Երրորդ Թագավորաց գիրք

10

Սաբայի թագուհիին այցելութիւնը

1Եւ Սաբայի թագուհին Սողոմոնի համբաւը ու Տէրոջը անունը լսեց, ու եկաւ որպէս զի խրթին հարցումներով զանիկա փորձէ: 2Եւ անիկա եկաւ խիստ շատ հանդէսով, խունկեր ու խիստ շատ ու պատուական քարեր բեռցած ուղտերով. և Սողոմոնի քով գնաց, ու բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր զրուցեց: 3Եւ անոր բոլոր հարցումները բացատրեց. ու բնաւ այնպիսի մը չկար, զոր թագաւորը չհասկնայ ու չբացատրէ անոր: 4Եւ Սաբայի թագուհին Սողոմոնի բոլոր իմաստութիւնը, ու անոր շինած տունը, 5Եւ անոր սեղանին կերակուրները, ու անոր ծառաներուն բնակարանները, և սպասաւորներուն կայնուածքը, ու անոնց հագուստները, և անոր մատռուակները, ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը* տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց. 6Եւ թագաւորին ըսաւ, Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր. 7Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչև որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ, և ահա ինծի ասոր կէսը չպատմեցին. քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է: 8Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կայնելով քու իմաստութիւնդ կը լսեն: 9Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ Իսրայէլի աթոռին վրայ դրաւ. Եհովա Իսրայէլը յաւիտեան սիրելուն համար՝ քեզ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի ու արդարութիւն ընես: 10Եւ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր ու պատուական քարեր տուաւ: Ալ անկէ ետև այնչափ շատ չեկաւ, որչափ Սաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորին տուաւ: 11Եւ Քիրամի նաւերը, որոնք Ոփիրէ ոսկի կը բերէին, Ոփիրէ խիստ շատ ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին: 12Եւ թագաւորը ալմուկ փայտէն յենարաններ շինեց՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը համար, և քնարներ ու տաւիղներ՝ երգեցողներուն համար. այսպիսի ալմուկ փայտ բնաւ չեկաւ ու չերեւցաւ մինչև այսօր: 13Ու Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, Սողոմոն թագաւորին իր առատաձեռնութեամբ անոր տուածէն զատ: Եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց:

Սողոմոն թագաւորին հարստութիւնը

14Ու մէկ տարուան մէջ Սողոմոնի եկած ոսկիին կշիռքը վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ ոսկի էր. 15Առուտուր ընողներէն ու վաճառականներէն և Արաբացւոց բոլոր թագաւորներէն ու երկրին նախարարներէն առածէն զատ: 16Եւ Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց, ու ամէն մէկ վահանին համար վեց հարիւր սիկղ ոսկի գնաց: 17Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց, ու ամէն մէկ ասպարին երեք մնաս ոսկի գնաց. ու թագաւորը Լիբանանի անտառին տունը դրաւ զանոնք: 18Եւ թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց, ու զուտ ոսկիով պատեց զանիկա: 19Այս աթոռը վեց աստիճան ունէր. ու աթոռին վերի ծայրը ետեւէն բոլորշի էր, և նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր, ու յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կայնէին: 20Եւ հոն վեց աստիճաններուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասուերկու առիւծներ կը կայնէին. բոլոր թագաւորուÃÇւններուն մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր: 21Ու Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին, և Լիբանանի անտառին տանը բոլոր ամանները զուտ ոսկի էին, արծաթէ չկար. քանզի անիկա Սողոմոնի օրերը բանի մը տեղ չէր սեպուեր: 22Վասն զի թագաւորը ծովու վրայ Քիրամի նաւերուն հետ Թարսսացի նաւեր ունէր. Թարսսացի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով և կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային: 23Եւ Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ: 24Ու բոլոր կը փափաքէր Սողոմոնի երեսը տեսնելու և անոր իմաստութիւնը լսելու, զոր անոր սրտին մէջ դրեր էր: 25Ու անոնց ամէնը տարուէ տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, , խունկեր, ձիեր ու ջորիներ: 26Եւ Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ ժողվեց, ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասուերկու հազար ձիաւոր ունեցաւ. ու զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց: 27Եւ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ, ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ: 28Եւ Սողոմոնի ձիերը Եգիպտոսէ կու գային, ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ՚առնէին: 29Ու Եգիպտոսէ կառք մը դուրս ելլելուն՝ վեց հարիւր արծաթով վեր կու գար, ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով. ու Քետացւոց բոլոր թագաւորներուն համար և Ասորւոց թագավորներուն համար ալ անոնց ձեռքով այնպէս կը հանէին:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)