Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

24

Յովաս Յուդայի թագաւոր

1Յովաս եօթը տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ. ու անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն: 2Եւ Յովաս՝ Յովիադա քահանային բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ: 3Ու Յովիադա անոր երկու առնել տուաւ. ու տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ: 4Եւ ասկէ ետքը Յովաս ուզեց որ Տէրոջը տունը նորոգէ: 5Ու քահանաները ու Ղևտացիները ժողվեց, և անոնց ըսաւ, Յուդայի քաղաքները ելէք, ու ձեր Աստուծոյն տունը նորոգելու համար բոլոր Իսրայէլէ տարուէ տարի ստակ ժողվեցէք, ու այս գործը շուտով ըրէք. բայց Ղևտացիք շուտով չըրին: 6Եւ թագաւորը Յովիադա իշխանը կանչեց, ու անոր ըսաւ, Տէրոջը ծառային, Մովսէսի, ու Իսրայէլի ժողովքին վկայութեան խորանին համար պատուիրած տուրքը ինչո՞ւ համար Ղևտացիներէն չպահանջեցիր, որ Յուդայէ ու Երուսաղէմէ բերեն: 7(Քանզի անօրէն Գոթողիա ու անոր որդիները Աստուծոյ տունը աւրեր էին, ու Տէրոջը տանը բոլոր սուրբ բաները Բահաղիմի նուիրեր էին:) 8Եւ թագաւորը հրամայեց. ու սնտուկ մը շինեցին, ու զանիկա Տէրոջը տանը դրանը դուրսի կողմը դրին: 9Եւ Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ Աստուծոյ ծառային, Մովսէսի, անապատին մէջ Իսրայէլի պատուիրած տուրքը Տէրոջը բերեն: 10Եւ բոլոր իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը ուրախացան, ու բերին սնտուկին մէջ ձգեցին, մինչև որ անիկա լեցուեցաւ: 11Ու երբ սնտուկը Ղևտացւոց ձեռքով թագաւորին վերակացուներուն կը տարուէր, և անոնք կը տեսնէին որ ստակը շատցեր է, թագաւորին գրագիրը ու մեծ քահանային վերակացուն կու գար, և սնտուկը կը պարպէին, ու զանիկա վերցնելով իր տեղը կը դարձնէին. օրէ օր այսպէս կ’ընէին, ու շատ ստակ ժողվեցին: 12Եւ թագաւորը ու Յովիադա զանիկա Տէրոջը տանը ծառայութեան գործը ընողներուն կու տային. ու անոնք Տէրոջը տունը նորոգելու համար՝ վարձքով քարահատներ ու հիւսեր կը բռնէին. ու Տէրոջը տունը ամրացնելու համար՝ երկաթագործներուն ու պղնձագործներուն ալ կու տային: 13Եւ բանուորները կ’աշխատէին. ու նորոգութեան գործը անոնց ձեռքով կատարուեցաւ. ու Աստուծոյ տունը իր ձևին բերելով՝ զանիկա ամրացուցին: 14Ու երբ նորոգութիւնը լմնցուցին, մնացած ստակը թագաւորին ու Յովիադայի առջև բերին. ու անով Տէրոջը տանը համար անօթներ, պաշտօնին ու ողջակէզներուն համար ամաններ ու խնկամաններ, և ուրիշ ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ շինեցին. ու Յովիադայի բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ միշտ ողջակէզներ կը մատուցանէին: 15Եւ Յովիադա ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով մեռաւ. ու մեռած ատենը հարիւր երեսուն տարեկան էր: 16Եւ զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղեցին. քանզի անիկա Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր:

Յովիադային կարգադրութիւնը կը փոխուի

17Եւ Յովիադայի մեռնելէն ետքը Յուդայի իշխանները եկան, ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրին. այն ատեն թագաւորը անոնց մտիկ ըրաւ. 18Ու իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը թողուցին, և Աստարովթի կուռքերուն ու չաստուածներուն ծառայութիւն ըրին. և Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ իրենց այս յանցանքին համար: 19Վասն զի անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէս զի զանոնք Տէրոջը դարձնեն. ու անոնց վկայութիւն ըրին, բայց անոնք մտիկ չըրին: 20Եւ Յովիադա քահանային որդւոյն Զաքարիայի վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ, ու անիկա ժողովուրդին մէջ բարձր տեղ մը կայնեցաւ, ու անոնց ըսաւ, այսպէս կ’ըսէ, Դուք ինչո՞ւ համար Տէրոջը պատուիրանքներէն կը խոտորիք. դուք բնաւ յաջողութիւն պիտի չգտնէք, քանզի դուք Տէրը մերժեցիք, ան ալ ձեզ պիտի մերժէ: 21Եւ անոնք անոր դէմ միաբանեցան, ու զանիկա թագաւորին հրամանովը Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ քարերով քարկոծեցին: 22Եւ Յովաս թագաւորը անոր հօրը Յովիադայի իրեն ըրած բարերարութիւնը չյիշելով՝ անոր որդին մեռցուց. ու անիկա մեռած ատենը ըսաւ, Տէրը տեսնէ ու դատէ:

Յովաս թագաւորին վախճանը

23Եւ հետևեալ տարին Ասորւոց զօրքը անոր դէմ ելլելով Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ եկան, ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները մեռցուցին, ու անոնց բոլոր աւարը Դամասկոսի թագաւորին ղրկեցին: 24Ասորւոց զօրքը քիչ մարդոցմով եկաւ, բայց Տէրը խիստ շատուոր եղող զօրքը անոնց ձեռքը մատնեց. քանզի անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին: Այսպէս Ասորիները Աստուծոյ դատաստանը ի գործ դրին Յովասի վրայ: 25Ու երբ անոնք գացին անկէ, մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգելով զանիկա, անոր ծառաները անոր դէմ դաւաճանութիւն ըրին Յովիադա քահանային որդիներուն արեանը համար, ու զանիկա իր անկողինին մէջ սպաննեցին, ու մեռաւ. ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին. բայց թագաւորաց գերեզմաններուն մէջ չթաղեցին: 26Եւ անոր դէմ դաւաճանութիւն ընողները ասոնք էին. Ամմոնացի կնոջ Սամեթի որդին Զաբադ, ու Մովաբացի կնոջ Սամարիթի որդին Յովզաբադ: 27Եւ անոր որդիներուն համար, ու իր քով ժողված տուրքին շատութեանը համար, ու Աստուծոյ տանը նորոգութեանը համար՝ ահա թագաւորաց գիրքին յիշատակարանին մէջ գրուած է: Ու անոր տեղ անոր որդին Ամասիա թագաւոր եղաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)