելու. ու Մովաբացիք Դաւիթի հարկատու ծառաներ եղան: 3Եւ Դաւիթ Սուբայի թագաւորը, Ռուբի որդին Ադրազարը, զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու* կ՚երթար: 4Ու Դաւիթ անկէ հազար եօթը հարիւր ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց. և Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց, ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց*: 5Եւ Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարի օգնութիւն ընելու եկան. ու Դաւիթ Ասորիներէն քսանուերկու հազար մարդ զարկաւ: 6Եւ Դաւիթ Դամասկոսի Ասորւոց մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ. ու Ասորիները Դաւիթի հարկատու ծառայ եղան. ու Դաւիթ ուր որ կ՚երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար: 7Եւ Դաւիթ Ադրազարի ծառաներուն ոսկիէ վահանները առաւ, ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ: 8Եւ Ադրազարի քաղաքներէն, Բեթահէ ու Բերոթայէ, Դաւիթ թագաւորը խիստ շատ պղինձ առաւ: 9Ու Եմաթի թագաւորը Թովու երբ լսեց որ Դաւիթ Ադրազարի բոլոր զօրքերը ջարդեր է, 10Թովու իր որդին Յովրամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարև ընէ ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարի դէմ պատերազմ ընելուն ու զանիկա զարնելուն համար. (քանզի Ադրազար Թովուի հետ պատերազմներ կ՚ընէր:) Ու Յովրամի ձեռքը արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ ու պղնձէ անօթներ կային: 11Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց, միւս նուիրած արծաթին ու ոսկիին հետ, զորոնք բոլոր իր յաղթած ազգերէն առեր էր, 12Ասորիներէն, Մովաբէ, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն, Ամաղէկէ, և Սուբայի թագաւորին, Ռուբի որդւոյն Ադրազարի, աւարէն: 13Ու Դաւիթ երբ Աղի ձորին մէջ տասնըութ հազար Ասորիները կոտրեց ու ետ դարձաւ, մեծ անուն վաստկեցաւ: 14Եւ Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ. բոլոր Եդովմի երկրին մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ, և բոլոր Եդովմայեցիք Դաւիթի ծառայ եղան. ու Դաւիթ ուր որ կ՚երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար: 15Եւ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ. ու Դաւիթ իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ՚ընէր: 16Եւ Շարուհեայի որդին Յովաբ զօրքերուն վրայ էր. ու Աքիղուդի որդին Յովսափատ յիշատակաց դպիր էր. 17Եւ Աքիտովբի որդին Սադովկ ու Աբիաթարի որդին Աքիմելէք քահանաներ էին. Ու Սարայիա ատենադպիր էր. 18Եւ Յովիադայի որդին Բանեա Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր. ու Դաւիթի որդիները նախարարներ էին: