Երրորդ Թագավորաց գիրք
20
Ասորիներուն հետ պատերազմ
1Ու Ասորւոց Բենադադ թագաւորը իր բոլոր զօրքերը ժողվեց, և իրեն հետ երեսունուերկու թագաւոր կար. ու ձիերով ու կառքերով ելաւ Սամարիան պաշարեց, և անոր հետ պատերազմ ըրաւ: 2Ու Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց քաղաքին մէջ, 3Եւ անոր ըսաւ, Բենադադ այսպէս կ՚ըսէ. Քու արծաթդ ու ոսկիդ իմս է, ու քու կիներդ ու գեղեցիկ որդիներդ իմս են: 4Եւ Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ով տէր իմ թագաւոր, քու ըսածիդ պէս ես ալ քուկդ եմ ու իմ ամէն ունեցածս ալ: 5Ու դեսպանները նորէն եկան ըսին, Բենադադ այսպէս կ՚ըսէ. Ես քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի որ քու արծաթդ, քու ոսկիդ, քու կիներդ ու քու որդիներդ ինծի տաս. 6Բայց վաղը այս ատեն իմ ծառաներս քեզի պիտի ղրկեմ. և քու տունդ ու քու ծառաներուդ տուները աղէկ մը աչքէ պիտի անցնեն. և քու աչքերուդ առջև պատուական սեպուած բոլոր բաները ձեռքովնին պիտի առնեն: 7Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը երկրին բոլոր ծերերը կանչեց ու ըսաւ, Հիմա գիտցէք ու տեսէք, որ ասիկա չարութիւն կ՚ուզէ ընել. վասն զի իմ կիներուս ու որդիներուս ու արծաթիս և ոսկիիս համար ինծի մարդ ղրկեց, ու ես անոր Ոչ չըսի: 8Եւ բոլոր ծերերը ու բոլոր ժողովուրդը անոր ըսին, Ականջ մի դներ ու յանձնառու մի ըլլար: 9Անիկա ալ Բենադադի դեսպաններուն ըսաւ, Իմ թագաւոր տէրոջս ըսէք, Առաջին անգամին քու ծառայիդ ինչ հրաման որ ղրկեցիր՝ զանիկա պիտի ընեմ, բայց այս բանը չեմ կրնար ընել. ու դեսպանները գացին և այս պատասխանը տարին անոր: 10Ու Բենադադ մարդ ղրկեց անոր ու ըսաւ, Աստուածները ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն, եթէ Սամարիայի հողը իմ ետեւէս եկող բոլոր զօրքերուս ափերուն օգտէ: 11Եւ Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Անոր այսպէս ըսէք. Իր զէնքը մէջքը կապողը զանիկա մէջքէն հանողի պէս չպարծի: 12Ու անիկա իրեն հետ եկող թագաւորներուն հետ վրաններու մէջ կը խմէր. ու այս խօսքը լսածին պէս իր ծառաներուն ըսաւ, Պատերազմի շարուեցէք, ու քաղաքին դիմաց պատերազմի շարուեցան: 13Եւ ահա մարգարէ մը Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին մօտեցաւ ու ըսաւ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Բոլոր այս մեծ բազմութիւնը տեսա՞ր. ահա ես այսօր զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ, որպէս զի գիտնաս թէ Տէրը ես եմ: 14Եւ Աքաաբ ըսաւ, Որո՞ւն ձեռքով. ու անիկա ըսաւ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Գաւառաց իշխաններուն մանչերուն ձեռքով: Եւ ըսաւ, պատերազմը ո՞վ սկսի. ու անիկա ըսաւ, Դուն: 15Եւ գաւառաց իշխաններուն մանչերը համրեց, ու երկու հարիւր երեսունուերկու հոգի էին. և անոնցմէ ետքը բոլոր ժողովուրդը, բոլոր Իսրայէլի որդիները, համրեց, ու եօթը հազար հոգի էին: 16Եւ ասոնք կէսօրին ելան. բայց Բենադադ ինք ու անոր օգնական թագաւորները, այն երեսունուերկու թագաւորները, վրաններու մէջ խմելով կը գինովնային: 17Եւ առաջ գաւառաց իշխաններուն մանչերը ելան. ու Բենադադ մարդիկ ղրկեց. որոնք անոր պատմեցին թէ Սամարիայէ մարդիկ ելան: 18Ու անիկա ըսաւ, Եթէ անոնք խաղաղութեան համար ելան՝ զանոնք ողջ բռնեցէք, ու եթէ պատերազմելու ելան՝ զանոնք ողջ բռնեցէք: 19Եւ այս գաւառաց իշխաններուն մանչերը ու անոնց ետեւէն գացող զօրքը քաղաքէն դուրս ելան. 20Եւ ամէն մարդ իր դիմաց ելլողը* զարկաւ, ու Ասորիները փախան. և Իսրայէլ զանոնք հալածեց, ու Ասորւոց Բենադադ թագաւորը ձիու վրայ հեծած՝ քանի մը ձիաւորներով ազատեցաւ: 21Եւ Իսրայէլի թագաւորը ելաւ ու ձիերը ու կառքերը զարկաւ, ու Ասորիները մեծ կոտորածով մը զարկաւ: 22Եւ մարգարէն Իսրայէլի թագաւորին մօտեցաւ, ու անոր ըսաւ, Գնա, ուժովցիր, ու գիտցիր ու տես թէ ինչ պիտի ընես, վասն զի եկող տարի Ասորւոց թագաւորը քու վրադ պիտի ելլէ:
Ասորիներուն երկրորդ յարձակումը
23Եւ Ասորւոց թագաւորին ծառաները անոր ըսին, Անոնց աստուածները լեռներու աստուածներ են, անոր համար մեզի յաղթեցին. բայց եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք: 24Ուրեմն այս բանը ըրէ. թագաւորներուն ամէն մէկը իր տեղէն հանէ, ու անոնց տեղ նախարարներ դիր. 25Եւ դուն քեզմէ կորսուած զօրքին չափ զօրք, ու ձիերուն չափ ձիեր, ու կառքերուն չափ կառքեր պատրաստէ քեզի, և անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք. անտարակոյս անոնց կը յաղթենք. ու անիկա անոնց խօսքը մտիկ ընելով՝ այնպէս ըրաւ: 26Ու հետեւեալ տարին Բենադադ Ասորիները համրեց, ու Ափէկ ելաւ Իսրայէլի հետ պատերազմելու համար: 27Իսրայէլի որդիներն ալ համրուեցան ու պատրաստուեցան, ու զանոնք դիմաւորելու գացին. և Իսրայէլի որդիները անոնց դիմաց այծերու երկու երամակներու պէս բանակ կազմեցին, բայց Ասորիները երկիրը լեցուցին: 28Եւ Աստուծոյ մարդը եկաւ, ու Իսրայէլի թագաւորին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Որովհետև Ասորիները ըսին թէ Եհովա լեռներու Աստուած է, ու հովիտներու Աստուած չէ, ասոր համար բոլոր այս մեծ բազմութիւնը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը: 29Եւ իրարու դէմ եօթը օր բանակեցան. ու եօթներորդ օրը պատերազմ եղաւ, և Իսրայէլի որդիները մէկ օրուան մէջ Ասորիներէն հարիւր հազար հետեւակ զօրք զարկին. 