Առաջին Մնացորդաց գիրք

29

Տաճարին շինութեան համար նուէրներ

1Եւ թագաւորը բոլոր ժողովքին ըսաւ, Իմ որդիս , զոր միայն ընտրեց , փափուկ տղայ մըն է, ու գործը մեծ է. քանզի այս պալատը մարդու համար չէ, հապա Տէր Աստուծոյ համար է: 2Ուստի ես իմ բոլոր կարողութիւնովս իմ Աստուծոյս տանը համար` ոսկիէ ըլլալու բաներուն համար , ու արծաթեղէններուն համար արծաթ, և պղնձեղէններուն համար պղինձ, ու երկաթեղէններուն համար երկաթ, և փայտեղէններուն համար փայտ, ու եղնգնաքարեր, գամելու քարեր, ու զարդի համար գոյնզգոյն քարեր, և ամէն տեսակ պատուական քարեր ու մարմարիոն քարեր առատօրէն պատրաստեցի: 3Ու նաև իմ Աստուծոյս տանը վրայ մեծ սէր ունենալուս համար` սրբարանին տանը համար ամէն պատրաստած բաներէս զատ` իմ յատուկ գանձիս մէջ եղած ոսկին ու արծաթն ալ իմ Աստուծոյս տանը համար տուի, 4Ոփիրի ոսկիէն երեք հազար տաղանդ ոսկի, ու եօթը հազար տաղանդ մաքուր արծաթ` որպէս զի անոնցմով տուներուն որմերը պատեն 5Ոսկիէ ըլլալու բաներուն համար ոսկի, ու արծաթեղէններուն համար արծաթ, ու արուեստաւորներուն ձեռքով ըլլալու ամէն տեսակ գործին համար հարկաւոր եղածը տուի. և այսօր ձեզմէ իր կամքովը Տէրոջը ընծայ տուող* ո՞վ կայ: 6Այն ատեն տոհմերուն իշխանները, ու Իսրայէլի ցեղերուն իշխանները, և հազարապետները ու հարիւրապետները, և թագաւորին գործին վերակացուները յօժար կամքով ընծայ բերին: 7Ու Աստուծոյ տանը գործին համար հինգ հազար տաղանդ և տասը հազար դրամ ոսկի, ու տասը հազար տաղանդ արծաթ, և տասնըութ հազար տաղանդ պղինձ, ու հարիւր հազար տաղանդ երկաթ տուին: 8Եւ որուն քով որ քարեր գտնուեցան, Գերսոնացի Յեքիէլի ձեռքով Տէրոջը տանը գանձին ընծայեցին: 9Ու ժողովուրդը անոնց կամաւոր ընծաներ մատուցանելուն համար ուրախացան, քանզի կամաւոր ընծան բոլոր սրտով մատուցին Տէրոջը. ու Դաւիթ թագաւորն ալ խիստ շատ ուրախացաւ:

Դաւիթ Աստուած կը փառաբանէ

10Եւ Դաւիթ բոլոր ժողովքին աչքին առջև Տէրը օրհնեց. ու Դաւիթ ըսաւ, Ով Տէր, մեր հօրը Իսրայէլի Աստուածը, յաւիտենից մինչև յաւիտեանս օրհնեալ ես: 11Ով Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնը ու վայելչութիւնը քուկդ է. քանզի բոլոր երկինքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է. ով Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է, ու դուն իբրև գլուխ ամէնէն բարձրացեալ ես: 12Եւ հարստութիւնը ու փառքը քեզմէ է, ու ամէնուն իշխանը դուն ես. և զօրութիւնը ու կարողութիւնը քու ձեռքիդ մէջ է, և ամէնը մեծցնելը և ուժովցնելը քու ձեռքդ է: 13Եւ հիմա, ով մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք, ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք: 14Բայց ես ո՞վ եմ, ու իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս կամաւոր ընծայ տալու կարող ըլլանք. քանզի ամէն բան քեզմէ է, ու քուկիններէդ քեզի տուինք: 15Վասն զի մենք քու առջևդ մեր բոլոր հայրերուն պէս օտարականներ ու պանդուխտներ ենք. երկրի վրայ մեր օրերը շուքի պէս են, ու մնայուն բան* մը չկայ: 16Ով Տէր Աստուած մեր, քեզի` քու սուրբ անուանդ շինուելու տանը համար այս մեր պատրաստած բաներուն բոլոր առատութիւնը քու ձեռքէդ է, ու ամէնն ալ քուկդ են. 17Եւ գիտեմ, ով Աստուած իմ, որ դուն սիրտերը կը փորձես, և ուղղութիւնը կը սիրես. ասոնց ամէնը ես ուղիղ սրտով ու յօժար կամքով ընծայ ըրի. ու հիմա հոս գտնուած ժողովուրդդ ուրախութեամբ տեսայ, որ քեզի կամաւոր ընծայ կը մատուցանեն: 18Ով մեր հայրերուն, Աբրահամի, Իսահակի ու Իսրայէլի Տէր Աստուածը, ասիկա յաւիտեան քու ժողովուրդիդ սրտին խորհուրդներուն մէջ պահէ, ու անոնց սիրտը քեզի ուղղէ: 19Եւ իմ որդւոյս Սողոմոնի կատարեալ սիրտ տուր, որպէս զի քու պատուիրանքներդ, վկայութիւններդ ու կանոններդ պահէ և ամէնը ի գործ դնէ, ու շինէ այն պալատը որու համար պատրաստութիւն տեսեր եմ: 20Եւ Դաւիթ բոլոր ժողովքին ըսաւ, Հիմա ձեր Տէր Աստուածը օրհնեցէք. ու բոլոր ժողովքը իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեցին, և ծռելով` Տէրոջը ու թագաւորին երկրպագութիւն ըրին: 21Ու հետևեալ օրը զոհեր ու ողջակէզներ մատուցին Տէրոջը, հազար զուարակ, հազար խոյ, հազար գառ` անոնց թափելու նուէրներովը, ու բոլոր Իսրայէլի համար շատ զոհեր մատուցին: 22Եւ այն օրը Տէրոջը առջև մեծ ուրախութիւնով կերան խմեցին, ու Դաւիթի որդին Սողոմոնը նորէն թագաւոր ըրին. զանիկա Տէրոջը համար թագաւոր` ու Սադովկը քահանայ օծեցին: 23Եւ Սողոմոն իր հօրը Դաւիթի տեղ Տէրոջը աթոռին վրայ թագաւոր նստաւ, ու յաջողութիւն գտաւ. և բոլոր անոր հնազանդեցաւ: 24Ու ամէն իշխանները ու զօրաւորները, և Դաւիթ թագաւորին բոլոր որդիներն ալ Սողոմոն թագաւորին հնազանդեցան: 25Ու Տէրը բոլոր Իսրայէլի առջև Սողոմոնը խիստ մեծցուց, և անոր այնպէս թագաւորութեան տուաւ, որ անկէ առաջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղողի մը ամենևին եղած չէր:

Դաւիթին թագաւորութեան ամփոփումը

26Այսպէս Յեսսէի որդին Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ. 27Եւ անոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրած օրերը քառասուն տարի եղան. Քեբրոնի մէջ եօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեսունուիրեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 28Եւ ծերութեամբ մեռաւ, կեանքէն, մեծութենէն ու փառքէն իր բաղձանքը . և անոր տեղ անոր որդին Սողոմոն թագաւոր եղաւ: 29Ու Դաւիթ թագաւորին առաջին ու վերջին գործերը ահա տեսանողին գիրքին մէջ, ու Նաթան մարգարէին գիրքին մէջ, և Գադ տեսանողին գիրքին մէջ գրուած են, 30Նաև անոր բոլոր թագաւորութիւնը ու քաջութիւնը ու թէ՛ անոր թէ՛ Իսրայէլի և թէ՛ ուրիշ երկիրներուն ամէն թագաւորութիւններուն պատահած դիպուածները:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)