Երրորդ Թագավորաց գիրք
14
Յերոբովամին զաւկին մահը
1Այն ատեն Յերոբովամի որդին Աբիա հիւանդացաւ: 2Ու Յերոբովամ իր կնոջ ըսաւ, Ելիր, կերպարանքդ փոխէ, այնպէս որ Յերոբովամի կինը ըլլալդ չգիտցուի, ու Սելով գնա. ահա Աքիա մարգարէն հոն է. անիկա էր որ ինծի համար ըսաւ թէ այս ժողովուրդին վրայ թագաւոր պիտի ըլլամ. 3Ու ձեռքդ տասը հաց և բլիթներ ու մէկ սափոր մեղր առ, ու անոր գնա. անիկա քեզի պիտի պատմէ ինչ որ տղուն պիտի պատահի: 4Եւ Յերոբովամի կինը այնպէս ըրաւ, ու ելաւ Սելով գնաց, և Աքիայի տունը մտաւ. բայց Աքիայի աչքերը ծերութենէն տկարացեր էին, ու չէր կրնար տեսնել: 5Եւ Տէրը Աքիայի ըսաւ, Ահա Յերոբովամի կինը իր տղուն համար քեզի բան հարցնելու կու գայ, վասն զի անիկա հիւանդ է. անոր այսպէս ու այսպէս խօսիս. ու անիկա գալու ատենը անծանօթ կերպարանքով պիտի գայ: 6Ու երբ անիկա դռնէն ներս կը մտնէր, Աքիա անոր ոտքերուն ձայնը լսածին պէս ըսաւ, Ով Յերոբովամի կինը, եկուր. դուն ինչո՞ւ այդպիսի անծանօթ կերպարանք մտեր ես. բայց ես քեզի խիստ լուր մը տալու ղրկուեցայ: 7Գնա, Յերոբովամի ըսէ, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ, Որովհետև քեզ ժողովուրդին մէջէն բարձրացուցի, ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըրի, 8Եւ թագաւորութիւնը Դաւիթի տունէն պատռեցի, ու զանիկա քեզի տուի. ու դուն իմ պատուիրանքներս պահող ու իմ առջեւս ուղղութիւն ընելու համար իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղող* իմ Դաւիթ ծառայիս պէս չեղար. 9Մանաւանդ բոլոր քեզմէ առաջ եղողներէն աւելի չարութիւն ըրիր, ու զիս բարկացնելու համար գացիր քեզի ուրիշ աստուածներ ու ձուլածոյ կուռքեր շինեցիր, ու զիս ետիդ նետեցիր. 10Ասոր համար ահա Յերոբովամի տանը վրայ չարիք պիտի բերեմ, ու Յերոբովամի ամէն այր մարդիկը, ու նաև Իսրայէլի մէջ գոցուածը ու ձգուածը պիտի կոտորեմ, և Յերոբովամի տունը պիտի աւլեմ՝ ինչպէս աղբը կ՚աւլեն, մինչեւ որ հատնի: 11Յերոբովամէ քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն, ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն, քանզի Տէրը խօսեցաւ: 12Եւ դուն ելիր, քու տունդ գնա. ու քու ոտքերուդ քաղաքին մէջ մտած ատենը տղան պիտի մեռնի. 13Ու բոլոր Իսրայէլ ողբալով զանիկա պիտի թաղեն, վասն զի Յերոբովամէ միայն անիկա գերեզման պիտի մտնէ. որովհետև Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն առջև Յերոբովամի տանը մէջ բարի բան մը միայն անոր վրայ գտնուեցաւ: 14Եւ Տէրը իրեն համար Իսրայէլի վրայ թագաւոր մը պիտի հանէ, որ նոյն օրը* Յերոբովամի տունը պիտի կոտորէ. ու ալ ի՞նչ մնաց, գրեթէ հիմա պիտի կատարուի այս բանը: 15Եւ Տէրը ջուրերու մէջ եղող շարժուն եղէգի պէս Իսրայէլը պիտի զարնէ, ու Իսրայէլը պիտի խլէ այս բարի երկրին երեսէն, զոր անոնց հայրերուն տուեր էր, ու զանոնք Գետին անդիի կողմը պիտի ցրուէ, որովհետև Տէրը բարկացնելով՝ իրենց Աստարովթի կուռքեր* շինեցին. 16Եւ Իսրայէլը երեսէ պիտի ձգէ, Յերոբովամի ըրած մեղքերուն համար ու Իսրայէլի ալ մեղանչել տալուն համար: 17Այն ատեն Յերոբովամի կինը ելաւ գնաց ու Թերսա մտաւ, ու անիկա տանը դռնէն ներս մտածին պէս՝ տղան մեռաւ: 18Եւ զանիկա թաղեցին, ու բոլոր Իսրայէլ անոր վրայ ողբացին Տէրոջը խօսքին համեմատ՝ զոր իր ծառային Աքիա մարգարէին ձեռքով խօսեր էր:
Յերոբովամին մահը
19Ու Յերոբովամի մնացորդ պատմութիւնը՝ թէ ի՛նչպէս պատերազմ ըրաւ, և թէ ի՛նչպէս թագաւորեց, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած է: 20Եւ Յերոբովամի թագաւորութիւն ըրած օրերը քսանուերկու տարի եղան, ու իր հայրերուն հետ քնացաւ. ու անոր տեղ անոր որդին Նադաբ թագաւոր եղաւ:
Յուդայի Ռոբովամ թագաւորը
21Եւ Սողոմոնի որդին Ռոբովամ Յուդայի մէջ թագաւորեց. Ռոբովամ քառասունըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, և տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ զոր Տէրը Իսրայէլի ամէն ցեղերէն ընտրեց իր անունը հոն դնելու համար. ու անոր մայրը Ամմոնացի էր Նաամա անունով: 22Եւ Յուդայեանք ալ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրին, ու իրենց ըրած մեղքերովը իրենց հայրերուն բոլոր ըրածէն աւելի զանիկա բարկացուցին: 23Եւ անոնք ալ ամէն բարձր բլուրներուն վրայ, ու ամէն կանանչ ծառերուն տակ բարձր տեղեր ու արձաններ և Աստարովթի կուռքեր շինեցին: 24Ու երկրին մէջ Սոդոմական մեղք ալ գործողներ կային, ու Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն բոլոր գարշելի բաներուն նման կ՚ընէին: 25Եւ Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ ելաւ. 26Ու Տէրոջը տանը գանձերը ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ. ամէնն ալ առաւ. Սողոմոնի շինած բոլոր ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ: 27Եւ Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց, ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակաց ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց: 28Ու երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ՚երթար՝ սուրհանդակները զանոնք կը կրէին, ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին: 29Եւ Ռոբովամի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր ամէն ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած է: 30Ու Ռոբովամի և Յերոբովամի մէջտեղ միշտ պատերազմ կար: 31Եւ Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. և անոր մայրը Ամմոնացի էր Նաամա անունով. ու անոր տեղ անոր որդին Աբիա թագաւոր եղաւ: