Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
13
Աբիան Յերոբովամին հետ կը պատերազմի
1Յերոբովամ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Յուդայի վրայ Աբիա թագաւորեց: 2Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Միքայիա էր, ու Գաբաացի Ուրիէլի աղջիկն էր. և Աբիայի ու Յերոբովամի մէջտեղ պատերազմ կար: 3Եւ Աբիա զօրաւոր ու պատերազմող զօրքերով՝ չորս հարիւր հազար ընտիր մարդոցմով պատերազմելու պատրաստուեցաւ. Յերոբովամ ալ անոր դիմաց ելաւ ութ հարիւր հազար ընտիր, զօրաւոր ու պատերազմող մարդոցմով: 4Եւ Աբիա Եփրեմի լեռնակողմը Սեմարիմ լեռան վրայ կայնեցաւ ու ըսաւ, Ով Յերոբովամ ու բոլոր Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէք. 5Դուք գիտնալու չէ՞ք որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Իսրայէլի վրայ թագաւորելը՝ յաւիտեան Դաւիթի ու անոր որդիներուն տուած է աղի ուխտով: 6Եւ Դաւիթի որդւոյն Սողոմոնի ծառան Նաբատեան Յերոբովամ ոտք ելաւ, ու իր տէրոջմէն ապստամբեցաւ. 7Եւ անոր քով դատարկակեաց ու անօրէն մարդիկ ժողվուեցան, ու Սողոմոնի որդւոյն Ռոբովամի դէմ կեցան. քանզի Ռոբովամ մանկահասակ ու փափկասիրտ ըլլալով՝ անոնց դէմ չդրաւ: 8Եւ հիմա դուք շատուոր ըլլալնուդ համար, ու Յերոբովամի ձեզի շինած աստուածներուն, այն ոսկիէ որթերուն, ձեր քով ըլալլուն համար, Դաւիթի որդիներուն ձեռքը եղող Տէրոջը թագաւորութեանը դէմ կենալ կը մտածէք: 9Միթէ դուք Տէրոջը քահանաները, Ահարոնի որդիները, ու Ղևտացիները դուրս չըրի՞ք, և ուրիշ երկիրներուն ժողովուրդներուն պէս ձեզի քուրմեր չըրի՞ք այն բոլոր մարդիկը, որոնք մէկ զուարակով ու եօթը խոյերով կու գային զիրենք նուիրելու, որպէս զի չաստուածներու քուրմ ըլլան: 10Բայց մեր Աստուածը Եհովա է, ու մենք զանիկա չթողուցինք. և Տէրոջը ծառայութիւն ընող քահանաները Ահարոնի որդիներն են. ու Ղևտացիները իրենց պաշտօնին վրայ են. 11Եւ ամէն առտու ու ամէն իրիկուն Տէրոջը ողջակէզներ կը մատուցանեն, ու անուշահոտ խունկ կը ծխեն, ու մաքուր սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացերը կը շարեն, և ամէն իրիկուն վառելու համար ոսկիէ աշտանակը ու անոր ճրագները կը պատրաստեն. քանզի մենք մեր Տէր Աստուծոյն պահպանութիւնը կը պահենք, բայց դուք զանիկա մերժեցիք: 12Եվ ահա Աստուած ինք մեզի հետ է՝ մեր իշխանը ըլլալու. նաև անոր քահանաները ազդարարութեան փողերով, որպէս զի ձեզի դէմ հնչեցնեն. ուրեմն, ով Իսրայէլի որդիներ, ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն հետ մի պատերազմիք. քանզի դուք յաջողութիւն պիտի չգտնէք: 13Բայց Յերոբովամ դարանակալները դարձուց որպէս զի անոնց ետևէն գան. ու Իսրայելացիք Յուդայեանց առջև էին, ու դարանակալները անոնց ետևն էին: 14Եւ Յուդայեանք դարձան նայեցան որ պատերազմը իրենց առջևէն ու ետևէն էր, ու Տէրոջը աղաղակեցին, և քահանաները փողերը հնչեցուցին. 15Ու Յուդայի մարդիկը աղաղակ վերցուցին. ու երբ Յուդայի մարդիկը աղաղակեցին, Աստուած Յերոբովամը ու բոլոր Իսրայէլը Աբիայի ու Յուդայի առջև զարկաւ: 16Եւ Իսրայէլի որդիները Յուդայի առջևէն փախան. ու Աստուած անոնց ձեռքը մատնեց զանոնք: 17Եւ Աբիա ու իր զօրքը մեծ կոտորած ըրին անոնց մէջ, ու Իսրայէլէ հինգ հարիւր հազար ընտիր մարդիկ սպաննուած ինկան: 18Այն ատեն Իսրայէլի որդիները նուաճեցան, ու Յուդայի որդիները իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ապաւինելնուն համար ոյժ գտան: 19Եւ Աբիա Յերոբովամը հալածեց, ու անկէ քաղաքներ առաւ, այսինքն Բեթէլը ու անոր գեղերը, և Յեսանան ու անոր գեղերը, և Եփրոնը ու անոր գեղերը: 20Եւ Յերոբովամ Աբիայի օրերուն մէջ մէյմըն ալ չկրցաւ ոյժ գտնել. ու Տէրը զանիկա զարկաւ, ու մեռաւ: 21Եւ Աբիա ուժովցաւ, ու իրեն տասնըչորս կին առաւ, և քսանուերկու տղայ ու տասնըվեց աղջիկ ծնաւ: 22Ու Աբիայի մնացորդ պատմութիւնը, և անոր գործերը ու խօսքերը Ադդով մարգարէին յիշատակարանին մէջ գրուած են: