Առաջին Մնացորդաց գիրք

16

1Եւ Աստուծոյ տապանակը տարին, ու զանիկա այն վրանին մէջ դրին, զոր անոր համար կանգներ էր. և Աստուծոյ առջև ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցին: 2Եւ Դաւիթ երբ ողջակէզները ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, Տէրոջը անունով ժողովուրդը օրհնեց: 3Ու իսրայէլի բոլոր մարդոց` այր մարդէն մինչև մարդ` ամէն մէկուն մէկ նկանակ , կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաշխեց: 4Եւ Տէրոջը տապանակին առջև Ղեւտացիներէն պաշտօնեաներ դրաւ` Իսրայէլի Տէր Աստուածը յիշելու, օրհնելու ու փառաւորելու համար. 5Գլխաւորը Ասափ էր, ու անոր երկրորդը Զաքարիա, նաև Յէիէլ, Սեմիրամովթ, Յեքիէլ, Մատաթիա, Եղիաբ, Բանեա, Աբդեդօմ ու Յէիէլ տաւիղներու ու քնարներու նուագարաններ կը զարնէին. բայց Ասափ ծնծղաներ կը զարնէր: 6Եւ Բանեա ու Յազիէլ քահանաները Աստուծոյ ուխտի տապանակին առջև միշտ փողեր կը հնչեցնէին: 7Եւ այն նոյն օրը Դաւիթ առաջին անգամ այս յէտագայ սաղմոսը տուաւ Ասափի ու անոր եղբայրներուն ձեռքը, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն տան:

Փառաբանութեան երգ մը

8Գոհացէք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէք: 9Երգեցէք անոր, սաղմոս ըսէք անոր, Պատմեցէք անոր բոլոր հրաշքները: 10Անոր սուրբ անունովը պարծենցէք: Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ: 11Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէք, Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէք: 12Յիշեցէք անոր ըրած հրաշքները, Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները. 13Ով անոր ծառային Իսրայէլի սերունդը, Ով Յակոբի որդիները, անոր ընտրեալները. 14Եհովա ինք է մեր Աստուածը, Անոր դատաստաները բոլոր երկրի մէջ են: 15Անոր ուխտը յաւիտեան յիշեցէք, Անոր պատուիրած խօսքը մինչև հազար ազգ. 16Այն ուխտը զոր Աբրահամի հետ ըրաւ, Ու իր երդումը զոր Իսահակի ըրաւ. 17Յակոբի ալ հաստատեց զանիկա` օրէնք մը ըլլալու, Ու Իսրայէլի` իբրև յաւիտենական ուխտ մը, 18Ըսելով, Քեզի պիտի տամ Քանանու երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը. 19Երբ դուք սակաւաթիւ էիք, Եւ քիչուոր ու պանդուխտ` անոր մէջ, 20Եւ անոնք մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին, Ու մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի. 21Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ որ զանոնք նեղէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար, 22Ըսելով, Իմ օծեալներուս մի դպչիք, Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի ընէք: 23Երգեցէք Տէրոջը, ով բոլոր , Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէք: 24Անոր փառքը ազգերու մէջ պատմեցէք, Ու անոր հրաշքները` ամէն ժողովուրդներու մէջ. 25Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի, Անիկա ամէն աստուածներուն վրայ ահաւոր է: 26Վասն զի ազգերուն ամէն աստուածները կուռքեր են, Բայց Եհովա երկինքը ստեղծեց: 27 ու վայելչութիւն կայ անոր առջև, Զօրութիւն և ուրախութիւն` անոր բնակութեանը մէջ. 28Տէրոջը տուէք, ով ժողովրդոց տոհմերը, Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն: 29Տէրոջը տուէք իր անուանը փառքը. Ընծայ առէք ու անոր առջև եկէք. Սուրբ հանդէսով Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէք: 30Ով բոլոր երկիր, անոր երեսէն վախցէք. Աշխարհս ալ պիտի հաստատուի Ու պիտի չսասանի: 31Երկինք թող ուրախանայ, ու երկիր ցնծայ, Եւ ազգերուն մէջ ըսեն թէ Տէրը կը թագաւորէ: 32Ծովը իր լիութեամբ թող գոռայ, Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թող ուրախանան: 33Այն ատեն անտառին ծառերը Տէրոջը առջև ցնծան, Քանզի երկրին ընելու կու գայ: 34Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է: 35Նաև ըսէք, Ով մեր փրկութեան Աստուածը, մեզ փրկէ, Ու մեզ ժողվէ և մեզ ազգերէն ազատէ, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք, Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք: 36Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, Յաւիտեանս յաւիտենից: Ու բոլոր ժողովուրդը Ամէն ըսելով` Տէրը օրհնեցին:

Պաշտամունք Երուսաղէմի և Գաբաւոնի մէջ

37Եւ հոն Տէրոջը ուխտի տապանակին առջև Ասափը ու անոր եղբայրները թողուց որպէս զի շարունակ ամէն օրուան պաշտօնը կատարեն տապանակին առջև: 38Եւ Աբդեդօմը ու անոր վաթսունըութ եղբայրները և Իդիթունի որդին Աբդեդօմը և Ուսան դռնապաններ դրաւ: 39Եւ Սադովկ քահանան ու անոր քահանայ եղբայրները Գաբաւոնի բարձր տեղին վրայ Տէրոջը խորանին առջև թողուց: 40Որպէս զի միշտ առտու ու իրիկուն ողջակէզի սեղանին վրայ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն, ու Տէրոջը Իսրայէլի պատուիրած օրէնքին մէջի ամէն գրուածը ի գործ դնեն: 41Եւ անոնց հետ դրաւ Եմանը ու Իդիթունը և ուրիշ ընտրուածները` որոնք անունով յիշուեցան, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեն, քանզի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է. 42Եւ անոնց, այսինքն Եմանի ու Իդիթունի, հետ եղող նուագածուներուն փողեր ու ծնծղաներ տուաւ, նաև Աստուծոյ երգերուն նուագարանները. ու Իդիթունի որդիները դրանը պահպանութիւն կ’ընէին: 43Եւ բոլոր ժողովուրդը գնաց` ամէն մէկը իր տունը. Դաւիթ ալ իր տունը օրհնելու դարձաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)