Ա Տիմոթէոս
5
Պատասխանատուութիւններ հաւատացեալներու հանդէպ
1Ծերը սաստիկ մի յանդիմաներ, հապա հօր պէս յորդորէ զանիկա. երիտասարդները` եղբայրներու պէս, 2Պառաւները` մայրերու պէս, դեռահասակ կիները` քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով: 3Որբևարիները պատուէ` զանոնք որ ճշմարտապէս որբևարի են: 4Իսկ եթէ որբևարի մը զաւակներ կամ թոռներ ունենայ, թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել, ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի այն է բարի և ընդունելի Աստուծոյ առջև: 5Բայց ան որ ճշմարտապէս որբևարի է ու մինակ մնացած, իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած է, և գիշեր ցորեկ աղօթքի ու աղաչանքի կը պարապի: 6Բայց փափկասէր որբևարին կենդանւոյն մեռած է: 7Եւ այս բաները պատուիրէ որպէս զի անարատ ըլլան: 8Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չտանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է, ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է: 9Որբևարին որբևարիներուն կարգը թող սեպուի, որ վաթսուն տարուընէ պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած, 10Բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած ըլլայ, եթէ հիւրեր ընդունած ըլլայ, եթէ սուրբերուն ոտքերը լուացած ըլլայ, եթէ նեղեալներուն օգնութիւն ըրած ըլլայ, եթէ ամէն տեսակ բարեգործութեան մէջ յարատևած ըլլայ: 11Բայց դեռահասակ որբևարիները մերժէ. քանզի երբ Քրիստոսի դէմ յանդգնելով հեշտասիրութեան անձնատուր կ’ըլլան, ամուսնանալ կ’ուզեն: 12Եւ դատապարտութիւն կ’ընդունին, վասն զի առաջուան հաւատքնին մէկդի ձգեցին: 13Նաև ծոյլ ըլլալ կը սորվին, տունէ տուն պտըտողներ. և ոչ միայն ծոյլ, հապա շատախօսներ ու հետաքրքիրներ, և անպատեհ բաներ կը խօսին: 14Ուստի կ’ուզեմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տնաշէն ըլլան ու նախատինքի պատճառ չտան հակառակորդին: 15Քանզի արդէն ոմանք սատանայի ետևէն երթալու խոտորեցան: 16Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը որբևարիներ ունենայ, թող օգնութիւն ընէ անոնց, և եկեղեցին չծանրաբեռնի, որպէս զի ճշմարտապէս որբևարիներուն օգնութիւն ընէ: 17Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատուոյ արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով: 18Վասն զի գիրքը կ’ըսէ թէ Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը չկապես. և թէ Մշակը իր վարձքին արժանի է: 19Երէցի վրայով ամբաստանութիւն մի ընդունիր, բայց միայն երկու կամ երեք վկաներով: 20Զանոնք որ մեղք կը գործեն, ամէնուն առջև յանդիմանէ, որպէս զի ուրիշներն ալ վախնան: 21Վկայութիւն կը դնեմ Աստուծոյ առջև և Յիսուս Քրիստոսի ու ընտրեալ հրեշտակներուն, որ այս բաները պահես առանց նախապաշարման, բան մը աչառութեամբ չընելով: 22Շուտով մէկուն վրայ ձեռք չդնես, և ուրիշներուն մեղքերուն հաղորդ չըլլաս. դուն քեզ մաքուր պահէ: 23Ասկէ ետև լոկ ջուր չխմես, հապա քիչ մըն ալ գինի գործածէ քու ստամոքսիդ ու յաճախ հիւանդութիւններուդ համար: 24Կան մարդիկ` որոնց մեղքերը յայտնին են, ու առաջուընէ դատաստանի հասած. և կան` որոնց ետևէն կ’երթան: 25Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են. ու անոնք որ ուրիշ կերպ բան մըն են, չեն կրնար ծածուկ մնալ: