Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
21
Յովրամ Յուդայի թագաւոր
1Եւ Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. և անոր տեղ անոր որդին Յովրամ թագաւոր եղաւ։ 2Ու անոր եղբայրները, Յովսափատի որդիները, Ազարիա, Յէքիէլ, Զաքարիա, Ազարիու, Միքայէլ ու Սափատիա էին. ասոնք ամէնը Իսրայէլի թագաւորին Յովսափատի որդիներն էին։ 3Եւ անոնց հայրը արծաթ ու ոսկի ու թանկագին բաներ, շատ պարգևներ, տուաւ անոնց, նաև Յուդայի մէջ պարսպաւոր քաղաքներ, բայց թագաւորութիւնը Յովրամի տուաւ, քանզի անդրանիկը ան էր։ 4Ու երբ Յովրամ իր հօրը թագաւորութեան աթոռը նստաւ ու զօրացաւ, իր բոլոր եղբայրները ու Իսրայէլի իշխաններէն մէկ քանիները սրով մեռցուց։ 5Յովրամ երեսունուերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ ութ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 6Եւ անիկա Աքաաբի տանը ըրածին պէս Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց, (քանզի Աքաաբի աղջիկը անոր կինն էր,) ու Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ։ 7Բայց Տէրը, Դաւիթի հետ ըրած ուխտին համար, և անոր ու անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տալու խոստմունքին համար, Դաւիթի տունը կորսնցնել չուզեց։ 8Ասոր օրերը Եդովմայեցիք Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան, ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։ 9Եւ Յովրամ իր իշխաններովը ու բոլոր կառքերովը գնաց, ու գիշերով ելաւ, և իր չորս կողմը առնող Եդովմայեցիները ու կառքերու իշխանները զարկաւ։ 10Բայց Եդովմայեցիք Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան մինչև այսօր, այն ատեն Լեբնա ալ անոր ձեռքին տակէն ապստամբեցաւ, քանզի անիկա իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էր։ 11Անիկա Յուդայի լեռներուն վրայ բարձր տեղեր ալ շինեց. ու Երուսաղէմի բնակիչներուն պոռնկութիւն ընել տուաւ, և Յուդան գլխէ հանեց։ 12Ու Եղիա մարգարէէն անոր թուղթ եկաւ, որ կ’ըսէր, Քու հօրդ Դաւիթի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ, Որովհետև քու հօրդ Յովսափատի ճամբաները, ու Յուդայի Ասա թագաւորին ճամբաները չբռնեցիր, 13Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաները բռնեցիր, և Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն՝ Աքաաբի տանը պոռնկութիւններուն պէս պոռնկութիւն ընել տուիր, ու նաև քեզմէ աղէկ եղող եղբայրներդ, քու հօրդ որդիները, մեռցուցիր, 14Ահա Տէրը քու ժողովուրդդ, քու որդիներդ ու կիներդ, և քու բոլոր ստացուածքդ մեծ հարուածով պիտի զարնէ. 15Ու դուն չարաչար պիտի հիւանդանաս փորի հիւանդութիւնով, մինչև որ փորոտիքդ դուրս պիտի թափի այն հիւանդութեան պատճառաւ, որ օրէ օր պիտի սաստկանայ։ 16Եւ Տէրը Յովրամի դէմ գրգռեց Փղըշտացիները, ու Եթէովպացւոց մօտերը բնակող Արաբացիները. 17Եւ անոնք Յուդայի վրայ ելան ու զանիկա կողոպտեցին. և թագաւորին տանը մէջ գտնուած բոլոր ստացուածքը, ու անոր որդիները ու կիներն ալ քշեցին տարին, ու անոր որդիներէն միայն անոր պզտիկ որդին Յովաքազ մնաց։ 18Եւ այս բոլոր բաներէն ետքը՝ Տէրը զանիկա այնպիսի փորոտիքի հիւանդութեամբ մը զարկաւ, որ անբժշկելի էր։ 19Ու շատ մը օրերէն ետքը, այսինքն երկու տարիի չափ ժամանակ անցնելէն ետքը, իր հիւանդութենէն փորոտիքը դուրս թափեցաւ, ու չարաչար հիւանդութիւնով մեռաւ։ Եւ ժողովուրդը անոր վրայ խունկեր չծխեցին, ինչպէս անոր հայրերուն վրայ ծխեր էին։ 20Անիկա թագաւոր եղած ատենը երեսունուերկու տարեկան էր. և ութ տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ. և անիկա մեռաւ՝ առանց մէկու մը անոր վրայ ցաւելուն*, ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց ոչ թէ թագաւորաց գերեզմաններուն մէջ։