Երկրորդ Թագավորաց գիրք

14

Յովաբ Աբիսողոմին դարձը կը կարգադրէ

1Եւ Շարուհեայի որդին Յովաբ իմացաւ որ թագաւորին սիրտը Աբիսողոմի վրայ է: 2Ու Յովաբ Թեկուէ մարդ ղրկեց, և անկէ խելացի մը բերել տուաւ, ու անոր ըսաւ, Կ՚աղաչեմ, քեզ սգաւոր ձեւացուր, ու սուգի հանդերձներ հագիր, իւղով մի օծուիր, ու մեռելի մը համար շատոնցմէ սուգ բռնող կնոջ մը պէս եղիր. 3Եւ թագաւորին մտիր, ու անոր այս կերպով խօսէ. և Յովաբ անոր բերանը խօսքեր դրաւ. 4Ու այն Թեկուացի կինը թագաւորին մտաւ խօսելու համար*. ու երեսի վրայ գետինը իյնալով անոր խոնարհութիւն ըրաւ, ու ըսաւ, Ով թագաւոր, օգնէ ինծի: 5Եւ թագաւորը անոր ըսաւ, քեզի ի՞նչ եղաւ: Ու կինը ըսաւ, Ոհ, ես որբեւարի կին մըն եմ ու իմ այրս մեռած է. 6Եւ քու աղախինդ երկու որդի ունէր, ու երկուքը դաշտի մէջ իրարու հետ ծեծկուեցան. և անոնց մէջ հաշտեցնող մը չըլլալուն համար մէկը միւսը զարկաւ ու զանիկա մեռցուց: 7Եւ ահա բոլոր ազգատոհմը քու աղախինիդ դէմ ոտք ելան ու ըսին, Իր եղբայրը մեռցնողը տուր, որպէս զի զանիկա մեռցնենք իր մեռցուցած եղբօրը կեանքին համար, ու ժառանգն ալ կորսնցնենք. և ինծի մնացած կայծը պիտի մարեն, երկրի վրայ էրկանս անունը ու մնացորդը չպահելով: 8Եւ թագաւորը կնոջը ըսաւ, Տունդ գնա, ու ես քեզի համար կը պատուիրեմ: 9Ու Թեկուացի կինը թագաւորին ըսաւ, Ով տէր իմ թագաւոր, մեղքը իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ ըլլայ, բայց թագաւորը ու անոր աթոռը անպարտ ըլլայ: 10Եւ թագաւորը ըսաւ, Եթէ քեզի բան մը ըսող ըլլայ, զանիկա ինծի բեր, ու մէյմըն ալ քեզի չդպչիր: 11Եւ անիկա ըսաւ, Թագաւորը շնորհք ընէ, իր Տէր Աստուածը յիշէ, ու չթողու որ արեան վրէժխնդիրները շատնան ապականելու, որ իմ որդիս մեռցնեն: Եւ անիկա ըսաւ, Տէրը կենդանի է որ քու որդւոյդ գլխէն մազ մը գետինը պիտի չիյնայ: 12Այն ատեն կինը ըսաւ, Թող քու աղախինդ իմ տէրոջս, թագաւորին, մը զրուցէ. ու անիկա Զրուցէ ըսաւ: 13Եւ կինը ըսաւ, Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ ինչո՞ւ համար այդպիսի բան կը մտածես. որովհետև թագաւորը քանի որ իր աքսորածը ետ չդարձնէ, այս խօսքերը խօսելով յանցաւորի պէս կ՚ըլլայ: 14Քանզի մենք ի հարկէ պիտի մեռնինք, ու գետինը թափուած ջուրին կը նմանինք, որ մէյմըն ալ մէկտեղ չժողվուիր. և մարդու մը հոգին չառներ, հապա միջոցներ կը հնարէ, որպէս զի աքսորուածը իրմէ աքսորուած չմնայ: 15Ու հիմա ես անոր համար իմ թագաւոր տէրոջս այս խօսքը ըսելու եկայ, քանզի ժողովուրդը զիս վախցուց. ու քու աղախինդ ըսաւ, Հիմա թագաւորին հետ խօսիմ, թերեւս թագաւորը իր աղախինին խօսքը կատարէ. 16Որովհետև թագաւորը մտիկ ընելով՝ իր աղախինը պիտի ազատէ այն մարդուն ձեռքէն, որ զիս ու իմ որդիս մէկտեղ Աստուծոյ ժառանգութենէն ջնջել կ՚ուզէ: 17Եւ քու աղախինդ ըսաւ, Իմ թագաւոր տէրոջս խօսքը մխիթարութիւն պիտի ըլլայ. քանզի իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է, ու բարին ու չարը կը հասկնայ. և քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ: 18Ու թագաւորը պատասխան տուաւ ու կնոջը ըսաւ, Քեզի հարցնելու բանս ինծմէ մի պահեր: Ու կինը ըսաւ, Իմ թագաւոր տէրս թող զրուցէ: 19Եւ թագաւորը ըսաւ, Արդեօք այս ամէն բանին մէջ Յովաբի ձեռքը քեզի հե՞տ է. ու կինը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ով տէր իմ թագաւոր, քու անձդ կենդանի է որ իմ թագաւոր տէրոջս ըսած բոլոր խօսքերէն բնաւ մէկը աջ դին կամ ձախ դին չկրնար խոտորիլ. քանզի քու ծառադ Յովաբ է ինծի պատուիրողը, ու այս բոլոր խօսքերը քու աղախինիդ բերանը դնողը անիկա է. 20Այս խօսքին ձեւը դարձնելու համար՝ քու ծառադ Յովաբ այս բանը ըրաւ. ու իմ տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս իմաստուն է՝ բոլոր երկրի վրայ եղած բաները գիտնալու: 21Եւ թագաւորը Յովաբի ըսաւ, ահա հիմա այս բանը ըրի. գնա Աբիսողոմ պատանին ետ դարձուր: 22Այն ատեն Յովաբ երեսի վրայ գետինը ինկաւ և անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու օրհնեց թագաւորը. և Յովաբ ըսաւ, քու ծառադ այսօր գիտցաւ որ քու աչքերուդ առջև շնորհք գտայ, ով տէր իմ թագաւոր, քանզի թագաւորը իր ծառային խօսքը կատարեց: 23Ու Յովաբ ելաւ Գեսուր գնաց, ու Աբիսողոմը բերաւ: 24Եւ թագաւորը ըսաւ, թող իր տունը դառնայ, ու իմ երեսս չտեսնէ: Եւ Աբիսողոմ իր տունը դարձաւ, ու թագաւորին երեսը չտեսաւ:

Աբիսողոմ թագաւորին հետ կը հաշտուի

25Եւ բոլոր Իսրայէլի մէջ Աբիսողոմի պէս գեղեցիկ ու գովելի մարդ մը չկար. անիկա ոտքին թաթէն մինչև գլխուն գագաթը արատ մը չունէր: 26Ու երբ իր մազերը կը կտրէր, (որովհետև տարին անգամ մը մազերը կը կտրէր, քանզի իր վրայ ծանրութիւն կ՚ըլլային,) իր գլխուն մազերը կը կշռէր, ու թագաւորական կշիռքով երկու հարիւր սիկղ կու գային: 27Եւ Աբիսողոմի երեք տղայ ու Թամար անունով աղջիկ մը ծնաւ. անիկա տեսքով գեղեցիկ կին մըն էր: 28Եւ Աբիսողոմ Երուսաղէմի մէջ լման երկու տարի նստաւ, ու թագաւորին երեսը չտեսաւ: 29Եւ Աբիսողոմ Յովաբի մարդ ղրկեց, որպէս զի զանիկա թագաւորին ղրկէ. բայց անիկա չուզեց անոր երթալ. ու նորէն երկրորդ անգամ մարդ ղրկեց. ու անիկա երթալ չուզեց: 30Այն ատեն Աբիսողոմ իր ծառաներուն ըսաւ, Տեսէք՝ Յովաբի արտը որ իմ արտիս մօտ է, ու անիկա հոն գարի ունի. գացէք զանիկա կրակով այրեցէք: Եւ Աբիսողոմի ծառաները այն արտը կրակով այրեցին: 31Ու Յովաբ ելաւ Աբիսողոմի տունը գնաց, և անոր ըսաւ, Ինչո՞ւ համար քու ծառաներդ իմ արտս կրակով այրեցին: 32Ու Աբիսողոմ Յովաբի ըսաւ, Ահա քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի, Հոս եկուր, քեզ թագաւորին ղրկեմ, որպէս զի ըսես թէ Գեսուրէ ինչո՞ւ եկայ. իմ հոն ըլլալս ինծի աւելի աղէկ էր. և հիմա թագաւորին երեսը տեսնեմ, ու եթէ իմ վրաս չարութիւն մը կայ, թող զիս մեռցնէ: 33Եւ Յովաբ թագաւորին գնաց ու այս բանը անոր իմացուց. և անիկա Աբիսողոմը կանչեց. ու թագաւորին քով գնաց, և թագաւորին առջև երեսի վրայ ինկաւ ու մինչև գետինը խոնարհութիւն ըրաւ. ու թագաւորը Աբիսողոմը համբուրեց:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)