Երրորդ Թագավորաց գիրք
15
Յուդայի Աբիա թագաւորը
1Եւ Նաբատեան Յերոբովամի թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին՝ Աբիա Յուդայի վրայ թագաւորեց: 2Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ. ու անոր մօրը անունը Մաաքա էր, ու Աբիսողոմի աղջիկն էր: 3Եւ անիկա իրմէ առաջ իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերուն հետեւեցաւ. ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ կատարեալ չէր՝ իր հօրը Դաւիթի սրտին պէս: 4Բայց Դաւիթի սիրոյն համար անոր Տէր Աստուածը Երուսաղէմի մէջ անոր ճրագ մը տուաւ, անկէ ետքը անոր որդին նստեցնելով ու Երուսաղէմը հաստատելով. 5Որովհետև Դաւիթ Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ, ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ բնաւ անոր պատուիրանքներէն չխոտորեցաւ՝ Քետացի Ուրիայի բանէն զատ: 6Եւ Ռոբովամի ու Յերոբովամի մէջտեղ պատերազմ կար՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ: 7Ու Աբիայի մնացորդ պատմութիւնը և անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած է. ու Աբիայի ու Յերոբովամի մէջտեղ պատերազմ կար: 8Եւ Աբիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, և անոր տեղ անոր որդին Ասա թագաւոր եղաւ:
Յուդայի Ասա թագաւորը
9Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսաներորդ տարին Ասա Յուդայի վրայ թագաւոր եղաւ. 10Ու Երուսաղէմի մէջ քառասունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ, և անոր մօրը անունը Մաաքա էր ու Աբիսողոմի աղջիկն էր: 11Եւ Ասա իր հօրը Դաւիթի պէս Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ: 12Ու Սոդոմական մեղք գործողները երկրէն վերցուց, և իր հայրերուն շինած բոլոր կուռքերը բնաջինջ ըրաւ: 13Ու իր մայրը Մաաքան տիկնութենէ հանեց, քանզի անիկա Աստարովթի կուռք մը շիներ էր. և Ասա անոր կուռքը կոտըրտեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց: 14Բայց բարձր տեղերը չվերցան, սակայն Ասայի սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը հետ կատարեալ էր: 15Եւ իր հօրը նուիրած բաները ու իր նուիրած բաները, արծաթը ու ոսկին ու անօթները, Տէրոջը տունը տարաւ: 16Եւ Ասայի ու Իսրայէլի Բաասա թագաւորին մէջտեղ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար: 17Ու Իսրայէլի թագաւորը Բաասա Յուդայի դէմ ելաւ, և Ռաման շինեց, որպէս զի Յուդայի Ասա թագաւորին ելլող մտնող մարդ մը չթողու: 18Ուստի Ասա Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ մնացած բոլոր արծաթը ու ոսկին առաւ, և իր ծառաներուն ձեռքը տուաւ, ու Ասա թագաւորը Դամասկոս բնակող Ասորւոց թագաւորին, Էզիոնի որդւոյն Տաբրեմոնի որդւոյն Բենադադի, ղրկեց զանոնք, ու ըսաւ, 19Իմ ու քու մէջտեղ, և իմ հօրս ու քու հօրդ մէջտեղ դաշնակցութիւն կայ. ահա քեզի արծաթ ու ոսկի ընծայ ղրկեցի. աղէ, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշնակցութիւնդ աւրէ, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի: 20Ու Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքը մտիկ ըրաւ, և իր զօրքերուն իշխանները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց. ու Իյօնը, Դանը, Աբէլ-բեթմաաքան ու բոլոր Քեներեթը ու բոլոր Նեփթաղիմի երկիրը զարկաւ: 21Եւ Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու Թերսայի մէջ նստաւ: 22Այն ատեն Ասա թագաւորը բոլոր Յուդայի մարդիկը կանչեց առանց մէկը ձգելու, որոնք Բաասայի շինած Ռամային քարերը ու փայտերը վերցուցին, և Ասա թագաւորը անոնցմով Բենիամինի Գաբան ու Մասփան շինեց: 23Եւ Ասայի բոլոր մնացորդ պատմութիւնը, ու անոր բոլոր զօրութիւնը ու բոլոր ըրածը, և անոր շինած քաղաքները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են. բայց անիկա իր ծերութեան ատենը ոտքերու ցաւ ունէր: 24Ու Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ, և իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. ու անոր տեղ անոր որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ: 25Եւ Յուդայի Ասա թագաւորին երկրորդ տարին Յերոբովամի որդին Նադաբ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, ու անիկա Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 26Եւ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու իր հօրը ճամբուն մէջ քալեց, ու անոր ըրած մեղքին մէջ՝ որով Իսրայէլի մեղանչել տուաւ: 27Եւ Իսաքարի տունէն Աքիայի որդին Բաասա անոր դէմ գլուխ վերցուց. ու Բաասա զանիկա Փղշտացւոց Գաբաթոնին քով զարկաւ, երբ Նադաբ բոլոր Իսրայէլի հետ Գաբաթոնը պաշարեր էր: 28Եւ Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին Բաասա մեռցուց զանիկա, ու անոր տեղ թագաւոր եղաւ: 29Եւ ինք թագաւոր եղածին պէս Յերոբովամի բոլոր տունը զարկաւ. ու Տէրոջը խօսքին համեմատ, զոր իր ծառային Սիլօնացի Աքիա մարգարէին ձեռքով խօսեր էր, Յերոբովամէ բնաւ շնչաւոր մը ողջ չթողուց, ու զանիկա բնաջինջ ըրաւ, 30Յերոբովամի մեղքերուն համար՝ որոնցմով մեղանչեր էր, ու Իսրայէլի մեղանչել տուեր էր՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացնելով: 31Եւ Նադաբի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 32Եւ Ասայի ու Իսրայէլի Բաասա թագաւորին մէջտեղ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար: 33Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին Աքիայի որդին Բաասա Թերսայի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, ու քսանըչորս տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 34Եւ անիկա Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու Յերոբովամի ճամբուն մէջ քալեց, և անոր մեղքին մէջ՝ որով անիկա Իսրայէլի մեղանչել տուեր էր: