Չորրորդ Թագավորաց գիրք
9
Յէուն Իսրայէլի թագաւոր կ’օծուի
1Ու Եղիսէ մարգարէն մարգարէից որդիներէն մէկը կանչեց, ու անոր ըսաւ, Գօտիդ մէջքդ կապէ, ու այս իւղին շիշը ձեռքդ առ, և Ռամովթ-գաղաադ գնա: 2Ու երբ հոն երթաս Նամեսսեան Յովսափատի որդին Յէուն գտիր, ու մտնելով՝ զանիկա իր եղբայրներուն մէջէն վերցուր, և զանիկա ներքին սենեակ մը տար. 3Ու իւղին շիշը առ և անոր գլուխը թափէ, ու ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի. ու դուռը բանաս ու փախչելու չուշանաս: 4Եւ այն պատանին, նորահասակ մարգարէն, Ռամովթ-գաղաադ գնաց: 5Ու երբ հոն հասաւ, ահա զօրաց իշխանները նստեր էին. և անիկա ըսաւ, Ով իշխան, քեզի խօսք մը ունիմ. ու Յէու ըսաւ, Մեր ամէնէն որո՞ւ, ու անիկա ըսաւ, Քեզի, ով իշխան: 6Եւ Յէու ելաւ, ներս մտաւ. ու անիկա իւղը անոր գլուխը թափեց, ու անոր ըսաւ, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կըսէ. Քեզ Տէրոջը ժողովուրդին, Իսրայէլի, վրայ թագաւոր օծեցի. 7Եւ քու տէրոջդ Աքաաբի տունը զարնես, որպէս զի իմ ծառաներուս, մարգարէներուն, արիւնին համար ու Տէրոջը բոլոր ծառաներուն արիւնին համար Յեզաբէլի ձեռքէն վրէժ առնեմ: 8Ու Աքաաբի բոլոր տունը բնաջինջ պիտի ըլլայ. և Աքաաբի բոլոր այր մարդիկը, ու Իսրայէլի մէջ գոցուածը ու ձգուածը պիտի կորսնցնեմ. 9Եւ Աքաաբի տունը Նաբատի որդւոյն Յերոբովամի տանը պէս, ու Աքիայի որդւոյն Բաասայի տանը պէս պիտի ընէմ. 10Ու Յեզաբէլը Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները պիտի ուտեն, ու զանիկա թաղող պիտի չըլլայ: Եքտը դուռը բացաւ ու փախաւ: 11Եւ Յէու իր տէրոջը ծառաներուն ելաւ, ու անոր ըսին, Ողջութի՞ւն է. այս անմիտը ինչո՞ւ քեզի եկաւ: Եւ անիկա անոնց ըսաւ, Դուք այն մարդը ու անոր խօսքերը գիտէք: 12Եւ անոնք ըսին, Սուտ է. պատմէ մեզի հիմա. ան ալ ըսաւ, Անիկա ինծի այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ՝ ըսելով, Տէրը այսպէս կ’ըսէ: Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի: 13Այն ատեն շուտով ամէն մարդ իր հանդերձը առաւ, ու սանդուխին գլխուն վրայ անոր տակ դրին, ու փող հնչեցնելով ըսին, Յէու թագաւոր եղաւ:
Իսրայէլի Յովրամ թագաւորը կը սպաննուի
14Այսպէս Նամեսսեան Յովսափատի որդին Յէու Յովրամի դէմ գլուխ վերցուց: (Իսկ Յովրամ բոլոր Իսրայէլի հետ Ասորւոց Ազայէլ թագաւորին երեսէն Ռամովթ-գաղաադը կը պահպանէր. 15Սակայն Յովրամ թագաւորը Ասորւոց Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը Ասորիներուն տուած վէրքերէն առողջանալու համար Յէզրայէլ դարձեր էր:) Եւ Յէու ըսաւ, Եթէ կը հաճիք, փախըստական մը այս քաղաքէն դուրս չելլէ, որ երթայ այս բանը Յեզրայէլի մէջ պատմէ: 16Եւ Յէու հեծաւ ու Յեզրայէլ գնաց, քանզի Յովրամ հոն պառկած էր. և Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը Յովրամը տեսնելու իջեր էր: 17Ու Յէզրայէլի մէջ աշտարակին վրայ դէտ մը կայներ էր, որ Յէուի գունդին գալը տեսնելով՝ ըսաւ, Ես գունդ մը կը տեսնեմ. և Յովրամ ըսաւ, Ձիաւոր մը առ ու անոնց դիմաց ղրկէ, ու թող ըսէ, Խաղաղութի՞ւն է: 18Եւ ձիաւորը զանիկա դիմաւորելու գնաց ու ըսաւ, Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. Խաղաղութի՞ւն է. ու Յէու ըսաւ, Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետիս անցիր: Եւ դէտը պատմեց ու ըսաւ, Պատգամաւորը մինչև անոնց քով գնաց, բայց չդարձաւ: 19Եւ ուրիշ ձիաւոր մը ղրկեց. անիկա ալ անոնց գնաց ու ըսաւ, Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. Խաղաղութի՞ւն է. և Յէու ըսաւ, Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետիս անցիր: 20Ու դէտը պատմեց ու ըսաւ, Մինչև անոնց քով գնաց, բայց չդարձաւ. և այս ընթացքը Նամեսսեան Յէուի ընթացքին կը նմանի, քանզի կատաղաբար կը քշէ: 21Այն ատեն Յովրամ ըսաւ, Կառքը պատրաստէ. ու անոր կառքը պատրաստեցին, և Իսրայէլի թագաւորը Յովրամ, ու Յուդայի թագաւորը Ոքոզիա, ամէն մէկը իր կառքովը Յէուն դիմաւորելու ելան, ու զանիկա Յեզրայելացի Նաբովթի ագարակին մէջ գտան: 22Եւ Յովրամ Յէուն տեսնելուն պէս ըսաւ, Ով Յէու, խաղաղութի՞ւն է, ու անիկա ըսաւ, ի՞նչպէս խաղաղութիւն կ’ըլլայ, քանի որ քու մօրդ Յեզաբէլի պոռնկութիւնները ու կախարդութիւնները կը շատնան: 23Եւ Յովրամ ձեռքերը դարձուց ու փախաւ, ու Ոքոզիայի ըսաւ, Ով Ոքոզիա, դաւաճանութիւն կայ: 24Եւ Յէու իր աղեղը ուժով քաշեց*, ու Յովրամը ուսերուն մէջտեղէն զարկաւ, ու նետը անոր սրտէն ելաւ, և անիկա իր կառքին մէջ կծկեցաւ: 25Ու Յէու իր զօրագլուխին Բադեկարի ըսաւ, Ասիկա վերցուր, Յեզրայելացի Նաբովթի կալուածքի ագարակին մէջ նետէ. քանզի միտքդ բեր որ երբ ես ու դուն անոր հօրը Աքաաբի ետեւէն ձիերու վրայ հեծած՝ քովէ քով կ’երթայինք, Տէրը անոր դէմ այս վճիռը տուաւ. 26Տէրը կ’ըսէ որ Իրաւցընէ երէկ Նաբովթի արիւնը ու անոր որդիներուն արիւնը տեսայ, ու քեզի այս ագարակին մէջ պիտի հատուցանեմ, կ’ըսէ Տէրը, Անոր համար հիմա վերցուր զանիկա, այս ագարակին մէջ նետէ, Տէրոջը ըսածին համեմատ:
Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը կը սպաննուի
27Եւ Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը այս բանը տեսնելով՝ պարտէզի տանը ճամբայէն փախաւ. ու Յէու անոր ետեւէն իյնալով՝ ըսաւ, Ասիկա ալ կառքին վրայ զարկէք. այս եղաւ Յեբղաամի քով եղող Գուր բլուրին վրայ. ու Ոքոզիա Մակեդդով փախաւ, ու հոն մեռաւ: 28Եւ անոր ծառաները զանիկա կառքով Երուսաղէմ տարին, ու զանիկա Դաւիթի քաղաքը իր գերեզմանին մէջ իր հայրերուն հետ թաղեցին: 29Եւ Ոքոզիա Աքաաբի որդւոյն Յովրամի մետասաներորդ տարին Յուդայի վրայ թագաւոր եղեր էր:
Յեզաբէլ թագուհին կը սպաննուի
30Եւ Յէու Յեզրայէլ եկաւ, ու երբ Յեզաբէլ լսեց՝ իր աչքերուն ծարոյր դրաւ և իր գլուխը զարդարեց, ու պատուհանէն կը նայէր: 31Ու երբ Յէու դռնէն ներս կը մտնէր, անիկա ըսաւ, Միթէ իր տէրը մեռցնող Զամբրի յաջողութիւն գտա՞ւ: 32Եւ Յէու իր երեսը դէպ ի պատուհանը վերցուց, ու ըսաւ, Ինծի հետ ո՞վ կայ, ո՞վ. ու երկու երեք ներքինիներ անոր նայեցան: 33Այն ատեն ըսաւ, Զանիկա վար նետեցէք. ու զանիկա վար նետեցին, և անոր արիւնէն պատին ու ձիերուն վրայ ցաթկեց. ու կոխկռտեց զանիկա: 34Եւ ինք ներս մտաւ ու կերաւ խմեց, ու ըսաւ, Հիմա այս անիծուած կնոջ հոգ տարէք ու զանիկա թաղեցէք, քանզի թագաւորի աղջիկ է: 35Եւ զանիկա թաղելու գացին. բայց անոր գագաթէն ու ոտքերէն ու ձեռքերուն թաթերէն զատ ուրիշ բան մը չգտան: 36Եւ դարձան անոր պատմեցին. ու անիկա ըսաւ, Այս է Տէրոջը խօսքը՝ զոր իր ծառային Թեզբացի Եղիայի ձեռքով խօսեցաւ՝ ըսելով, Յեզաբէլի մարմինը Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները պիտի ուտեն. 37Ու Յեզաբէլի դիակը Յեզրայէլի ագարակին մէջ՝ արտի երեսի վրայ եղող աղբի պէս պիտի ըլլայ, այնպէս որ չըսուի թէ Ասիկա Յեզաբէլն է: