Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
20
Պատերազմ Սէիրի դէմ
1Եւ ասկէ ետքը Մովաբի որդիները ու Ամմոնի որդիները, ու անոնց հետ Ամմոնացիներէն ալ Յովսափատի վրայ պատերազմելու եկան։ 2Ուստի գացին, ու Յովսափատի պատմեցին ու ըսին, Քու վրադ ծովուն անդիի կողմէն Ասորւոց մէջէն մեծ բազմութիւն կու գայ. և ահա անոնք Ասասանթամարի (այսինքն Ենգադդիի) մէջ են։ 3Ու Յովսափատ վախցաւ, ու Տէրը փնտռելու ետևէ եղաւ. և բոլոր Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն քարոզեց։ 4Ու Յուդայեանք ժողվուեցան որպէս զի Տէրոջմէ օգնութիւն խնդրեն. ու Յուդայի բոլոր քաղաքներէն ալ Տէրը խնդրելու եկան։ 5Եւ Յովսափատ, Տէրոջը տանը մէջ նոր գաւիթին առջև, Յուդայի ու Երուսաղէմի ժողովքին մէջ կայնեցաւ, 6Ու ըսաւ, Ով մեր հայրերուն Տէր Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս որ երկինքը կը բնակիս, ու բոլոր ազգաց թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրես, և քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի զօրութիւն և ոյժ մը կայ, որ բնաւ մէկը չկրնար քեզի դէմ դնել։ 7Չէ՞ որ դուն, ով մեր Աստուածը, այս երկրին բնակիչները քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ առջևէն վռնտեցիր, ու զանիկա յաւիտեան քու սիրելիիդ, Աբրահամի, սերունդին տուիր։ 8Եւ անոնք հոն բնակեցան, ու հոն քու անուանդ համար քեզի սրբարան մը շինեցին, ու ըսին, 9Եթէ մեր վրայ չարիք, սուր, դատաստան, ժանտախտ, կամ սով գայ, մենք այս տանը առջև ու քու առջևդ կայնինք, (վասն զի այս տանը մէջ քու անունդ կայ,) ու մեր նեղութեան ատենը քեզի աղաղակենք, այն ատեն լսես ու մեզ ազատես։ 10Եւ հիմա ահա Ամմոնի ու Մովաբի որդիները, ու Սէիր լեռանը բնակիչները, որոնց մէջ մտնելու հրաման չտուիր Իսրայէլի որդիներուն իրենց Եգիպտոսէ ելած ատենը, հապա անոնցմէ խոտորեցան, ու զանոնք չկորսնցուցին, 11Ահա անոնք մեզի հատուցում ընելու համար՝ կու գան մեզ վռնտելու քու ժառանգութենէդ զոր մեզի տուիր։ 12Ով մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք, ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք, հապա մեր աչքերը քու վրադ են։ 13Եւ բոլոր Յուդայեանք իրենց ընտանիքներովը, կիներովը ու տղաքներովը Տէրոջը առջև կայներ էին։ 14Այն ատեն Ասափի որդիներէն Ղևտացի Մաթանիայի որդւոյն Յէիէլի որդւոյն Բանեայի որդւոյն Զաքարիայի որդւոյն Յազիէլի վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ժողովքին մէջ. 15Ու անիկա ըսաւ, Ով բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ու դուն, Յովսափատ թագաւոր, մտիկ ըրէք. Տէրը ձեզի այսպէս կ’ըսէ, Դուք մի վախնաք, ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի զարհուրիք. քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյ է։ 16Վաղը անոնց վրայ իջէք. ահա անոնք Ասիսի զառ ի վերը պիտի ելլեն. ու զանոնք հեղեղատին ծայրը, Յերուէլի անապատին առջև, պիտի գտնէք։ 17Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երևցէք ու կայնեցէք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք, ով Յուդա ու Երուսաղէմ. մի վախնաք ու մի զարհուրիք. վաղը անոնց դիմաց ելէք, ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։ 18Այն ատեն Յովսափատ երեսը գետինը ծռեց. ու բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջը առջև երեսի վրայ ինկան, ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։ 19Եւ Կահաթեանց որդիներէն ու Կորխեանց որդիներէն եղող Ղեւտացիները Իսրայէլի Տէր Աստուածը խիստ բարձր ձայնով օրհնելու ելան։ 20Եւ առաւօտուն կանուխ ելան, ու Թեկուէի անապատը գացին. ու անոնց երթալու ատենը Յովսափատ կայնեցաւ, ու ըսաւ, Ով Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէք. Ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէք, ու ապահով պիտի ըլլաք. անոր մարգարէներուն հաւատացէք, ու յաջողութիւն պիտի ունենաք։ 21Եւ ժողովուրդին հետ խորհուրդ ըրաւ, ու Տէրոջը երգեցողներ որոշեց, որպէս զի զօրքին՝ առջևէն ելլեն, ու Տէրոջը սուրբ փառքը օրհնեն ու ըսեն, Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ 22Ու երբ անոնք ցնծութեան երգը ու օրհնութիւնը սկսան, Յուդայի վրայ եկող Ամմոնի ու Մովաբի որդիներուն ու Սէիր լեռանը բնակիչներուն դէմ Տէրը դարանակալներ հանեց. և անոնք կոտրուեցան։ 23Քանզի Ամմոնի ու Մովաբի որդիները Սէիր լեռանը բնակիչներուն վրայ ելան, որպէս զի զանոնք ջարդեն ու բնաջինջ ընեն. ու երբ Սէիրի բնակիչները հատցուցին. մէկզմէկ կոտրելու ելան։ 24Եւ Յուդայեանք անապատին մէջ եղող դիտանոցը հասնելով, այն բազմութեանը նայեցան, և ահա անոնց դիերը գետնի վրայ փռուած էին, ու ազատուած մը չկար։ 25Այն ատեն Յովսափատ ու անոր ժողովուրդը անոնց աւարը ժողվելու գացին. ու դիերուն մէջ շատ ապրանք ու պատուական ամաններ գտան, ու իրենց համար կողոպտեցին, մինչև որ ալ չէին կրնար տանիլ. ու աւարը երեք օր ժողվեցին, վասն զի խիստ շատ էր։ 26Եւ չորրորդ օրը Օրհնութեան հովիտը ժողվուեցան, քանզի հոն Տէրը օրհնեցին. անոր համար այն տեղին անունը Օրհնութեան հովիտ կոչեցին մինչև այսօր։ 27Եւ բոլոր Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդիկը ու անոնց առաջնորդը Յովսափատ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. քանզի Տէրը զանոնք իրենց թշնամիներէն ազատելով ուրախացուցեր էր: 28Եւ տաւիղներով, քնարներով ու փողերով Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գացին։ 29Ու ամէն երկիրներուն թագաւորութիւններուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, երբ լսեցին որ Տէրը Իսրայէլի թշնամիներուն հետ պատերազմեցաւ։ 30Եւ Յովսափատի թագաւորութիւնը խաղաղ էր. ու անոր Աստուածը զանիկա ամէն կողմանէ հանգÁստացուց։
Յովսափատին իշխանութեան վախճանը
31Եւ Յովսափատ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ. երեսունըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու քսանըհինգ տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորեց. և անոր մօրը անունը Ազուբա էր, ու Սաղիի աղջիկն էր։ 32Եւ անիկա իր հօրը Ասայի ճամբուն մէջ քալեց, ու անկէ չխոտորեցաւ Տէրոջը առջև ուղղութիւն ընելով։ 33Բայց բարձր տեղերը չվերցան. ու ժողովուրդը տակաւին սիրտերնին չէին շիտկած իրենց հայրերուն Աստուծոյն։ 34Եւ Յովսափատի մնացորդ պատմութիւնը, առաջինը ու վերջինը, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն գիրքին մէջ յիշուած Անանիի որդւոյն Յէուի պատմութեանը մէջ գրուած է։ 35Եւ ասկէ ետքը Յուդայի Յովսափատ թագաւորը՝ չարութիւն ընող Իսրայէլի Ոքոզիա թագաւորին հետ միաբանեցաւ, 36Ու անոր հետ ընկերութիւն ըրաւ, որպէս զի Թարսիս երթալու նաւեր շինեն. ու Գասիոնգաբերի մէջ նաւեր շինեցին։ 37Եւ Մարեսացի Դօդիայի որդին Եղիազար Յովսափատի վրայ մարգարէութիւն ըրաւ, ու ըսաւ, Որովհետև դուն Ոքոզիայի հետ ընկերացար, Տէրը քու գործդ աւրեց։ Ու նաւերը խորտակեցան, ու չկրցան Թարսիս երթալ։