Առաջին Մնացորդաց գիրք
14
Դաւիթին գործունէութիւնը Երուսաղէմի մէջ
1Եւ Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Դաւիթի դեսպաններ ղրկեց, ու եղևնափայտեր, որմնադիրներ ու հիւսեր, որպէս զի անոր տունը շինեն: 2Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց, վասն զի իր ժողովուրդին Իսրայէլի համար անոր թագաւորութիւնը բարձրացաւ: 3Եւ Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ ուրիշ կիներ ալ առաւ, ու Դաւիթ ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ծնաւ: 4Ու Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են. Սամաա, Սովբաբ, Նաթան, 5Սողոմոն, Յեբաար, Եղիսուա, 6Եղիփաղէտ, Նոքա, Նափեկ, 7Յափիէ, Եղիսամա, Բաղիադա ու Եղիփաղէտ: 8Եւ Փղշտացիք երբ լսեցին Դաւիթի բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը, բոլոր Փղշտացիք ոտք ելան որպէս զի Դաւիթը փնտռեն. երբ Դաւիթ այս բանը լսեց` անոնց դիմաց ելաւ: 9Ու Փղշտացիք եկան և Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան: 10Ու Դաւիթ Աստուծոյ հարցուց ու ըսաւ, Փղշտացւոց դէմ ելլե՞մ, ու զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս: Եւ Տէրը անոր ըսաւ, Ելիր, ու զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնեմ: 11Եւ անոնք Բաաղփարասին ելան, ու Դաւիթ զանոնք հոն զարկաւ. ու Դաւիթ ըսաւ, Աստուած իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատառեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատառեն. անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին կոչեցին: 12Եւ Փղշտացիք հոն թողուցին իրենց աստուածները. ու Դաւիթ հրամայեց, ու զանոնք կրակով այրեցին: 13Եւ Փղշտացիք նորէն մէյմըն ալ հովիտին մէջ տարածուեցան: 14Ու Դաւիթ նորէն Աստուծոյ հարցուց. և Աստուած անոր ըսաւ, Անոնց ետևէն չելլես, հապա անոնց բոլորտիքը պտըտելով` թթենիներուն կողմէն անոնց վրայ երթաս. 15Ու երբ թթենիներուն գլուխը քալուածքի մը ձայն լսես, այն ատեն պատերազմելու ելլես, քանզի Աստուած քու առջեւդ պիտի ելլէ Փղշտացւոց բանակը զարնելու համար: 16Եւ Դաւիթ այնպէս ըրաւ` ինչպէս Աստուած իրեն հրամայեց, ու Գաբաւոնէ մինչև Գազեր Փղշտացւոց բանակը զարկին: 17Եւ Դաւիթի անունը ամէն երկիրներու մէջ տարածուեցաւ, և Տէրը ամէն ազգերուն վրայ անոր վախը ձգեց: