Ա Հովհաննէս
4
Ճշմարիտ հոգին և սուտ հոգին
1Սիրելիներ, ամէն հոգիի մի հաւատք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՛ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են։ 2Ասով կրնաք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգին. ամէն հոգի որ Յիսուս Քրիստոսը մարմինով եկած կը խոստովանի, անիկա Աստուծմէ է: 3Եւ ամէն հոգի որ Յիսուս Քրիստոսը մարմինով եկած չխոստովանիր, անիկա Աստուծմէ չէ. ու ասիկա Նեռի հոգին է, որու համար լսեցիք թէ պիտի գայ, ու հիմակուընէ ալ աշխարհի մէջ է։ 4Դուք Աստուծմէ էք, որդեակներ, ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է անիկա որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։ 5Անոնք աշխարհէ են. անոր համար աշխարհի վրայով կը խօսին, և աշխարհ մտիկ կ’ընէ անոնց։ 6Մենք Աստուծմէ ենք. ան որ զԱստուած կը ճանչնայ, մեզի մտիկ կ’ընէ. ան որ Աստուծմէ չէ, մեզի մտիկ չըներ. ասով կը ճանչնանք ճշմարտութեան Հոգին ու խաբէութեան հոգին։
Աստուած սէր է
7Սիրելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է. ու ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է, ու կը ճանչնայ զԱստուած։ 8Ան որ չսիրեր՝ զԱստուած չճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։ 9Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ 10Այս բանին մէջ է սէրը, որ ոչ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց, ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու։ 11Սիրելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ կը պարտաւորինք մէկզմէկ սիրել։ 12Մէկը երբէք զԱստուած տեսած չէ. եթէ մէկզմէկ կը սիրենք, Աստուած մեր մէջ կը բնակի, ու անոր սէրը մեր մէջ կատարեալ է։ 13Ասով գիտենք թէ մենք անոր մէջ կը բնակինք, ու անիկա մեր մէջ, որ իր Հոգիէն մեզի տուաւ։ 14Եւ մենք տեսանք ու կը վկայենք որ Հայրը իր Որդին ղրկեց աշխարհի Փրկիչը ըլլալու։ 15Ով որ կը խոստովանի թէ Յիսուս Որդի Աստուծոյ է, Աստուած անոր մէջ կը բնակի, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ։ 16Եւ մենք ճանչցանք ու հաւատացինք այն սէրը զոր Աստուած մեր վրայ ունի. Աստուած սէր է, և ան որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի, ու Աստուած՝ անոր մէջ։ 17Ասով սէրը մեր վրայ կատարեալ կ’ըլլայ, որպէս զի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը. վասն զի ինչպէս է ինք, նոյնպէս ալ մենք ենք այս աշխարհին մէջ։ 18Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը ձգէ, վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է, ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։ 19Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի առաջ անիկա մեզ սիրեց։ 20Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ Ես զԱստուած կը սիրեմ, ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է, քանզի ան որ իր եղբայրը չսիրեր՝ զոր կը տեսնէ, զԱստուած՝ զոր չտեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։ 21Եւ անկէ այս պատուէրը ունինք, թէ ան որ զԱստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ կը սիրէ։