Բ Պետրոս
1
1Շմաւոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ և առաքեալ, ձեզի` որ մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասաք մեր Աստուծոյն ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի արդարութիւնովը. 2Շնորհք և խաղաղութիւն ձեր վրայ աւելնայ Աստուծոյ ու մեր Տէրոջը Յիսուսի գիտութիւնով:
Աստուծոյ կոչը և ընտրութիւնը
3Ինչպէս իր աստուածային զօրութիւնը կենաց և աստուածպաշտութեան վերաբերեալ ամէն բաները մեզի տուաւ անոր գիտութիւնովը` որ մեզ փառքով ու առաքինութիւնով հրաւիրեց. 4Որոնցմով ամենամեծ ու պատուական խոստմունքներ տրուած են մեզի, որպէս զի ասոնցմով աստուածային բնութեանը հաղորդ ըլլաք` աշխարհի մէջ ցանկութենէ յառաջ եկած ապականութենէն փախչելով: 5Եւ այս բանին համար բոլոր ջանքերնիդ դրած` ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք, ու առաքինութեան վրայ գիտութիւն, 6Եւ գիտութեան վրայ ժուժկալութիւն, ու ժուժկալութեան վրայ համբերութիւն, և համբերութեան վրայ աստուածպաշտութիւն, 7Ու աստուածպաշտութեան վրայ եղբայրսիրութիւն, ու եղբայրսիրութեան վրայ սէր: 8Վասն զի քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ: 9Բայց որուն քով որ այս բաները չկան, անիկա կոյր է ու կարճատես, որ մոռցեր է իր առաջուան մեղքերէն մաքրուիլը: 10Ասոր համար, եղբայրներ, աւելի ջանք ըրէք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի զայս ընելով` բնաւ պիտի չվրիպիք. 11Քանզի այսպէս ձեզի առատօրէն պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել: 12Ուստի ես միշտ այս բաները միտքերնիդ ձգելու վրայով զանցառու պիտի չըլլամ, թէև գիտէք և հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ: 13Եւ իրաւունք կը սեպեմ, թէ քանի որ այս մարմինին մէջ եմ, միտքերնիդ ձգելով ձեզ արթնցնեմ. 14Քանզի գիտեմ որ ես շուտով այս իմ մարմինս պիտի մերկանամ. ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը յայտնեց ինծի: 15Ուստի պիտի ջանամ որ իմ աշխարհէ ելլելէս ետքն ալ միշտ կարող ըլլաք այս բաները յիշել:
Քրիստոսի փառքին ականատեսներ
16Վասն զի ոչ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետևէ երթալով` մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով: 17Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէ փառք ու պատիւ առաւ, այն մեծ վայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը գալով, թէ Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որու հաւներ եմ: 18Եւ այս երկինքէն եկած ձայնը մենք լսեցինք, որու հետ էինք սուրբ լեռանը վրայ: 19Եւ մարգարէական խօսքն ալ ունինք` որ աւելի հաստատուն է. ու աղէկ կ’ընէք` եթէ անոր մտադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչև ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սիրտերնուդ մէջ ծագի: 20Բայց առաջ զայս գիտնաք, որ գրոց ամէն մարգարէութիւն իր յատուկ մեկնութիւնը չունի: 21Վասն զի մարգարէութիւն մը երբէք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած` խօսեցան: