Երրորդ Թագավորաց գիրք
11
Սողոմոն Աստուծմէ կը հեռանայ
1Եւ Սողոմոն թագաւորը Փարաւոնի աղջիկէն զատ շատ օտարազգի կիներ, այսինքն Մովաբացի, Ամմոնացի, Եդովմայեցի, Սիդոնացի ու Քետացի կիներ սիրեց. 2Այն ազգերէն՝ որոնց համար Տէրը Իսրայէլի որդիներուն ըսեր էր, Անոնց քով մի մտնէք, ու անոնք ալ ձեր քով չմտնեն, որպէս զի ձեր սիրտերը իրենց աստուածներուն չդարձնեն. Սողոմոն սիրով անոնց յարեցաւ: 3Եւ անիկա եօթը հարիւր իշխանազուն կին ու երեք հարիւր հարճ ունէր. ու անոր կիները անոր սիրտը խո-տորցուցին: 4Եւ Սողոմոնի ծերութեան ժամանակը անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին, ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթի սրտին պէս կատարեալ չէր: 5Եւ Սողոմոն Սիդոնացւոց աստուծոյն Աստարովթի ետեւէն ու Ամմոնացւոց գարշելի Մեղքոմին ետեւէն գնաց: 6Եւ Սողոմոն Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու Տէրոջը ետեւէն իր հօրը Դաւիթի պէս կատարեալ սրտով չգնաց: 7Այն ատեն Սողոմոն Երուսաղէմի դիմաց եղող լեռանը վրայ Մովաբացւոց գարշելի Քամովսին համար բարձր տեղ մը շինեց, ու Ամմոնացւոց գարշելի Մողոքին համար ալ: 8Եւ իր բոլոր օտարազգի կիներուն համար ալ այնպէս ըրաւ, որոնք իրենց աստուածներուն խունկ կը ծխէին ու զոհ կը մատուցանէին: 9Եւ Տէրը Սողոմոնի բարկացաւ, վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ, 10Ու այս բանին համար պատուիրեց որ ուրիշ աստուածներու ետեւէ չերթայ. բայց անիկա Տէրոջը պատուէրը չպահեց: 11Եւ Տէրը Սողոմոնի ըսաւ, Որովհետև դուն այսպէս ըրիր*, և իմ ուխտս ու քեզի պատուիրած կանոններս չպահեցիր, քու թագաւորութիւնդ անշուշտ քեզմէ պիտի պատռեմ, ու զանիկա քու ծառայիդ պիտի տամ: 12Միայն թէ այս բանը քու օրերուդ մէջ չեմ ըներ՝ քու հօրդ Դաւիթի համար, բայց զանիկա քու որդւոյդ ձեռքէն պիտի պատռեմ: 13Սակայն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չպատռեմ, հապա իմ ծառայիս Դաւիթի համար ու իմ ընտրած Երուսաղէմիս համար քու որդւոյդ ցեղ մը պիտի տամ:
Սողոմոնին թշնամիները
14Եւ Տէրը Սողոմոնի դէմ թշնամի մը հանեց, այսինքն Եդովմի թագաւորին սերունդէն Եդովմայեցի Ադադը. 15Վասն զի Դաւիթ Եդովմի մէջ եղած ատենը, երբ Յովաբ զորագլուխը մեռցուածները թաղելու համար ելաւ, ու Եդովմի մէջ բոլոր արուները մեռցուց, 16(Որովհետև Յովաբ բոլոր Իսրայէլի հետ հոն վեց ամիս նստաւ, մինչև որ Եդովմայեցւոց բոլոր արուները մեռցուց,) 17Այն ատեն Ադադ իր հօրը քանի մը Եդովմայեցի ծառաներուն հետ փախաւ որպէս զի Եգիպտոս երթայ. ու Ադադ դէռ պզտիկ տղայ էր: 18Եւ անոնք Մադիամէ ելան ու Փառան եկան, և Փառանէ իրենց հետ մարդիկ առին, ու Եգիպտոս եկան Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին, որ անոր տուն տուաւ, ու անոր ռոճիկ կապեց, ու անոր երկիր տուաւ: 19Եւ Ադադ Փարաւոնի առջև շատ շնորհք գտաւ. ու Փարաւոն իր կնոջ քոյրը, Թահփենէս թագուհիին քոյրը, անոր կին տուաւ: 20Եւ Թահփենէսի քոյրը Ադադի որդի մը ծնաւ, որ Գանեբաթ կոչուեցաւ. ու Թահփենէս զանիկա Փարաւոնի տանը մէջ մեծցուց. ու Գանեբաթ Փարաւոնի տունը Փարաւոնի որդիներուն մէջ էր: 21Ու երբ Ադադ Եգիպտոսի մէջ լսեց թէ Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացեր է, ու Յովաբ զօրապետը մեռեր է, Ադադ Փարաւոնի ըսաւ, Արձակէ զիս, որպէս զի իմ երկիրս երթամ: 22Եւ Փարաւոն անոր ըսաւ, Իմ քովս քու ի՞նչդ պակաս է, որ քու երկիրդ երթալ կ՚ուզես: Ու անիկա ըսաւ, Ոչ, բանի մը կարօտութիւն չունիմ, բայց անպատճառ արձակէ զիս: 23Եւ Աստուած անոր դէմ ուրիշ թշնամի մը հանեց, այսինքն Եղիադայի որդին Ռազոնը, որ իր տէրոջը, Սուբայի Ադրազար թագաւորին, քովէն փախեր էր: 24Ու անիկա իր քով մարդիկ ժողվեց և գնդապետ եղաւ. ու երբ Դաւիթ զանոնք կոտրեց, Դամասկոս գացին ու հոն բնակեցան, ու Դամասկոսի մէջ թագաւորութիւն ըրին: 25Ուստի Ռազոն Սողոմոնի բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլի թշնամի եղաւ, Ադադի ըրած չարութենէն զատ. ու Իսրայէլի նեղութիւն կու տար, և Ասորւոց վրայ կը թագաւորէր:
Աստուծոյ խոստումը Յերոբովամին
26Եւ Սողոմոնի ծառան, Սարեդայէ Եփրաթացի Նաբատի որդին Յերոբովամ ալ, որուն մայրը որբեւարի կին մըն էր Սարուա անունով, թագաւորին դէմ ձեռք վերցուց: 27Ու թագաւորին դէմ ձեռք վերցնելուն պատճառը այս էր. երբ Սողոմոն Մելօնը շինեց, և իր հօրը Դաւիթի քաղաքին փլած տեղը գոցեց, 28Յերոբովամ խիստ ուժեղ մարդ մը ըլլալով, ու Սողոմոն տեսնելով որ անիկա գործունեայ կտրիճ մըն է, զանիկա Յովսէփի տանը բոլոր բեռներուն վրայ դրաւ: 29Եւ եղաւ որ այն ժամանակ Յերոբովամ Երուսաղէմէ դուրս ելաւ. ու ճամբուն մէջ Սիլօնացի Աքիա մարգարէն անոր հանդիպեցաւ, և անիկա նոր վերարկու մը հագեր էր, ու դաշտին մէջ երկուքը մինակ էին: 30Եւ Աքիա անոր վրայի նոր վերարկուն բռնեց, ու զանիկա տասուերկու կտոր պատռեց: 31Եւ Յերոբովամի ըսաւ, Տասը կտորը քեզի առ. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ, Ահա Սողոմոնի ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի պատռեմ, ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ: 32Եւ իմ ծառայիս Դաւիթի համար, ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրած Երուսաղէմ քաղաքիս համար, ցեղ մը անոր ըլլայ. 33Որովհետև զիս թողուցին, ու Սիդոնացւոց աստուծոյն Աստարովթի և Մովաբացւոց աստուծոյն Քամովսի ու Ամմոնի որդիներուն աստուծոյն Մեղքոմի երկրպագութիւն ըրին, և իմ ճամբաներուս մէջ չքալեցին, որ իր հօրը Դաւիթի պէս իմ առջեւս ուղիղ եղածը ու իմ կանոններս ու դատաստաններս ի գործ դնեն: 34Սակայն անոր ձեռքէն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չառնեմ, ու զանիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իշխան պիտի թողում՝ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահող իմ ընտրած ծառայիս Դաւիթի համար: 35Բայց անոր որդւոյն ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի առնեմ, ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ: 36Եւ անոր որդւոյն ցեղ մը պիտի տամ, որպէս զի իմ ծառաս Դաւիթ իմ առջեւս միշտ ճրագ մը ունենայ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ՝ զոր ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար: 37Ու քեզ պիտի առնեմ, և սրտիդ բոլոր ուզածին պէս թագաւորութիւն պիտի ընես, ու Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս: 38Եւ եթէ իմ բոլոր քեզի պատուիրածներուս հնազանդութիւն ընես, ու իմ ճամբաներուս մէջ քալես, և իմ ծառայիս Դաւիթի ըրածին պէս՝ իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ընես, այն ատեն ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, ու քեզի մնայուն տուն պիտի շինեմ, ինչպէս Դաւիթի շինեցի, ու Իսրայէլը քեզի պիտի տամ: 39Եւ ասոր համար Դաւիթի սերունդը պիտի չարչարեմ, բայց ոչ թէ միշտ: 40Ու Սողոմոն Յերոբովամը մեռցնել ուզեց, բայց Յերոբովամ ելաւ Եգիպտոս փախաւ, ու Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորին քով գնաց, ու մինչև Սողոմոնի մահը Եգիպտոս մնաց:
Սողոմոնին մահը
41Եւ Սողոմոնի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածները ու անոր իմաստութիւնը՝ ահա Սողոմոնի պատմութեան գիրքին մէջ գրուած են: 42Եւ Սողոմոնի Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրած օրերը քառասուն տարի եղան: 43Ու Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ, և իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. ու անոր որդին Ռոբովամ անոր տեղը թագաւոր եղաւ: