Բ Պետրոս

2

Սուտ վարդապետներ

1Բայց սուտ մարգարէներ ալ կ’ըլլային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան, որոնք գաղտուկ պիտի մտցնեն կորուսիչ հերձուածողութիւններ, ու զիրենք ծախու առնող Տէրը ուրանալով` իրենց վրայ պիտի բերեն արագահաս կորուստը. 2Եւ շատերը անոնց կորստական ընթացքներուն* ետևէն պիտի երթան, որոնց համար ճշմարտութեան ճամբան պիտի հայհոյուի. 3Եւ ագահութիւնով` խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով ձեզ վաճառաշահութեան պիտի գործածեն. որոնց դատապարտութիւնը շատոնցմէ պատրաստ ըլլալով չուշանար,ու անոնց կորուստը չմրափեր: 4Վասն զի եթէ գործող հրեշտակներուն չխնայեց, հապա խաւարի կապերով տարտարոսը ձգած` դատաստանի պահել տուաւ. 5Ու առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը, պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ, 6Եւ Սոդոմի ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով ու կործանելով դատապարտեց, ետքը ամբարշտութիւն ընելու մարդոց օրինակ ընելով զանոնք. 7Եւ ազատեց արդար Ղովտը, որ անօրէններուն անառակ վարմունքէն ձանձրացեր էր. 8(Վասն զի այն արդարը անոնց մէջ կենալով` աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր իր արդար հոգին կը տանջէր անոնց անօրէն վարմունքովը.) 9Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել, և անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել: 10Մանաւանդ անոնք որ պղծալից ցանկութեամբ մարմինի ետևէ կ’երթան, և տէրութիւնը կ’անարգեն, ինքնահաւան ու յանդուգն են, չեն վախնար փառաւորներուն դէմ հայհոյել. 11Երբ հրեշտակները, որ անոնցմէ շատ մեծ են զօրութիւնով ու կարողութիւնով, Տէրոջը առջև հայհոյութեամբ դատապարտութիւն չեն բերեր անոնց վրայ: 12Բայց ասոնք անբան անասուններու պէս, (որ բնականաբար որսի ու ապականութեան համար եղած են,) չգիտցած բաներնուն դէմ կը հայհոյեն, և իրենց ապականութիւնովը պիտի ապականին, 13Անիրաւութեան վարձքը ընդունելով. որ ցորեկուան մէջ եղած զեխու- թիւնը զուարճութիւն կը սեպեն. արատ ու բիծ են, իրենց խաբէութիւններովը զուարճանալով` երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին. 14Շնութեամբ լեցուն աչքեր ունին, որ մեղքէ չեն դադարիր. անհաստատ հոգիները կը խաբեն. ագահութեան սովորած սիրտեր ունին. անիծեալ զաւակներ են. 15Շիտակ ճամբան ձգելով մոլորեցան Բէովրեան Բաղաամի ճամբուն հետևելով, որ անիրաւութեան վարձքը սիրեց. 16Բայց իր անօրէնութեանը յանդիմանութիւնը առաւ. անխօս էշը մարդկային ձայնով խօսելով` մարգարէին յիմարութիւնը արգիլեց: 17Ասոնք չունեցող աղբիւրներ են, ու փոթորիկէ քշուած մէգեր, որոնց համար թանձր խաւարը պահուած է յաւիտեան: 18Քանզի ունայնութեան հպարտ խօսքեր ընելով` գիճութիւններով, մարմնի ցանկութիւններով կը խաբեն զանոնք որ քիչ մը առաջ փախեր էին անոնցմէ` որ մոլորութեան մէջ կը պտըտին. 19Անոնց ազատութիւն կը խոստանան, և իրենք ապականութեան ծառաներ են. վասն զի ի°նչ բանէ որ մէկը յաղթուի, անոր ծառայ ալ կ’ըլլայ: 20Վասն զի եթէ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի գիտութիւնովը աշխարհի պղծութիւններէն հրաժարելէ ետև` դարձեալ այն բաներէն բռնուած յաղթուին, անոնց վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ: 21Վասն զի աղէկ էր անոնց` որ բնաւ արդարութեան ճամբան ճանչցած չըլլային, քան թէ ճանչնալով ետ դառնային այն սուրբ պատուիրանքէն` որ իրենց յանձնուեցաւ: 22Սակայն անոնց հանդիպեցաւ այն ճշմարիտ առակին բանը, թէ Շունը նորէն իր փսխածին կը դառնայ, ու լուացուած խոզը` ցեխի մէջ թապլտկելու:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)