30Ու մնացածները Ափէկ քաղաքը փախան. և այն մնացած քսանըեօթը հազար մարդոցը վրայ պարիսպը ինկաւ: Ու Բենադադ փախաւ ու քաղաքին մէջ սենեակէ սենեակ մտաւ: 31Եւ անոր ծառաները անոր ըսին, Ահա մենք լսել ենք որ Իսրայէլի տանը թագաւորները ողորմած թագաւորներ են հիմա մէջքերնիս քուրձեր ու գլուխնիս չուաններ դնենք, և Իսրայէլի թագաւորին առջև ելլենք, թերեւս քու անձդ ապրեցնէ: 32Ու մէջքերնին քուրձեր՝ ու գլուխնին չուաններ կապեցին, և Իսրայէլի թագաւորին գացին ու ըսին, Քու ծառադ Բենադադ կ՚ըսէ, Կ՚աղաչեմ, թող անձս ապրի: Ու անիկա ըսաւ, Տակաւին ո՞ղջ է. անիկա իմ եղբայրս է: 33Եւ այն մարդիկը ասիկա յաջողութիւն սեպելով, անոր բերնէն այս խօսքը առածնուն պէս՝ շուտով պատասխան տուին, Քու եղբայրդ Բենադադ հոս է: Ու անիկա ըսաւ, Գացէք զանիկա բերէք: Ու երբ Բենադադ անոր եկաւ, զանիկա իր կառքին մէջ առաւ: 34Ան ալ անոր ըսաւ, Իմ հօրս քու հօրմէդ առած քաղաքները ետ տամ, ու դուն Դամասկոսի մէջ քեզի համար հրապարակներ ունենաս, ինչպէս իմ հայրս Սամարիայի մէջ ունեցաւ: Ու անիկա ըսաւ, Ես ալ այս դաշինքով քեզ կ՚արձակեմ. ուստի անոր հետ դաշնակցութիւն ըրաւ ու զանիկա արձակեց:
Մարգարէ մը Աքաաբը կը դատապարտէ
35Եւ մարգարէներուն որդիներէն մէկը Տէրոջը խօսքովը իր ընկերին ըսաւ, Շնորհք ըրէ, զիս զարկ. ու այն մարդը զանիկա զարնել չուզեց: 36Եւ անիկա ըսաւ անոր, Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար՝ ահա իմ քովէս գացածիդ պէս՝ քեզ առիւծ մը պիտի մեռցնէ: Ու անիկա անոր քովէն գնաց, ու առիւծ մը զանիկա գտաւ ու մեռցուց: 37Ետքը անիկա ուրիշ մարդ մը գտաւ, ու անոր ըսաւ, Շնորհք ըրէ, զիս զարկ. ու այն մարդը զանիկա զարկաւ, ու զարնելով վիրաւորեց: 38Եւ այն մարգարէն գնաց ճամբուն վրայ թագաւորին սպասեց, ու չճանչցուելու համար աչքերուն վրայ ծածկոց մը* դրաւ: 39Ու երբ թագաւորը անկէ կ՚անցնէր, թագաւորին աղաղակելով ըսաւ, Քու ծառադ պատերազմին մէջ գնաց, և ահա մարդ մը պատերազմէն դուրս ելլելով՝ ինծի մարդ մը բերաւ, ու ըսաւ, Այս մարդը պահէ. եթէ ասիկա կերպով մը կորսուելու ըլլայ, քու անձդ անոր անձին տեղ պիտի ըլլայ, կամ տաղանդ մը արծաթ պիտի վճարես: 40Ու երբ ծառադ ասդին անդին գործով զբաղեր էի, անիկա կորսուեցաւ: Եւ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ, Քու դատաստանդ այդպէս է, ինչպէս դուն քու բերնովդ վճռեցիր: 41Ու անիկա շուտով մը ծածկոցը աչքերուն վրայէն հանեց, ու Իսրայէլի թագաւորը իմացաւ որ անիկա մարգարէներէն մէկն է: 42Եւ անիկա ըսաւ անոր, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Որովհետեւ դուն իմ նզոված մարդս քու ձեռքէդ ազատ արձակեցիր, անոր համար քու անձդ անոր անձին տեղ, ու քու ժողովուրդդ անոր ժողովուրդին տեղ պիտի ըլլայ: 43Եւ Իսրայէլի թագաւորը սիրտը կոտրած ու նեղացած՝ իր տունը դարձաւ, ու Սամարիա եկավ: