Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
22
Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը
1Ու Երուսաղէմի բնակիչները անոր տեղ անոր պզտիկ որդին Ոքոզիան թագաւոր ըրին. քանզի Արաբացւոց հետ բանակը եկող գունդերը բոլոր մեծերը մեռցուցեր էին. այսպէս Յուդայի Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիա թագաւորեց։ 2Ոքոզիա քառասունուերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Գոթողիա էր, ու Ամրիի աղջիկն էր։ 3Անիկա ալ Աքաաբի տանը ճամբաներուն մէջ քալեց. քանզի անոր մայրը չարութիւն ընելու խորհուրդ կու տար անոր։ 4Ու անիկա Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ Աքաաբի տանը պէս. վասն զի իր հօրը մեռնելէն ետքը անոնք էին իր խորհրդականները՝ իր կործանման համար։ 5Եւ անիկա անոնց խորհըրդովը գնաց, ու Աքաաբեան Յովրամի, Իսրայէլի թագաւորին, հետ Ասորւոց Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-գաղաադ պատերազմելու գնաց. ու Ասորիները Յովրամը զարկին։ 6Եւ անիկա դարձաւ որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն զորոնք Ասորիները անոր տուեր էին Ռամովթի մէջ, Ասորւոց Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը, ու Յուդայի թագաւորը Յովրամի որդին Ազարիա Յեզրայէլ իջաւ՝ Աքաաբի որդին Յովրամը տեսնելու, վասն զի անիկա հիւանդ էր։ 7Եւ Ոքոզիայի կործանումը Աստուծմէ եղաւ՝ Յովրամի քով երթալովը. վասն զի երբ անիկա հոն գնաց, Յովրամի հետ Նամեսսեան Յէուն դիմաւորելու ելաւ, զոր Տէրը օծեր էր Աքաաբի տունը բնաջինջ ընելու համար։ 8Ու երբ Յէու Աքաաբի տանը վրայ Աստուծոյ վճիռը ի գործ կը դնէր, Յուդայի իշխանները և Ոքոզիայի ծառայութիւն ընող Ոքոզիայի եղբօրորդիները գտաւ, ու զանոնք մեռցուց. 9Եւ Ոքոզիան ալ փնտռեց, որ Սամարիայի մէջ պահուած էր. ու զանիկա բռնեցին և Յէուի բերելով մեռցուցին, ու զանիկա թաղեցին, քանզի ըսին, Ասիկա Տէրը բոլոր սրտով խնդրող Յովսափատի որդին է։ Ու Ոքոզիայի տունէն մէկը չկար՝ որ թագաւորութիւնը պահելու կարող ըլլար։
Գոթողիա Յուդայի թագուհի
10Իսկ Ոքոզիայի մայրը Գոթողիա իր որդւոյն մեռնիլը տեսնելով՝ ելաւ, ու Յուդայի տանը բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։ 11Բայց թագաւորին աղջիկը Յօսաբէէ Ոքոզիայի որդին Յովասը առաւ, ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն գողցաւ զանիկա, և անոր դայեակին հետ անկողիններու սենեակին մէջ դրաւ զանիկա. ու այսպէս Յովրամ թագաւորին աղջիկը, Յովիադա քահանային կինը Յօսաբէէ, Ոքոզիայի քոյրը ըլլալով՝ Գոթողիայի երեսէն պահեց, որ զանիկա չմեռցուց։ 12Եւ Յովաս անոնց հետ վեց տարի Աստուծոյ տանը մէջ պահուեցաւ, ու երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։