Բ Կորնթացիս
11
Պօղոս և կեղծ առաքեալները
1Երանի՜ թէ քիչ մը ներէիք իմ անմտութեանս. և իրաւցընէ համբերեցէք ինծի: 2Վասն զի ձեր վրայ նախանձաւոր եմ Աստուծոյ նախանձովը. վասն զի ես ձեզ էրկան մը նշանեցի` մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսի դիմաց հանելու: 3Միայն թէ կը վախնամ` չըլլայ թէ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր միտքերը ապականին Քրիստոսի վրայ եղած միամտութենէն: 4Վասն զի եթէ մէկը գալու ըլլայ և ուրիշ Յիսուս քարոզէ` զոր մենք չքարոզեցինք, կամ ուրիշ հոգի առնէք` զոր չառիք, կամ ուրիշ աւետարան` զոր չէք ընդունած, այնպիսիներուն աղէկ կը համբերէիք: 5Քանզի ես այսպէս կը սեպեմ` որ ամէնէն երևելի առաքեալներէն բանով մըն ալ պակաս չեմ: 6Եւ թէպէտ խօսքի կողմէ անկիրթ եմ, բայց ոչ թէ գիտութեան կողմէ. սակայն ամէն բանի մէջ բոլորովին անձերնիս ձեզի յայտնի ըրինք: 7Միթէ յանցա՞նք գործած եղայ` որ Աստուծոյ աւետարանը ձեզի ձրի քարոզելով իմ անձս խոնարհեցուցի, որպէս զի դուք բարձրանաք: 8Ուրիշ եկեղեցիները կողոպտեցի, անոնցմէ թոշակ առնելով ձեզի ծառայելու համար: 9Ու ձեր քով գտնուած ատենս երբ պակսութիւն մը ունեցայ, ձեզմէ մէկո°ւն ձանձրութիւն չտուի. վասն զի իմ պակսութիւնս լեցուցին Մակեդոնիայէ եկող եղբայրները. և ամէն կերպով ձեզի ծանրութիւն տալէ իմ անձս պահեցի ու պիտի պահեմ ալ: 10Քրիստոսի ճշմարտութիւնը իմ ներսիդիս է, որ այս իմ պարծենալս պիտի չխափանուի ինծմէ Աքայիայի կողմերը: 11Ինչո՞ւ. որպէս թէ չե՞մ սիրեր ձեզ. զայն Աստուած գիտէ: 12Բայց ինչ որ կ’ընեմ` պիտի ընեմ ալ, որպէս զի կտրեմ անոնց պատճառը` որոնք պատճառ կը փնտռեն, որպէս զի ի°նչ բանով որ կը պարծենան, իրենք ալ մեզի պէս գտնուին: 13Վասն զի այնպիսիները սուտ առաքեալներ, խաբեբայ բանուորներ, ըլլալով, Քրիստոսի առաքեալներուն կերպարանքը իրենց վրայ կ’առնեն: 14Եւ զարմանք մը չէ․ վասն զի ինք ëատանայ ալ լուսա-ւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ. 15Ալ մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներու նման կերպարանք կ’առնեն. որոնց վերջը իրենց գործերուն համեմատ պիտի ըլլայ:
Պօղոսին տառապանքը իբր առաքեալ
16Դարձեալ կ’ըսեմ, Չըլլայ որ մէկը զիս անմիտ սեպէ, ապա թէ ոչ` գոնէ անմիտի մը պէս զիս ընդունեցէք, որպէս զի ես ալ քիչ մը պարծենամ: 17Ինչ որ ես կը խօսիմ, ոչ թէ Տէրոջը կամքին պէս կը խօսիմ, հապա որպէս թէ անմտութիւնով մը` այդ պարծենալուն վստահութիւնովը: 18Որովհետև շատերը մարմնի կողմանէ կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ: 19Քանզի դուք իմաստուն ըլլալով, յօժարութեամբ կը համբերէք անմիտներուն: 20Վասն զի կը համբերէք, եթէ մէկը ձեզ ծառայեցնէ, եթէ մէկը ձեր ստացուածքը ուտէ, եթէ մէկը ձեզմէ բան մը առնէ, եթէ մէկը ձեր վրայ հպարտանայ, եթէ մէկը ձեր երեսին զարնէ: 21Քամահրանքի ձևով կը խօսիմ, իբր թէ մենք տկար էինք. բայց ինչ բանով որ մէկը պարծենալու կը համարձակի, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ես ալ կը համարձակիմ: 22Անոնք Եբրայեցի՞ են, ես ալ. Իսրայելացի՞ են, ես ալ. 23Աբրահամի՞ սերունդ են, ես ալ. Քրիստոսի՞ պաշտօնեաներ են, (յիմարաբար կը խօսիմ,) ալ աւելի ես. աշխատանքներով` աւելի, ծեծերով ալ աւելի, բանտարկութիւններով աւելի, մահուան վտանգներով` շատ անգամ. 24Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ կերայ. 25Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ, մէկ անգամ քարկոծուեցայ. երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցայ. գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը մնացի. 26Շատ անգամ ճամբորդութիւններու մէջ չարչարուեցայ. գետերէն վտանգներ, աւազակներէն վտանգներ, իմ ազգէս վտանգներ, հեթանոսներէն վտանգներ, քաղաքի մէջ վտանգներ, անապատի մէջ վտանգներ, ծովու վրայ վտանգներ, սուտ եղբայրներու մէջ վտանգներ կրեցի. 27Ջանքի ու աշխատանքի մէջ, շատ անգամ քնահատութեան մէջ, անօթութեան ու ծարաւութեան մէջ, շատ անգամ ծոմ կենալու մէջ, ցուրտի ու մերկութեան մէջ էի. 28Ձգէ արտաքին նեղութիւնները, ամէն օրուան զբաղմունքը, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը, վրաս կը դիզուէր: 29Ո՞վ կը տկարանայ, ու ես չեմ տկարանար. ո՞վ կը գայթակղի, ու իմ սիրտս չայրիր: 30Եթէ պարծենալ պէտք ըլլայ, տկարութեանս բաներուն վրայ պարծենամ: 31Աստուած և մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ յաւիտեան օրհնեալ է, գիտէ որ սուտ չեմ զրուցեր: 32Դամասկոսի մէջ Արետա թագաւորին ազգապետը զիս բռնել ուզելով` Դամասկացւոց քաղաքը պահապաններ դրեր էր. 33Եւ ես պատուհանէ մը զամբիւղով պարսպէն վար թող տրուեցայ, ու անոր ձեռքէն փախայ: