Առաջին Մնացորդաց գիրք
17
Նաթանին պատգամը Դաւիթին
1Ու երբ Դաւիթ իր տանը մէջ բնակեցաւ, Դաւիթ Նաթան մարգարէին ըսաւ, Ահա ես եղևնափայտէ շինուած տան մէջ կը բնակիմ, բայց Տէրոջը ուխտին տապանակը վրանի տակ է: 2Եւ Նաթան Դաւիթի ըսաւ, Բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է: 3Ու նոյն գիշերը Աստուծոյ խօսքը Նաթանի եղաւ` ըսելով, 4Գնա իմ ծառայիս Դաւիթի ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իմ բնակելու տունս դուն պիտի չշինես. 5Քանզի Իսրայէլը Եգիպտոսէ հանած օրէս մինչև այսօր տան մէջ չբնակեցայ, հապա վրանէ վրան ու խորանէ խորան պտըտեցայ: 6Բոլոր Իսրայէլի հետ որչափ տեղ որ պտըտեցայ, միթէ բան մը խօսեցա՞յ Իսրայէլի դատաւորներէն մէկուն հետ` որոնց իմ ժողովուրդս հովուելու հրաման տուեր էի, ու ըսի՞ թէ ինչո՞ւ համար ինծի եղևնափայտէ տուն մը չշինեցիք: 7Եւ հիմա իմ ծառայիս Դաւիթի այսպէս ըսես. Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ես քեզ փարախէն, ոչխարներուն ետևէն, առի, որպէս զի իմ Իսրայէլ ժողովուրդիս առաջնորդ ըլլաս. 8Եւ ուր որ կ’երթայիր` քեզի հետ էի, և քու առջևէդ բոլոր թշնամիներդ կոտրեցի. ու քու անունդ երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս ըրի: 9Եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ալ տեղ մը պիտի որոշեմ, ու զանիկա պիտի տնկեմ. ու իր տեղը պիտի բնակի, ալ պիտի չշարժի. և անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս մէյմըն ալ պիտի չնեղեն զանիկա: 10Ինչպէս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դատաւորներ դրած օրէս ի վեր եղաւ. ու քու ամէն թշնամիներդ պիտի նուաճեմ. ու քեզի կ’իմացնեմ որ Տէրը քեզի տուն պիտի շինէ: 11Ու երբ քու օրերդ լեցուին և քու հայրերուդ խառնուիս, քեզմէ ետքը քու սերունդդ, քու որդիներէդ մէկը, պիտի բարձրացնեմ, ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ: 12Անիկա ինծի տուն պիտի շինէ. ու անոր աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ. 13Ես անոր հայր պիտի ըլլամ, ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ. ու իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս քեզմէ առաջ եղողէն վերցուցի: 14Եւ զանիկա յաւիտեան իմ տանս մէջ ու իմ թագաւորութեանս մէջ պիտի հաստատեմ, ու անոր աթոռը յաւի-տեան հաստատ պիտի ըլլայ: 15Եւ Նաթան այս բոլոր խօսքերը ու այս բոլոր տեսիլքը մի ըստ միոջէ Դաւիթի զրուցեց:
Դաւիթին շնորհակալութեան աղօթքը
16Եւ Դաւիթ թագաւորը գնաց` Տէրոջը առջև նստաւ, ու ըսաւ, Ով Տէր Աստուած, ես ո՞վ եմ, ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչև հոս բերիր: 17Սակայն ասիկա քու աչքերուդ պզտիկ երևցաւ, ով Աստուած, ու քու ծառայիդ տանը վրայով հեռաւոր ժամանակի համար խօսեցար, ու ինծի, ով Տէր Աստուած, բարձր աստիճանի մարդու պէս նայեցար: 18Եւ քու ծառայիդ փառքին համար Դաւիթ` ալ աւելի ի՞նչ խօսի. դուն քու ծառադ կը ճանչնաս: 19Ով Տէր, քու ծառայիդ սիրոյն համար` ու քու սրտիդ ուզածին պէս այս բոլոր մեծ բաները ըրիր, որպէս զի այս բոլոր մեծ բաները գիտցնես: 20Ով Տէր, քեզի պէս ուրիշ մէկը չկայ, ու քեզմէ զատ Աստուած չկայ` մեր ականջներովը բոլոր լսածներնուս համեմատ: 21Եւ երկրի վրայ ո՞ր ազգը քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս է, որու համար նոյն ինքն Աստուած եկաւ զանիկա փրկելու, իրեն ժողովուրդ ընելու. որ Եգիպտոսէ ազատած ժողովուրդիդ առջևէն ազգեր վռնտելով` քեզի մեծ ու երևելի անուն ստացար: 22Եւ քու ժողովուրդդ Իսրայէլը յաւիտեան քեզի ժողովուրդ ըրիր, ու դուն, ով Տէր, անոնց Աստուած եղար: 23Եւ հիմա, ով Տէր, քու ծառայիդ ու անոր տանը համար ըսած խօսքդ թող յաւիտեան հաստատուի, ու ըսածիդ պէս ըրէ. 24Թող հաստատուի, ու քու անունդ յաւիտեան մեծ ճանչցուի, ու ըսեն թէ Զօրութեանց Տէրը Իսրայէլի Աստուածն է, Աստուած Իսրայէլի. ու քու ծառայիդ Դաւիթի տունը քու առջևդ հաստատ մնայ: 25Քանզի դուն, ով Աստուած իմ, քու ծառայիդ յայտնեցիր, որ անոր տուն պիտի շինես. անոր համար քու ծառադ իր սրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ քու առջևդ այս աղօթքը ընելու: 26Եւ հիմա, ով Տէր, այն Աստուածը դուն ես, ու քու ծառայիդ այս աղէկութիւնը խոստացար: 27Եւ հիմա կամք ըրէ* քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. քանզի դուն օրհնեցիր, ով Տէր, ու յաւիտեան օրհնեալ է: