Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

12

Եգիպտական արշավանք մը Յուդայի վրայ

1Ու երբ Ռոբովամի թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ, ու ինք զօրացաւ, Տէրոջը օրէնքը թողուց, ու անոր հետ բոլոր ալ: 2Եւ Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ ելաւ. (քանզի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ըրեր էին.) 3Անիկա հազար երկու հարիւր կառքով ու վաթսուն հազար ձիաւորով ելաւ. ու անոր հետ Եգիպտոսէ եկած ժողովուրդը անթիւ էր, այսինքն Լիբէացիք, Սովկիացիք ու Եթէովպացիք. 4Եւ Յուդայի պարսպաւոր քաղաքները առաւ, ու մինչև եկաւ: 5Եւ Սեմայիա մարգարէն եկաւ Ռոբովամի ու Յուդայի իշխաններուն, որոնք Սիսակի երեսէն Երուսաղէմ ժողվուեր էին, ու անոնց ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Դուք զիս թողուցիք, ու ես ալ ձեզ Սիսակի ձեռքը կը թողում: 6Եւ Իսրայէլի իշխանները ու թագաւորը խոնարհեցան ու ըսին, Տէրը արդար է: 7Ու երբ Տէրը անոնց խոնարհիլը տեսաւ, Տէրոջը խօսքը Սեմայիայի եղաւ՝ ըսելով, Անոնք խոնարհեցան. պիտի չկորսնցնեմ զանոնք, հապա անոնց քիչ մը ազատութիւն պիտի տամ, ու իմ բարկութիւնս Սիսակի ձեռքով Երուսաղէմի վրայ պիտի չթափի. 8Սակայն անոր ծառաներ պիտի ըլլան, որպէս զի իմ ծառայութեանս ու երկրի թագաւորներուն ծառայութեանը տարբերութիւնը գիտնան: 9Ու Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ ելաւ, և Տէրոջը տանը գանձերը ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ, ամէնն ալ առաւ. Սողոմոնի շինած ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ: 10Եւ Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց, ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակաց ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց: 11Ու երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար, սուրհանդակները կու գային, զանոնք կը կրէին, ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին: 12Ուստի անոր խոնարհելուն համար Տէրոջը բարկութիւնը անկէ դարձաւ, ու զանիկա բոլորովին չկորսնցուց, նաև Յուդայի մէջ աղէկ բաներ կային:

Ռոբովամին իշխանութեան ամփոփումը

13Եւ Ռոբովամ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ զօրացաւ, ու թագաւորութիւն ըրաւ. ու երբ Ռոբովամ թագաւորեց, քառասունըմէկ տարեկան էր, ու տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ զոր Տէրը Իսրայէլի ամէն ցեղերէն ընտրեց՝ իր անունը հոն դնելու համար. ու անոր մայրը Ամմոնացի էր Նաամա անունով: 14Եւ անիկա չարութիւն ըրաւ, քանզի իր սիրտը չուղղեց որ Տէրը փնտռէ: 15Ու Ռոբովամի առաջին ու վերջին գործերը ահա Սեմայիա մարգարէին գիրքին մէջ ու Ադդով տեսանողին ազգաբանութեանը մէջ գրուած են: Եւ Ռոբովամի ու Յերոբովամի մէջտեղ միշտ կար: 16Ու Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, և Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. ու անոր տեղ անոր որդին Աբիա թագաւոր եղաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)