Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

18

Միքիա մարգարէն Աքաաբը կը զգուշացնէ

1Եւ Յովսափատ խիստ շատ հարստութիւն ու ունեցաւ. և Աքաաբի հետ խնամութիւն ըրաւ: 2Ու մէկ քանի տարիէն ետքը իջաւ Աքաաբի. և Աքաաբ անոր ու անոր հետ եղող ժողովուրդին խիստ շատ ոչխարներ ու արջառներ մորթեց, ու զանիկա համոզեց որ Ռամովթ-գաղաադ ելլէ։ 3Եւ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Յուդայի Յովսափատ թագաւորին ըսաւ, Ինծի հետ Ռամովթ-գաղաադ կ’երթա՞ս. ու անիկա անոր ըսաւ, Ես քեզի պէս եմ, ու իմ ժողովուրդս քու ժողովուրդիդ պէս է. ու քեզի հետ պատերազմի կ’երթանք։ 4Եւ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ, Հիմա Տէրոջը խօսքը փնտռէ։ 5Ու Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները ժողվեց, որոնք չորս հարիւր էին, ու անոնց ըսաւ, Ռամովթ-գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենամ. ու անոնք ըսին, Գնա. վասն զի զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ։ 6Եւ Յովսափատ ըսաւ, Այս տեղ Տէրոջը ուրիշ մըն ալ չկա՞յ, որպէս զի անոր հարցնենք։ 7Ու Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ, Կայ ուրիշ մարդ մըն ալ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ, քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չըներ, հապա միշտ գէշ. անիկա Յեմլայի որդին Միքիա է։ Եւ Յովսափատ ըսաւ, Թագաւորը այդպէս չզրուցէ։ 8Ու Իսրայէլի թագաւորը մը կանչեց, ու ըսաւ, Յեմլայի որդին Միքիան շուտով հոս բեր։ 9Եւ Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, Սամարիայի դրանը առջևի հրապարակին մէջ, ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր. ու բոլոր մարգարէները անոնց առջև մարգարէութիւն կ’ընէին։ 10Եւ Քանանայի որդին Սեդեկիա իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց, ու ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչև որ զանոնք բնաջինջ ընես։ 11Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին, Ռամովթ-գաղաադ ելիր, ու յաջողութիւն պիտի ունենաս, և Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ։ 12Ու Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով, Ահա ամէն մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար բարութիւն խօսեցան. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ, ու բարութիւն խօսէ։ 13Իսկ Միքիա ըսաւ, Տէրը կենդանի է որ իմ Աստուածս ինծի ինչ որ ըսէ, զայն պիտի խօսիմ։ 14Ու երբ անիկա թագաւորին եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ, Ով Միքիա, Ռամովթ-գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենամ։ Եւ անիկա ըսաւ, Ելէք, ու յաջողութիւն պիտի ունենաք. ու ձեր ձեռքը պիտի տրուին։ 15Եւ թագաւորը անոր ըսաւ, Մինչև քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունովը ճշմարիտը միայն խօսիս ինծի։ 16Ու անիկա ըսաւ, Բոլոր Իսրայէլը չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ. և Տէրը ըսաւ, Ասոնք տէր չունին. ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ։ 17Եւ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ, Քեզի չըսի՞ որ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չըներ, հապա գէշ։ 18Ու Միքիա ըսաւ, Ուրեմն Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ, ու երկինքի բոլոր զօրքերը անոր աջ կողմը ու ձախ կողմը կայներ էին. 19Եւ Տէրը ըսաւ, Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ո՞վ կրնայ խաբել, որպէս զի Ռամովթ-Գաղաադ ելլէ, ու կորսուի. և մէկը այսպէս՝ ու միւսը այնպէս ըսաւ։ 20Ու մը ելաւ և Տէրոջը առջև կայնեցաւ, ու ըսաւ, Զանիկա ես կը խաբեմ։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ, Ի՞նչ միջոցով։ 21Ու անիկա ըսաւ, Ելլեմ, ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի ըլլամ. և Տերը անոր ըսաւ, Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս. ելիր ու այնպէս ըրէ։ 22Եւ հիմա ահա Տէրը այս քու մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է. բայց Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ։ 23Այն ատեն Քանանայի որդին Սեդեկիա մօտեցաւ, ու Միքիայի ծնօտին զարկաւ, ու ըսաւ, Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ քեզի հետ խօսելու համար։ 24Եւ Միքիա ըսաւ, Դուն ալ պիտի տեսնես այն օրը որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ մտնես։ 25Ու Իսրայէլի թագաորը ըսաւ, Միքիան առէք, ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին և թագաւորի որդւոյն Յովասի տարէք, 26Ու ըսէք, Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. Ասիկա բանտը դրէք. ու մինչև որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէք։ 27Եւ Միքիա ըսաւ, Եթէ երբէք խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ. ու ըսաւ, Ով ժողովուրդներ, ամէնդ ալ լսեցէք։

Աքաաբին մահը

28Եւ Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-գաղաադ ելան։ 29Ու Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ, Կերպարանքս պիտի փոխեմ, ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ. բայց դուն քու հագուստդ հագիր, և Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց, ու պատերազմին մէջ մտան։ 30Եւ Ասորւոց թագաւորը իր կառապետներուն պատուիրեց ու ըսաւ, Պզտիկի կամ մեծի հետ մի պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ։ 31Ու երբ կառապետները Յովսափատը տեսան, Իսրայէլի թագաւորը ասիկա է՝ ըսելով, անոր վրայ պատերազմելու գացին. և Յովսափատ աղաղակեց. ու Տէրը անոր օգնութիւն ըրաւ, և Աստուած զանոնք անկէ դարձուց։ 32Ու երբ կառապետները տեսան որ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։ 33Եւ մարդ մը առանց դիտելու իր աղեղը քաշեց, ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն* զարկաւ. այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ, Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ։ 34Եւ այն օրը պաերազմը սաստկացաւ. ու Իսրայէլի թագաւորը մինչև իրիկուն Ասորւոց դիմաց իր կառքին մէջ կեցաւ, ու արևուն մտած ատենը մեռաւ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)