Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
30
Զատկի պատրաստութիւն
1Ու Եզեկիա բոլոր Իսրայէլի և Յուդայի մարդ ղրկեց. ու Եփրեմի ու Մանասէի ալ նամակներ գրեց, որպէս զի Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գան, ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն զատիկ ընեն։ 2Եւ թագաւորը ու անոր իշխանները ու բոլոր ժողովքը Երուսաղէմի մէջ խորհուրդ ըրին, որ զատիկը երկրորդ ամսուն մէջ ընեն. 3Վասն զի այն ատեն կարող չէին զանիկա ընելու, քանզի բաւական քահանաներ սրբուած չէին, ու ժողովուրդը Երուսաղէմ ժողվուած չէր։ 4Եւ այս բանը թագաւորին առջև ու բոլոր ժողովքին առջև հաճոյ երևցաւ. 5Ու այնպէս որոշեցին, որ բոլոր Իսրայէլի մէջ Բերսաբէէէ մինչև Դան լուր ղրկեն, որպէս զի գան ու Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն զատիկ ընեն. քանզի շատ ատենէ ի վեր գրուածին պէս ըրած չէին։ 6Եւ սուրհանդակները թագաւորին ու իշխաններուն նամակներովը բոլոր Իսրայէլի ու Յուդայի գացին, ու թագաւորին հրամանին համեմատ ըսին, Ով Իսրայէլի որդիներ, Աբրահամի, Իսահակի ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դարձէք, ու ան ալ պիտի դառնայ ձեզի, որ Ասորեստանի թագաւորներուն ձեռքէն ազատելով՝ ձեր երկիրը մնացեր էք։ 7Եւ ձեր հայրերուն պէս ու ձեր եղբայրներուն պէս մի ըլլաք, որոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծմէն ապստամբեցան. ան ալ զանոնք կործանման մատնեց, ինչպէս դուք կը տեսնէք։ 8Ուրեմն ձեր հայրերուն պէս ձեր պարանոցը մի խստացնէք. հնազանդեցէք Տէրոջը, ու եկէք անոր սրբարանը զոր ինք յաւիտեան սրբած է. ու ձեր Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ըրէք, որպէս զի անոր սաստիկ բարկութիւնը ձեզմէ դառնայ։ 9Քանզի եթէ դուք Տէրոջը դառնաք, ձեր եղբայրները ու ձեր որդիները զիրենք գերի տանողներուն երեսէն գթութիւն պիտի գտնեն, և այս երկիրը պիտի դառնան. վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ողորմած ու գթած է. ու եթէ անոր դառնաք, ձեզմէ երես պիտի չդարձնէ։ 10Եւ սուրհանդակները Եփրեմի ու Մանասէի երկիրը քաղաքէ քաղաք պտըտելով, մինչև Զաբուղոն գացին. բայց զանոնք ծաղր կ’ընէին ու կ’արհամարհէին։ 11Սակայն Ասերէ ու Մանասէէ ու Զաբուղոնէ ոմանք խոնարհեցան ու Երուսաղէմ գացին։ 12Յուդայի վրայ ալ Աստուծոյ ձեռքը կար, որ անոնց մէկ սիրտ տայ, որպէս զի թագաւորին ու իշխաններուն՝ Տէրոջը խօսքին համեմատ պատուիրածը կատարեն։
Զատիկը կը հռչակուի
13Ու Երուսաղէմի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ հաւաքուեցան երկրորդ ամսուն մէջ բաղարջակերաց տօնը կատարելու համար, ու խիստ մեծ ժողովք մը եղաւ։ 14Եւ ելան Երուսաղէմի մէջ եղող զոհի սեղանները ու բոլոր խունկի սեղանները վերցուցին, ու Կեդրոն հեղեղատը նետեցին։ 15Ու երկրորդ ամսուն չորեքտասաներորդ օրը զատիկը մորթեցին. և քահանաները ու Ղևտացիները ամչցան ու սրբուեցան, ու Տէրոջը տունը ողջակէզներ բերին։ 16Եւ Աստուծոյ մարդուն Մովսէսի օրէնքին համեմատ, իրենց սովորութեանը պէս, իրենց տեղը կայնեցան. քահանաները Ղևտացւոց ձեռքէն արիւնը կ’առնէին ու կը սրսկէին։ 17Քանզի ժողովքին մէջ չսրբուածները շատ էին. ու բոլոր մաքուր չեղողներուն համար զատկի գառը Ղևտացիները կը մորթէին, որպէս զի զանիկա Տէրոջը սրբեն։ 18Վասն զի ժողովուրդէն շատերը, այսինքն Եփրեմէ, Մանասէէ, Իսաքարէ ու Զաբուղոնէ եկողներէն շատերը, մաքուր չէին. այսու ամենայնիւ զատիկը կերան՝ բայց ոչ թէ գրուածին համեմատ. իսկ Եզեկիա անոնց համար աղօթք ըրաւ ու ըսաւ, Բարերար Տէրը քաւութիւն ընէ այն բոլոր մարդոց՝ 19Որոնք սիրտերնին ուղղեցին Տէր Աստուածը, իրենց հայրերուն Աստուածը, փնտռելու, թէև անոնք սրբարանին մաքրութեանը համեմատ մաքրուած չըլլան։ 20Եւ Տէրը Եզեկիայի աղօթքը լսեց, ու ժողովուրդին թողութիւն տուաւ*։ 21Ու Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի որդիները մեծ ուրախութեամբ եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին. ու Ղևտացիները և քահանաները ամէն օր բարձրաձայն նուագարանները Տէրոջը հնչեցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին։ 22Ու Եզեկիա քաղցրութեամբ խօսեցաւ Տէրոջը բարի հանճարը իմացող բոլոր Ղևտացիներուն. և տօնին եօթը օրը խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով ու իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն գոհութիւն տալով կ’ուտէին։
Երկրորդ հռչակում մը
23Եւ բոլոր ժողովքը խորհուրդ ըրին որ ուրիշ եօթը օր ալ տօն պահեն, ու եօթը օր ալ մեծ ուրախութիւն ըրին։ 24Քանզի Յուդայի Եզեկիա թագաւորը ժողովքին հազար զուարակ ու եօթը հազար ոչխար պարգևեց. իշխաններն ալ ժողովքին հազար զուարակ ու տասը հազար ոչխար պարգևեցին. ու շատ քահանաներ սրբուեցան։ 25Եւ բոլոր Յուդայի ժողովքը, ու քահանաները, ու Ղևտացիները, և Իսրայէլէ եկողներուն բոլոր ժողովքը, ու Իսրայէլի երկրէն եղող և Յուդայի մէջ բնակող պանդուխտները ուրախացան։ 26Ու Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ. քանզի Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթի որդւոյն Սողոմոնի, օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ այսպիսի ուրախութիւն մը եղած չէր։ 27Անկէ ետքը Ղևտացի քահանաները ելան ու ժողովուրդը օրհնեցին. և անոնց ձայնը լսուեցաւ, ու անոնց աղօթքը Աստուծոյ սուրբ բնակարանը, երկինք, հասաւ։