Առաջին Թագավորաց գիրք

21

Դաւիթ Սաւուղէն խոյս կու տայ

1Ու Նոբ գնաց Աքիմելէք քահանային. և Աքիմելէք զարհուրելով Դաւիթը դիմաւորեց, ու անոր ըսաւ, Ինչո՞ւ համար մինակ ես ու քեզի հետ մարդ չկայ: 2Եւ Դաւիթ Աքիմելէք քահանային ըսաւ, Թագաւորը ինծի բան մը հրամայեց ու ինծի ըսաւ, Մա՛րդ մը չգիտնայ այն բանը որու համար քեզ կը ղրկեմ, ու ինչ որ քեզի հրամայեցի. ու ես մանչերուն մէյմէկ տեղ որոշեր եմ: 3Հիմա ի՞նչ կայ ձեռքիդ տակ. ինծի հինգ տուր, կամ ինչ որ կը գտնուի: 4Եւ քահանան Դաւիթի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ձեռքիս տակ հասարակ հաց չկայ, միայն սուրբ հաց կայ. եթէ մանչերը գոնէ կիներէ զգուշացած են՝ թող ուտեն: 5Եւ Դաւիթ քահանային պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ, Իրաւցընէ կիները մեզմէ հեռու են իմ ճամբայ ելած օրէս, այսինքն երէկուընէ ու միւս օրուընէ. եւ մանչերուն ամանները մաքուր են. և այս ալ հասարակ հաց կրնայ սեպուիլ*, մանաւանդ որ այսօր ամաններուն մէջ ուրիշ հաց կը սրբագործուի: 6Ուստի քահանան սուրբ հացը տուաւ անոր. քանզի հոն ուրիշ հաց չկար, բայց միայն առաջաւորութեան հացը, որ Տէրոջը առջեւէն կը վերցուէր, ու վերցուած օրը տաք հաց կը դրուէր: 7Եւ այն օրը Սաւուղի ծառաներէն մէկը հոն Տէրոջը առջև արգիլուած էր, ու անոր անունը Եդովմայեցի Դովեկ էր. անիկա Սաւուղի հովիւներուն գլուխն էր: 8Եւ Դաւիթ Աքիմելէքի ըսաւ, Այս տեղ քու ձեռքիդ տակ նիզակ մը կամ սուր մը չկա՞յ. քանզի թագաւորին գործին ստիպողական ըլլալուն համար իմ սուրս ու զէնքերս ինծի հետ չառի: 9Եւ քահանան ըսաւ, Ահա Փղշտացի Գողիաթի սուրը՝ զոր Էլայի հովիտին մէջ մեռցուցիր, անիկա եփուտին ետեւը լաթի մը մէջ փաթթուած կը կենայ. եթէ կ՚ուզես զանիկա առնել՝ առ, քանզի հոս անկէ ուրիշ չկայ. ու Դաւիթ ըսաւ, Անոր նմանը չկայ. զանիկա ինծի տուր: 10Եւ այն օրը Դաւիթ ելաւ ու Սաւուղի երեսէն փախաւ, և Գէթի Անքուս թագաւորին գնաց: 11Ու Անքուսի ծառաները անոր ըսին, Երկրին թագաւորը Դաւիթ ասիկա չէ՞. ասոր համար չէ՞ր որ պար բռնողները պատասխան տալով կ՚երգէին ու կ՚ըսէին, իր հազարաւորները զարկաւ, Ու Դաւիթ իր բիւրաւորները: 12Եւ Դաւիթ այս խօսքերը իր սրտին մէջ դրաւ, ու Գէթի թագաւորին Անքուսի երեսէն շատ վախցաւ: 13Եւ անոնց առջև իր դէմքը փոխելով՝ անոնց ձեռքին տակ զինք խենդ ձեւացուց. դռներու փեղկերուն վրայ նշաններ կը գծէր, ու լորձունքները մօրուքին վրայ կը վազցնէր: 14Եւ Անքուս իր ծառաներուն ըսաւ, Ահա այս մարդուն խենդ ըլլալը տեսաք, զանիկա ինչո՞ւ համար ինծի բերիք: 15Միթէ ես խենդերու կարօ՞տ եմ, որ ատիկա իմ առջեւս բերիք խենդութիւն ընելու համար. ատիկա իմ տու՞նս մտնէ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)