Չորրորդ Թագավորաց գիրք

5

Նէեման կը բուժուի

1Եւ Ասորւոց թագաւորին զօրագլուխը Նէեման իր տէրոջը առջև մեծ ու յարգելի մարդ մըն էր, քանզի Տէրը անոր ձեռքով Ասորւոց փրկութիւն տուեր էր. ու այս մարդը զօրաւոր կտրիճ մըն էր, բայց բորոտ էր: 2Եւ Ասորւոց գունդերը ելլելով՝ Իսրայէլի երկրէն պզտիկ աղջիկ մը գերի առեր էին, ու անիկա Նէեմանի կնոջ քով էր: 3Եւ անիկա իր տիկոջ ըսաւ, Երանի՜ թէ իմ տէրս եղող մարգարէին առջև ըլլար, այն ատեն զանիկա իր բորոտութենէն կը բժշկէր: 4Ու Նէեման գնաց իր տէրոջը պատմեց, ու ըսաւ, Իսրայէլի երկրէն եղող աղջիկը այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ: 5Եւ Ասորւոց թագաւորը ըսաւ, Գնա ուրեմն, ես Իսրայէլի թագաւորին նամակ կը ղրկեմ: Ու անիկա գնաց, և իր ձեռքը տասը տաղանդ արծաթ ու վեց հազար ու տասը ձեռք փոխելու հանդերձ առաւ: 6Եւ Իսրայէլի թագաւորին բերաւ նամակը, որ այսպէս գրուած էր*. Արդ երբ այս նամակը քեզի հասնի, գիտցած ըլլաս որ* իմ ծառաս Նէեմանը քեզի կը ղրկեմ, որպէս զի զանիկա իր բորոտութենէն բժշկես: 7Ու երբ Իսրայէլի թագաւորը նամակը կարդաց՝ իր հանդերձները պատռեց, ու ըսաւ, Միթէ ես մեռցնելու ու ապրեցնելու կարողութիւն ունեցող Աստուա՞ծ եմ, որ ասիկա ինծի մարդ մը ղրկեր է՝ իր բորոտութենէն բժշկելու համար, ուստի աղէկ գիտցէք ու տեսէք, որ ասիկա ինծմէ պատճառ մը կը փնտռէ: 8Ու երբ Աստուծոյ մարդը Եղիսէ լսեց՝ որ Իսրայէլի թագաւորը իր հանդերձները պատռեր է, թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ, Ինչո՞ւ հանդերձներդ պատռեցիր. թող անիկա ինծի գայ, ու գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ կայ: 9Եւ Նէեման իր ձիերովը ու կառքովը գնաց, ու Եղիսէի տանը դուռը կայնեցաւ: 10Ու Եղիսէ մարդ մը ղրկեց անոր՝ ըսելով, Գնա Յորդանանու մէջ եօթը անգամ լուացուէ, և մարմինդ քեզի կը դառնայ, ու կը մաքըրուիս: 11Ու Նէեման բարկացաւ ու գնաց՝ ըսելով, Ահա ես կ’ըսէի որ անիկա անտարակոյս իմ քովս պիտի գայ ու կայնի, և իր Եհովա Աստուծոյն անունը պիտի կանչէ, ու ձեռքը այն տեղին վրայ պիտի երերցնէ, ու բորոտութիւնը բժշկէ: 12Դամասկոսի Աբանա ու Փարփար գետերը Իսրայէլի բոլոր ջուրերէն աղէկ չե՞ն. միթէ չե՞մ կրնար անոնց մէջ լուացուիլ ու մաքրուիլ. և դարձաւ բարկուÃիւնով գնաց: 13Իսկ անոր ծառաները մօտեցան, ու անոր խօսեցան՝ ըսելով, Ով , եթէ մարգարէն քեզի մեծ բան մը ըսէր՝ պիտի չընէի՞ր. ո՞ւր մնաց որ անիկա քեզի, Լուացուէ ու պիտի մաքրուիս, ըսաւ: 14Այն ատեն անիկա իջաւ, ու Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ եօթը անգամ Յորդանանու մէջ լուացուեցաւ. ու անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմինին պէս եղաւ, ու մաքրուեցաւ: 15Եւ անիկա իր բոլոր բանակովը Աստուծոյ մարդուն դարձաւ, ու գնաց անոր առջև կայնեցաւ, ու ըսաւ, Ահա հիմա գիտցայ որ բոլոր երկրի վրայ չկայ, բայց միայն Իսրայէլի մէջ. ուստի հիմա, կ’աղաչեմ, քու ծառայէդ ընծայ մը ընդունէ: 16Բայց անիկա ըսաւ, Տէրը, որուն առջև կը կայնիմ, կենդանի է որ պիտի չընդունիմ. ու զանիկա ստիպեց որ ընդունի, բայց անիկա չհաճեցաւ: 17Ու Նէեման ըսաւ, Ուրեմն քու ծառայիդ այս երկրին հողէն երկու ջորիի բեռ չտրուի՞, քանզի քու ծառադ մէյմըն ալ ուրիշ աստուածներու ողջակէզ կամ պիտի չընէ, բայց միայն Եհովայի: 18Տէրը այս բանին համար քու ծառայիդ թողութիւն տայ, այսինքն երբ իմ տէրս Ռեմօնի տունը մտնէ հոն երկրպագութիւն ընելու համար, և անոր իմ ձեռքիս վրայ կռթնելովը, ես ալ Ռեմօնի տանը մէջ ծռիմ, այս բանին, այսինքն Ռեմօնի տանը մէջ իմ ծռելուս համար Տէրը քու ծառայիդ թողութիւն տայ: 19Ու Եղիսէ անոր ըսաւ, Գնա խաղաղութեամբ. և անիկա անոր քովէն գնաց, ու քիչ մը ճամբայ առաւ: 20Եւ Աստուծոյ մարդուն Եղիսէի ծառան Գէեզի ըսաւ, Ահա իմ տէրս այս Ասորի Նէեմանի խնայեց, ու անոր ձեռքէն անոր բերածը չառաւ. Տէրը կենդանի է որ ես անոր ետեւէն կը վազեմ, և անկէ բան մը կ’առնեմ: 21Ու Գէեզի Նէեմանի ետեւէն վազեց. ու Նէեման երբ տեսաւ որ անիկա իր ետեւէն կը վազէ, իր կառքէն իջաւ զանիկա դիմաւորելու, ու ըսաւ, Ողջութի՞ւն է: 22Եւ անիկա ըսաւ, Ողջութիւն է. իմ տէրս զիս ղրկեց ու կ’ըսէ, Ահա հիմա Եփրեմի լեռնէն մարգարէից որդիներէն երկու պատանի եկան ինծի. շնորհք ըրէ, անոնց համար տաղանդ մը արծաթ ու երկու ձեռք փոխելու հանդերձ տուր: 23Ու Նէեման ըսաւ, Շնորհք ըրէ, երկու տաղանդ առ. և զանիկա բռնադատեց, ու երկու պարկի մէջ երկու տաղանդ արծաթ դրաւ, ու երկու ձեռք ալ փոխելու հանդերձ ծրարեց, և իր ծառաներէն երկուքին տուաւ, որոնք անոր առջեւէն տարին: 24Ու երբ բլուրը եկաւ՝ անոնց ձեռքէն առաւ ու տանը մէջ պահեց, և այն մարդիկը ճամբեց, ու գացին. 25Եւ ինք ներս գնաց իր տէրոջը առջև կայնեցաւ. ու Եղիսէ անոր ըսաւ, Ով Գէեզի, ուրկէ՞ կու գաս. և անիկա ըսաւ, Ծառադ տե՛ղ մը չգնաց: 26Ու Եղիսէ ըսաւ անոր, Երբ այն մարդը իր կառքէն քեզ դիմաւորելու դարձաւ, միթէ իմ հոգիս հոն չգնա՞ց. ու հիմա արծաթ առնելու, և հանդերձներ ու ձիթենիներ և այգիներ ու ոչխարներ և արջառներ ու ծառաներ և աղախիններ առնելու ատե՞նն է: 27Ուրեմն Նէեմանի բորոտութիւնը քեզի ու քու սերունդիդ փակչի յաւիտեան: Եւ անիկա անոր առջեւէն ձիւնի պէս բորոտեալ ելաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)