Ա Տիմոթէոս
1
1Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ, մեր Փրկիչ Աստուծոյ և մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի* հրամանովը, 2Տիմոթէոսի, իմ հարազատ որդւոյս հաւատքով, շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ մեր Հօրմէն և Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն:
Զգուշացում սխալ վարդապետութենէ
3Ինչպէս քեզի աղաչեցի Եփեսոս մնալ, երբ ես Մակեդոնիա կ’երթայի, որ պատուիրես մէկ քանիներուն օտար ուսմունք չսորվեցնել, 4Եւ չնայիլ առասպելներու ու ազգահամարներու` որոնք վերջ չունին, որոնք աւելի վէճեր կը պատճառեն քան թէ Աստուծոյ հաճելի շինութիւնը` որ կ’ըլլայ հաւատքով: 5Իսկ պատուիրանքին վախճանը սէր է սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով և անկեղծ հաւատքով. 6Որոնցմէ խոտորելով ոմանք փուճ խօսքերու ետևէ գացին. 7Օրինաց վարդապետ ըլլալ կ’ուզեն, բայց իրենք չեն հասկնար ինչ որ կը խօսին, ոչ ալ այն բաները` որոնց համար ոտք կը կոխեն: 8Արդ գիտենք որ օրէնքը աղէկ է, եթէ մէկը զանիկա օրինաւոր կերպով գործածելու ըլլայ: 9Բայց զայս թող գիտնայ որ արդարներուն համար չէ օրէնքը, հապա անօրէններուն ու անհնազանդներուն համար, ամբարիշտներուն և մեղաւորներուն, անսուրբներուն և պիղծերուն, հայր ու մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն, 10Պոռնիկներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, սուտզրուցներուն, սուտ երդում ընողներուն, և թէ ուրիշ ինչ որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան, 11Որ երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին համեմատ է, որ ինծի յանձնուեցաւ:
Շնորհակալութիւն Աստուծոյ ողորմութեան համար
12Եւ շնորհակալ եմ անոր` որ զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս` այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ. 13Որ առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող և թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասն զի անհաւատութեան մէջ չգիտնալով ըրի. 14Եւ մեր Տէրոջը շնորհքը խիստ շատ եղաւ ինծի հաւատքով ու սիրով` որ Քրիստոս Յիսուսով է: 15Այս խօսքը հաւատարիմ է ու բոլորովին ընդունելութեան արժանի, որ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ. 16Բայց անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամէնէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ բոլոր երկայնմտութիւնը` օրինակ ըլլալու անոնց որոնք պիտի հաւատային իրեն յաւիտենական կեանքի համար: 17Արդ յաւիտենական Թագաւորին, որ անեղծ ու աներևույթ է, մի միայն Աստուծոյն փառք ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 18Այս պատուէրը կ’աւանդեմ քեզի, իմ որդեակս Տիմոթէոս, քու վրայովդ առաջուընէ եղած մարգարէութիւններուն համեմատ, որ անոնցմով պատերազմիս այն բարի պատերազմը, 19Եւ ունենաս հաւատք ու մաքուր խղճմտանք, զոր մէկ քանիները իրենցմէ մէկդի ձգելով` նաւակոծութիւն կրեցին հաւատքին կողմանէ. 20Որոնցմէ են Հիմենոս ու Աղեքսանդրոս, զորոնք ես սատանայի մատնեցի, որպէս զի սորվին հայհոյութիւն չընել: