Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
25
Յուդայի Ամասիա թագաւորը
1Ամասիա քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Յովադան էր, ու Երուսաղեմացի էր: 2Եւ Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ կատարեալ սրտով: 3Ու երբ թագաւորութիւնը անոր վրայ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր հայրը թագաւորը սպաններ էին. 4Բայց անոնց որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսի օրինաց գիրքին մէջ գրուած է. ու Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով, Տղոց յանցանքին համար հայրերը չմեռցուին, ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը չմեռցուին, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար պիտի մեռցուի: 5Եւ Ամասիա Յուդան ժողվեց, ու անոնց տոհմերուն վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ բոլոր Յուդայի ու Բենիամինի մէջ, և զանոնք քսան տարեկանէն վեր համրեց, ու պատերազմի ելլող և նիզակ ու վահան կրող երեք հարիւր հազար ընտիր զօրք գտաւ։ 6Ու անիկա հարիւր տաղանդ արծաթով Իսրայէլէ հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճ վարձքով բռնեց։ 7Եւ Աստուծոյ մարդ մը եկաւ անոր ու ըսաւ, Ով թագաւոր, Իսրայէլի զօրքը քեզի հետ չերթայ. քանզի Տէրը Իսրայէլի հետ, այսինքն բոլոր Եփրեմի որդիներուն հետ, չէ. 8Բայց եթէ դուն երթալ կ’ուզես, այնպէս ըրէ, ու պատերազմի համար ուժովցիր, բայց Աստուած թշնամիին առջև պիտի կործանէ քեզ. քանզի օգնելու ու կործանելու զօրութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է։ 9Եւ Ամասիա Աստուծոյ մարդուն ըսաւ, Հապա ի՞նչպէս ընելու է այն հարիւր տաղանդը զոր ես Իսրայէլի զօրքին տուի. ու Աստուծոյ մարդը ըսաւ, Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ։ 10Եւ Ամասիա Եփրեմէ իրեն եկող գունդերը զատեց, որպէս զի իրենց տեղը երթան. ու անոնք Յուդայի վրայ խիստ սրդողեցան, ու սաստիկ բարկութեամբ իրենց տեղը դարձան։
Պատերազմ Սէիրի դէմ
11Եւ Ամասիա ուժովցաւ ու իր զօրքը հանեց, ու Աղի ձորը գնաց, և Սէիրի որդիներէն տասը հազարը զարկաւ. 12Ու տասը հազարն ալ Յուդայի որդիները ողջ գերի առին, և քարաժայռին գլուխը տարին, ու զանոնք քարաժայռին գլխէն վար ձգեցին, ու ամէնն ալ կտոր կտոր եղան։ 13Եւ այն զօրքերը՝ զորոնք Ամասիա ետ ղրկեց, որպէս զի իրեն հետ պատերազմի չերթան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ յարձակեցան՝ Սամարիայէ մինչև Բեթորոն, ու անոնցմէ երեք հազար մարդ մեռցուցին, և շատ աւար առին։ 14Ու երբ Ամասիա Եդովմայեցիները ջարդելէն դարձաւ, Սէիրի որդիներուն աստուածները բերաւ. ու զանոնք կանգնեց, որպէս զի իրեն աստուածներ ըլլան. և անոնց առջև երկրպագութիւն կ’ըներ, ու անոնց խունկ կը ծխէր։ 15Ու Տէրոջը բարկութիւնը Ամասիայի վրայ բորբոքեցաւ, և անոր մարգարէ մը ղրկեց՝ ըսելով, Դուն ինչո՞ւ փնտռեցիր այն ժողովուրդին աստուածները՝ որոնք չկրցան իրենց ժողովուրդը քու ձեռքէդ ազատել։ 16Ու երբ անոր հետ կը խօսէր, թագաւորը ըսաւ անոր, Միթէ քեզ թագաւորի խորհրդակա՞ն դրին. լուռ կեցիր, չըլլայ որ* քեզ զարնեն։ Եւ մարգարէն լռեց. ու ըսաւ, Աղէկ գիտեմ որ Աստուած որոշեր է քեզ կորսնցնել, որովհետև իմ խրատս մտիկ չընելով՝ այդ բանը ըրիր։
Պատերազմ Իսրայէլի դէմ
17Եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորը խորհուրդ ըրաւ, ու Իսրայէլի թագաւորին, Յէուի որդւոյն Յովաքազի որդւոյն Յովասի, մարդ ղրկեց՝ ըսելով, Եկուր, երես երեսի տեսնուինք։ 18Եւ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ, Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղևնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով, Քու աղջիկդ իմ տղուս կին տուր. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ, ու փուշը կոխկռտեց։ 19Դուն, Ահա Եդովմը զարկի, ըսիր, ու քու սիրտդ քեզ բարձրացնելով հպարտացուց. հիմա քու տունդ նստէ. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզի հետ Յուդա ալ։ 20Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ. քանզի ասիկա Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնէ, Եդովմայեցւոց աստուածները փնտռելնուն համար։ 21Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ. և ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։ 22Եւ Յուդա Իսրայէլի առջև յաղթուեցաւ, ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։ 23Եւ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Յովաքազի որդւոյն Յովասի որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը, Բեթսամիւսի մէջ բռնեց, ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ. ու Եփրեմի դռնէն մինչև Անկեան դուռը՝ Երուսաղէմի պարսպին չորս հարիւր կանգունը փլցուց։ 24Եւ բոլոր ոսկին ու արծաթը, և Աստուծոյ տանը մէջ գտնուած՝ Աբդեդօմի քովի բոլոր ամանները, ու թագաւորին տանը գանձերը, և պատանդներ ալ առաւ, ու Սամարիա դարձաւ։ 25Եւ Յուդայի թագաւորը, Յովասի որդին Ամասիա, Իսրայէլի թագաւորին Յովաքազի որդւոյն Յովասի մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։ 26Ու Ամասիայի մնացորդ պատմութիւնը, առաջինը ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գիրքին մէջ գրուած է։ 27Եւ Ամասիա երբ Տէրոջը հետեւելէն խոտորեցաւ, անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին. ու անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետևէն Լաքիս մարդ ղրկեցին, և զանիկա հոն մեռցուցին։ 28Ու ձիերով վերցուցին, ու զանիկա իր հայրերուն հետ Յուդայի քաղաքին մէջ թաղեցին։