Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
34
Յուդայի Յովսիա թագաւորը
1Յովսիա ութ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորեց: 2Եւ անիկա Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ, ու իր հօրը Դաւիթի ճամբաներուն մէջ քալեց, ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ:
Յովսիա կռապաշտութեան դէմ
3Եւ իր թագաւորութեանը ութերորդ տարին երբ դեռ ինք պատանի էր, իր հօրը Դաւիթի Աստուածը խնդրել սկսաւ. ու երկոտասաներորդ տարին՝ Յուդան ու Երուսաղէմը բարձր տեղերէն, Աստարովթի կուռքերէն և քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերէն մաքրել սկսաւ: 4Եւ Բահաղիմի սեղանները անոր առջև կործանեցին. ու անոնց վրայի արեգական կուռքերը կոտրտեց, և Աստարովթի կուռքերը ու քանդակուած և ձուլածոյ կուռքերը մանրեց ու փշրեց, ու անոնց զոհ մատուցանողներուն գերեզմաններուն վրայ ցանեց: 5Եւ քուրմերուն ոսկորները անոնց սեղաններուն վրայ այրեց, ու Յուդան ու Երուսաղէմը մաքրեց: 6Եւ Մանասէի ու Եփրեմի ու Շմաւոնի քաղաքներուն մէջ մինչև Նեփթաղիմ, և անոնց բոլորտիքը եղած աւերակ տեղերը նոյնպէս ըրաւ*: 7Ու սեղանները և Աստարովթի կուռքերը կործանեց, ու քանդակուած կուռքերը մանրեց ու փշրեց, և Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ եղող բոլոր արեգական կուռքերը կոտրտեց, ու Երուսաղէմ դարձաւ:
Օրէնքին գիրքը կը գտնուի
8Եւ իր թագաւորութեանը տասնըութերորդ տարին երբ երկիրը ու իր տունը մաքրեց, Եսելիայի որդին Սափանը ու քաղաքին իշխանը Մաասիան ու Յովաքազի որդին Յովաքը, յիշատակաց դպիրը, ղրկեց, որպէս զի իր Տէր Աստուծոյն տունը նորոգեն: 9Եւ անոնք Քեղկիա քահանայապետին եկան. ու Աստուծոյ տունը բերուած ստակը առին, զոր Ղևտացիները, դրան պահապանները, Մանասէի ու Եփրեմի ձեռքէն և Իսրայէլի բոլոր մնացորդէն ու բոլոր Յուդայէ ու Բենիամինէ ու Երուսաղէմի բնակիչներէն ժողվեր էին. 10Եւ Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին. անոնք ալ Տէրոջը տանը մէջ գործող բանուորներուն տուին զանիկա՝ տունը նորոգելու ու շինելու համար, 11Այսինքն հիւսերուն ու շինողներուն տուին, որպէս զի Յուդայի թագաւորներուն աւրած տուները շինելու համար տաշուած քարեր, ու գերաններու համար փայտեր ծախու առնեն: 12Եւ այն մարդիկը գործը հաւատարմութեամբ կը բանէին. ու գործը յառաջ տանելու համար անոնց վրայ կեցողները Մերարիի որդիներէն՝ Ղևտացի Յեթ ու Աբդիա, և Կահաթեանց որդիներէն Զաքարիա ու Մեսուղամ էին. նաև Ղևտացիները, երգոց նուագարաններուն աղէկ տեղեակ եղողներուն ամէնը. 13Նաև բեռնակիրներուն ու ամէն տեսակ գործը բանողներուն վերակացուներն էին, և դպիրները, ոստիկանները ու դռնապանները Ղևտացիներէն էին։ 14Ու երբ Տէրոջը տունը բերուած ստակը կը հանէին, Քեղկիա քահանան Մովսէսի ձեռքով տրուած Տէրոջը օրինաց գիրքը գտաւ. 15Ու Քեղկիա պատասխան տուաւ ու Սափան դպիրին ըսաւ, Տէրոջը տանը մէջ օրինաց գիրք մը գտայ. ու Քեղկիա այն գիրքը Սափանի տուաւ։ 16Եւ Սափան գիրքը թագաւորին տարաւ, ու թագաւորին պատասխան բերաւ՝ ըսելով, Քու ծառաներդ իրենց յանձնուած բոլոր գործը կը կատարեն. 17Եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին, ու զանիկա վերակացուներուն ձեռքը ու գործը բանողներուն ձեռքը տուին։ 18Եւ Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ, Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ. ու Սափան անոր մէջէն թագաւորին առջև կարդաց։ 19Ու թագաւորը օրինաց խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։ 20Եւ թագաւորը Քեղկիայի, ու Սափանի որդւոյն Աքիկամի, ու Միքայի որդւոյն Աբդօնի, և Սափան դպիրին, ու թագաւորի ծառային Ասայիայի պատուիրեց ու ըսաւ, 21Գացէք ինծի համար, և Իսրայէլի ու Յուդայի մնացորդներուն համար այս գտնուած գիրքին խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէք. վասն զի մեր հայրերուն Տէրոջը խօսքը չպահելուն համար, և այս գիրքին մէջ բոլոր գրուածները չկատարելուն համար մեր վրայ թափուած Տէրոջը բարկութիւնը մեծ է։ 22Ու Քեղկիա և թագաւորին մարդիկը Ասրայի որդւոյն Թեկուայի որդւոյն Սեղղում հանդերձապետին կնոջ, Ողդա մարգարէուհիին, գացին. և անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր. ու անոր հետ այնպէս խօսեցան։ 23Եւ անիկա ըսաւ անոնց, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն ըսէք, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 24Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն այն բոլոր անէծքները. որոնք Յուդայի թագաւորին առջև կարդացուած գիրքին մէջ գրուած են. 25Որովհետև զիս թողուցին և ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի թափի ու պիտի չմարի։ 26Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ լսած խօսքերուդ համար. 27Որովհետև քու սիրտդ կակղացաւ, ու Աստուծոյ առջև խոնարհեցար, երբ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ անոր ըսած խօսքերը լսեցիր, և իմ առջևս խոնարհեցար, ու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջևս լացիր, ես ալ լսեցի, կ’ըսէ Տէրը։ 28Ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ, ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս. և այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան բերին։
Յովսիա Տէրոջը հնազանդիլ կ’ուխտէ
29Եւ թագաւորը մարդ ղրկեց, ու Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ծերերը ժողվեց։ 30Եւ թագաւորը ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բնակիչները և քահանաները ու Ղևտացիները ու բոլոր ժողովուրդը, մեծէն մինչև պզտիկը, Տէրոջը տունը ելան, և Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գիրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջև կարդաց։ 31Ու թագաւորը իր տեղը ոտքի վրայ կայնեցաւ, ու Տէրոջը առջև ուխտ ըրաւ, որպէս զի այն գիրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը կատարելու համար Տէրոջը ետևէն երթայ, և անոր պատուիրանքները ու վկայութիւնները ու կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։ 32Ու Երուսաղէմի ու Բենիամինի մէջ բոլոր գտնուողները կայնեցուց. ու Երուսաղէմի բնակիչները Աստուծոյ, իրենց հայրերուն Աստուծոյն, ուխտին պէս ըրին։ 33Եւ Յովսիա Իսրայէլի որդիներուն ամէն երկիրներէն բոլոր գարշութիւնները վերցուց, ու բոլոր Իսրայէլի մէջ գտնուողներուն իրենց Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընել տուաւ. անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծմէն չխոտորեցան։