Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

32

Ասորեստան Երուսաղէմին կը սպառնայ

1Այս բաներէն ու այս ճշմարտութէնէն ետքը Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը եկաւ, ու Յուդայի երկիրը մտնելով՝ պարսպաւոր քաղաքներուն դէմ բանակեցաւ, ու միտքը դրած էր որ զանոնք բռնութեամբ իրեն առնէ։ 2Ու Եզեկիա տեսնելով որ Սենեքերիմ եկեր է, ու Երուսաղէմի դէմ պատերազմիլ կ’ուզէ, 3Իր իշխաններուն ու զօրաւորներուն հետ խորհուրդ ըրաւ, որ քաղաքէն դուրս եղող աղբիւրներուն ջուրերը գոցէ. և անոնք անոր օգնութիւն ըրին։ 4Ու շատ ժողվուեցաւ, ու բոլոր աղբիւրները ու երկրին մէջէն անցնող հեղեղատը գոցեցին՝ ըսելով, Ինչո՞ւ համար Ասորեստանի թագաւորները գան, ու առատ գտնեն։ 5Ու Եզեկիա զինք ուժովցուց, և ամէն փլած պարիսպները շինեց, ու աշտարակները բարձրացուց, ու դուրսէն ուրիշ պարիսպ մըն ալ շինեց.․ և Դաւիթի քաղաքին մէջ եղող Մելօնը նորոգեց, ու շատ նիզակներ ու ասպարներ շինեց։ 6Եւ ժողովուրդին վրայ պատերազմի զօրապետներ դրաւ, ու զանոնք քաղաքին դրանը հրապարակին մէջ իր քով ժողվեց, և անոնց հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ՝ ըսելով, 7Զօրացէք ու քաջասիրտ եղէք. Ասորեստանի թագաւորին երեսէն, ու անոր հետ եղող բոլոր բազմութեանը երեսէն մի վախնաք ու մի զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատուոր են։ 8Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի, ու մեր պատերազմներուն մէջ առաջնորդութիւն պիտի ընէ*։ Եւ ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ*։ 9Ասկէ ետև Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը, երբ ինք ու իր բոլոր իշխանները Լաքիսի վրայ էին, իր ծառաները ղրկեց Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ու Երուսաղէմ եղող բոլոր Յուդայի՝ ըսելով, 10Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. Դուք որո՞ւ ապաւինելով Երուսաղէմ պաշարման մէջ կը նստիք: 11Չէ՞ որ Եզեկիա ձեզ գլխէ կը հանէ, որպէս զի ձեզ անօթութեամբ ու ծարաւով մեռնելու մատնէ, ըսելով թէ Մեր Տէր Աստուածը մեզ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատէ։ 12Ասիկա նոյն Եզեկիան չէ՞, որ անոր բարձր տեղերը ու սեղանները վերցուց, և Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսաւ, Միայն մէկ սեղանի առջև երկրպագութիւն ըրէք, ու անոր վրայ ծխեցէք։ 13Չէ՞ք գիտեր թէ երկիրներուն ամէն ժողովուրդներուն ի՛նչ ըրի ես ու իմ հայրերս. միթէ այն երկիրներուն ազգաց աստուածները իրենց երկիրները կրցա՞ն իմ ձեռքէս ազատել։ 14Իմ հայրերուս բնաջինջ ըրած ազգերուն բոլոր աստուածներուն ո՞րը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ազատելու կարող եղաւ, որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս ազատելու կարող ըլլայ։ 15Եւ հիմա Եզեկիա ձեզ չխաբէ, ու ձեզ այդպէս գլխէ չհանէ, անոր մի հաւատաք, վասն զի ազգի մը կամ թագաւորութեան մը բնաւ մէկ աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ու իմ հայրերուս ձեռքէն չկրցաւ ազատել. ո՛ւր մնաց որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս ազատէ։ 16Եւ անոր ծառաները Տէր Աստուծոյ դէմ ու անոր ծառային Եզեկիայի դէմ աւելի խօսքեր ալ ըսին։ 17Եւ Սենեքերիմ Իսրայէլի Տէր Աստուածը հայհոյելով ու անոր դէմ խօսելով նամակ գրեց ու ըսաւ, Ինչպէս երկիրներուն ազգաց աստուածները իրենց ժողովուրդները իմ ձեռքէս չկրցան ազատել, այնպէս Եզեկիայի Աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս պիտի չազատէ։ 18Եւ պարսպին վրայ եղող Երուսաղէմի ժողովուրդին՝ բարձր ձայնով Եբրայեցերէն պոռացին, զանոնք վախցընելու ու շփոթութեան մէջ ձգելու համար, որպէս զի քաղաքը առնեն։ 19Ու Երուսաղէմի Աստուծոյն դէմ խօսեցան՝ իբրև երկրի ժողովրդոց աստուածներու դէմ, որոնք մարդու ձեռագործ են։ 20Ու Եզեկիա թագաւորը և Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն այս բանին համար դէպ ի երկինք աղաղակելով ըրին։ 21Եւ Տէրը հրեշտակ մը ղրկեց, ու Ասորեստանի թագաւորին բանակին մէջ ամէն զօրաւոր կտրիճը ու իշխանը ու զօրագլուխը զարկաւ. և անիկա ամօթով իր երկիրը դարձաւ. ու իր աստուծոյն տունը մտաւ, և իր երանքէն ելած որդիները զանիկա հոն սրով մեռցուցին: 22Այսպէս Տէրը Եզեկիան ու Երուսաղէմի բնակիչները Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին ձեռքէն և ամէնուն ձեռքէն ազատեց, ու զանոնք ամէն կողմանէ պաշտպանեց: 23Եւ շատերը Տէրոջը ընծաներ կը բերէին Երուսաղէմ, ու Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ալ պատուական բաներ. ու անկէ ետքը անիկա բոլոր ազգերուն առջև բարձրացաւ:

