Ա Կորնթացիս
13
Սէր
1Եթէ մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ, և սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչեցող ծնծղաներու պէս: 2Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ, ու հասկնամ ամէն խորհուրդները ու ամէն գիտութիւնը, և եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչև լեռները տեղափոխելու, ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ: 3Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ, ու իմ մարմինս այրուելու տամ, և սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար: 4Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չնախանձիր, սէրը չգոռոզանար, չհպարտանար, 5Անվայէլ վարմունք չունենար, իրենը չփնտռեր, բարկութեան չգրգռուիր, չարութիւն չխորհիր, 6Անիրաւութեան վրայ չխնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ: 7Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ: 8Սէրը բնաւ չիյնար. բայց եթէ մարգարէութիւններ ըլլան` պիտի խափանին, եթէ լեզուներ` պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն` պիտի խափանի: 9Վասն զի շատէն քիչը գիտենք, ու շատէն քիչը կը մարգարէանանք. 10Բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանի: 11Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի: 12Քանզի հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես. հիմա շատէն քիչ մը տեղեակ եմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ` ինչպէս ճանչցուեցայ: 13Ուստի հիմա կը մնայ հաւատք, յոյս, սէր, այս երեքը. ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է: