Երկրորդ Թագավորաց գիրք
7
Նաթանին պատգամը Դաւիթին
1Ու երբ թագաւորը իր տունը նստաւ, ու Տէրը զանիկա իր բլորտիքը եղող ամէն թշնամիներէն ազատելով հանգստացուց, 2Թագաւորը Նաթան մարգարէին ըսաւ, Ահա ես եղևնափայտէ շինուած տան մը մէջ կը բնակիմ, ու Աստուծոյ տապանակը վրանի մէջ կեցեր է: 3Եւ Նաթան ըսաւ թագաւորին, Գնա, բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ, քանզի Տէրը քեզի հետ է: 4Ու նոյն գիշերը Տէրոջը խօսքը Նաթանի եղաւ՝ ըսելով, 5Գնա, իմ ծառայիս Դաւիթի ըսէ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Դո՞ւն ինծի բնակելու համար տուն պիտի շինես. 6Որովհետև Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէ հանած օրէս մինչև այսօր տան մէջ չբնակեցայ, այլ վրաններով ու խորաններով պտըտեցայ: 7Իսրայէլի բոլոր որդիներուն հետ որչափ տեղ որ պտըտեցայ, միթէ բան մը խօսեցա՞յ Իսրայէլի ցեղերէն մէկուն հետ, որոնց իմ ժողովուրդս Իսրայէլը հովուելու հրաման տուեր էի, ու ըսի՞ թէ Ինչո՞ւ համար ինծի եղեւնափայտէ տուն մը չշինենեցիք: 8Եւ հիմա իմ ծառայիս Դաւիթի այսպէս ըսես, Զօրաց Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Ես քեզ փարախէն, ոչխարներուն ետեւէն, առի, որպէս զի իմ Իսրայէլ ժողովուրդիս վրայ առաջնորդ ըլլաս. 9Եւ ուր որ կ՚երթայիր՝ քեզի հետ էի. և քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտրեցի, ու երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս քու անունդ մեծցուցի: 10Եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ալ տեղ մը պիտի որոշեմ, ու զանիկա պիտի տնկեմ. ու իր տեղը պիտի բնակի, ալ պիտի չշարժի. և անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս մէյմըն ալ պիտի չնեղեն զանիկա, 11Ինչպէս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դատաւորներ դրած օրէս ի վեր եղաւ. ու քեզ քու ամէն թշնամիներէդ պիտի հանգստացնեմ: Եւ Տէրը քեզի կ՚իմացնէ որ Տէրը քեզի տուն պիտի շինէ: 12Երբ քու օրերդ լեցուին, ու դուն քու հայրերուդ հետ քնանաս, քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ, ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ: 13Անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ, ու անոր թագաւորութեան աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ. 14Ես անոր հայր պիտի ըլլամ, ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ. եթէ անիկա անիրաւութիւն ընէ, ես զանիկա մարդոց գաւազանովը ու մարդոց որդիներուն հարուածներովը պիտի պատժեմ. 15Բայց իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս Սաւուղէ վերցուցի, ու զանիկա քու առջեւէդ վռնտեցի: 16Եւ քու տունդ ու քու թագաւորութիւնդ քու առջեւդ յաւի-տեան ապահով պիտի ըլլան, քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ: 17Եւ Նաթան այս բոլոր խօսքերը ու այս բոլոր տեսիլքը մի ըստ միոջէ Դաւիթի զրուցեց:
Դաւիթին շնորհակալութեան աղօթքը
18Եւ Դաւիթ թագաւորը գնաց, Տէրոջը առջև նստաւ, ու ըսաւ, Ով Տէր Եհովա, ես ո՞վ եմ, ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչև հոս բերիր. 19Սակայն ասիկա ալ քու աչքերուդ պզտիկ երեւցաւ, ով Տէր Եհովա, ու քու ծառայիդ տանը վրայով հեռաւոր ժամանակի համար ալ խօսեցար. մարդոց սովորութիւնը ասիկա՞ է արդեօք, ով Տէր Եհովա: 20Եւ Դաւիթ նորէն մէյմըն ալ քեզի ի՞նչ զրուցէ. քանզի դուն, ով Տէր Եհովա, քու ծառադ կը ճանչնաս: 21Այս բոլոր մեծ բաները քու խօսքիդ համար ու քու սրտիդ պէս ըրիր, որպէս զի ծառայիդ գիտցնես: 22Ասոր համար մեծ երեւցար, ով Տէր Աստուած. քանզի քեզի պէս ուրիշ մէկը չկայ, ու քեզմէ զատ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներովը բոլոր լսածներնուս համեմատ: 23Եւ ո՞ր ազգը երկրի վրայ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս է, որու համար նոյն ինքն Աստուած եկաւ զանիկա փրկելու, իրեն ժողովուրդ ընելու, ու իրեն մեծ անուն վաստկելու, և քու երկրիդ մէջ այս մեծ ու սոսկալի բաները ընելու, քեզի համար Եգիպտոսէ ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն ազգերը ու անոնց աստուածները վռնտելով: 24Եւ քու ժողովուրդդ Իսրայէլը յաւիտեան քեզի ժողովուրդ հաստատեցիր, ու դուն, ով Տէր, անոնց Աստուած եղար: 25Եւ հիմա, ով Տէր Աստուած, քու ծառայիդ համար ու անոր տանը համար ըսած խօսքդ յաւիտեան հաստատէ, ու ըսածիդ պէս ըրէ. 26Եւ քու անունդ յաւիտեան մեծ ճանչցուի, ու ըսեն թե Զօրութեանց Տէրը Իսրայէլի վրայ Աստուած է. ու քու ծառայիդ Դաւիթի տունը քու առջեւդ հաստատ մնայ: 27Քանզի դուն, ով Տէր զօրութեանց, Աստուած Իսրայէլի, քու ծառայիդ յայտնեցիր ու ըսիր, Քեզի տուն պիտի շինեմ. ասոր համար քու ծառադ իր սրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ այս աղօթքը քեզի ընելու: 28Եւ հիմա, ով Տէր Եհովա, այն Աստուածը դուն ես, ու քու խօսքերդ ճշմարիտ են, և քու ծառայիդ այս աղէկութիւնը խոստացար: 29Ուստի հիմա կամք ըրէ* քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. քանզի, ով Տէր Եհովա, դուն զրուցեցիր, ու քու օրհնութիւնովդ ծառայիդ տունը յաւիտեան օրհնեալ ըլլայ: