Առաջին Մնացորդաց գիրք
20
Դաւիթ Ռաբբան կը գրաւէ
1Ու հետևեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Յովաբ զօրքերուն բոլոր գունդերը հանեց, և Ամմոնի որդիներուն երկիրը աւրեց, ու գնաց Ռաբբան պաշարեց, բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր. ու Յովաբ Ռաբբան զարկաւ ու զանիկա կործանեց: 2Եւ Դաւիթ անոնց թագաւորին թագը անոր գլխուն վրայէն առաւ, ու զանիկա գտաւ որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր, և անոր վրայ պատուական քարեր կային. ու Դաւիթի գլուխը դրուեցաւ. և Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ: 3Ու անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց, ու զանոնք սղոցներով, երկաթէ կամնասայլներով ու տապարներով կտրեց. և Դաւիթ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ. ու Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ:
Փղշտացի հսկաներու դեմ պատերազմ
4Եւ ասկէ ետքը Գազերի մէջ Փղշտացւոց հետ պատերազմ եղաւ. այն ատեն Ովսացի Սովբաք Ռափայի որդիներէն եղող Սեփիան մեռցուց, ու անոնք նուաճեցան: 5Եւ նորէն Փղշտացւոց հետ պատերազմ եղաւ. ու Յայիրի որդին Ելէանան Գեթացի Գողիաթի եղբայրը Ղէեմին զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր: 6Եւ նորէն Գէթի մէջ պատերազմ եղաւ. ու երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն մատները վեց վեց ըլլալով` քսանըչորս մատ ունէր. անիկա ալ Ռափայի որդիներէն էր: 7Եւ անիկա Իսրայէլը նախատեց. բայց Դաւիթի եղբօրը Սամաայի որդին Յովնաթան զանիկա զարկաւ: 8Ասոնք Գէթի մէջ Ռափայէ ծներ էին, և Դաւիթի ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան: