Ա Պետրոս

2

Կենդանի վէմը և սուրբ ազգը

1Ուրեմն մէկդի ձգելով ամէն չարութիւն ու ամէն խաբէութիւնը ու կեղծաւորութիւնները, և նախանձը ու ամէն չարախօսութիւնը, 2Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք,որպէս զի անով մեծնաք [մինչև փրկութիւնը], 3Եթէ Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք. 4Որու մօտենալով, այն կենդանի Վէմին, որ թէպէտ մարդոցմէ անարգուած է, բայց Աստուծմէ ընտրուած ու պատուական է, 5Դուք ալ կենդանի քարերու պէս շինուիք հոգևոր մը, սուրբ քահանայութիւն մը, Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգևոր պատարագներ մատուցանելու: 6Որովհետև գիրքին մէջ ալ կայ թէ Ահա Սիօնի մէջ ընտիր, պատուական անկիւնի վէմ մը կը դնեմ. և ով որ անոր հաւատայ` բնաւ պիտի չամչնայ: 7Ուստի ձեզի հաւատացեալներուդ պատուական է ան, բայց անհաւատներուն` այն քարը զոր շինողները անարգեցին` անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ. 8Եւ գլորման վէմ ու գայթակղութեան քար անոնց` որ չհավատալով խօսքէն կը գայթակղին, որու սահմանուած ալ էին: 9Բայց դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեպհական մը, որպէս զի քարոզէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց. 10Որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. որ առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք:

Աստուծոյ ծառաները

11Սիրելիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու և օտարականներու պէս մէկդի կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիի դէմ կը պատերազմին, 12Ձեր վարմունքը հեթանոսներուն մէջ պահելով, որպէս զի ի°նչ բանով որ ձեզ չարագործներու պէս կը բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով` փառաւորեն զԱստուած այցելութեան օրը: 13Ուստի հնազանդ եղէք ամէն մարդկային սահմանադրութեան Տէրոջը համար, թէ° թագաւորին` վերնագոյն մէկուն պէս, 14Թէ° կուսակալներուն` անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու և բարեգործները գովելու համար: 15Վասն զի Աստուծոյ կամքը այսպէս է, որ բարեգործ ըլլալով` անխելք մարդոց տգիտութիւնը պապանձեցնէք. 16Ազատներու պէս ըլլալով, և ոչ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս: 17Ամէնը պատուեցէք. եղբայրութիւնը սիրեցէք. Աստուծմէ վախցէք. Թագաւորը պատուեցէք:

Քրիստոսի չարչարանքներուն օրինակը

18Ծառաները ամէն բանի մէջ վախով հնազանդ ըլլան իրենց տէրերուն, ոչ թէ միայն բարերարներուն ու հեզերուն, հապա ժանտաբարոներուն ալ: 19Քանզի այս շնորհք մըն է, եթէ մէկը առ ունեցած խղճմտանքովը անիրաւ տեղ կրած վիշտերուն համբերելու ըլլայ: 20Վասն զի ի՞նչ գովութիւն կ’ըլլայ ձեզի, եթէ գործելով ծեծուիք ու համբերէք. ապա եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է: 21Քանզի դուք այս բանին համար կանչուեցաք. վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ, ու ձեզի օրինակ թողուց` որպէս զի իր շաւիղներուն հետևիք. 22Որ մեղք մը չգործեց, ու իր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ. 23Որ կը նախատուէր, և փոխարէնը չէր նախատեր. կը չարչարուէր, ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդարութեամբ դատողին կը յանձնէր. 24Որ մեր մեղքերը իր մարմինովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մենք մեղքերէն ազատինք, ու արդարութեան համար ապրինք. որուն վէրքերովը դուք բժշկուեցաք: 25Վասն զի մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)