Եզեկիայի հիւանդութիւնը և հպարտութիւնը

24Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ, ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ. և Տէրը խօսեցաւ անոր, ու մը ըրաւ* անոր: 25Ու Եզեկիա իր ընդունած բարիքին փոխարէն շնորհակալութիւն չմատուց, վասն զի անոր սիրտը հպարտացաւ. ուստի անոր վրայ և Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ: 26Բայց Եզեկիա իր սրտին հպարտութեանը համար խոնարհեցաւ, թէ՛ ինք և թէ՛ Երուսաղէմի բնակիչները. անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը Եզեկիայի օրերը անոնց վրայ չեկաւ:

Եզեկիայի հարստութիւնը և փառքը

27Ու Եզեկիա խիստ շատ հարստութիւն ու ունեցաւ. և անիկա իրեն արծաթի, ոսկիի, պատուական քարերու, խունկերու, ասպարներու ու ամէն տեսակ ցանկալի անօթներու համար գանձարաններ շինեց. 28Եւ ցորենի ու գինիի ու իւղի բերքերուն համար շտեմարաններ, և ամէն տեսակ անասուններու համար ախոռներ, ու հօտերու համար փարախներ շինեց: 29Եւ քաղաքներ շինեց իրեն, ու շատ ոչխարներ ու արջառներ ստացաւ. վասն զի խիստ շատ ստացուածք տուաւ անոր: 30Ու այս Եզեկիան Գեհոնի վերի ջրանցքը գոցեց, ու զանիկա դէպ ի վար Դաւիթի քաղաքին արևմտեան կողմը ուղղեց. ու Եզեկիա իր բոլոր գործերուն մէջ յաջողութիւն գտաւ: 31Բայց երբ Բաբելոնի իշխաններուն դեսպանները անոր ղրկուեցան՝ երկրին մէջ եղած հրաշքը հարցնելու համար, Աստուած զանիկա թողուց որպէս զի փորձէ, ու բոլոր անոր սրտին մէջ եղածը գիտնայ:

Եզեկիայի թագաւորութեան վախճանը

32Ու Եզեկիայի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բարեպաշտութիւնը՝ ահա Ամովսի որդւոյն Եսայի մարգարէին մարգարէութեանը մէջ՝ և Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գիրքին մէջ գրուած են: 33Ու Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ. ու զանիկա Դաւիթի որդիներուն ամէնէն բարձր գերեզմաններուն մէջ թաղեցին. և բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները պատիւ ըրին անոր իր մահուան ատենը. ու անոր տեղ անոր որդին Մանասէ թագաւոր եղաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)